Յօդուածներ

Կարօ Քեպապճեանի Եւ Անոր Մեծ Վաստակին Մասին Ցաւակիցներու Վկայութիւններ  «Ան Մեծ Հայ Էր, Հայրենիքի Նուիրեալը»

Կարօ Քեպապճեանի Եւ Անոր Մեծ Վաստակին Մասին Ցաւակիցներու Վկայութիւններ «Ան Մեծ Հայ Էր, Հայրենիքի Նուիրեալը»

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մասթըր Կարօ Քեպապճեանի մահուան առիթով տարբեր անձնաւորութիւններու յղած ցաւակցագիրներէն եւ անոր մասին վկայութիւններէն ու արտասանուած դամբանականներէն: Ան եղաւ անձնաւորութիւն մը, որ անմնացորդ նուիրուածութեամբ, անսպառ եռանդով ու անսահման լաւատեսութեամբ համակուած ծառայում էր հայրենիքի զարգացման ու զօրացման, աշխարհասփիւռ հայութեան բոլոր հատուածներու միաւորման ու միասնականութեան ամրապնդման, երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութեան եւ հայրենադարձութեան վեհ գործին: Մեծ ճանաչում ունենալով հայրենիքում եւ սփիւռքում` նա...

Եռամիասնութեանց Ուղեւորը

Եռամիասնութեանց Ուղեւորը

ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ Թափառական իր ուղեւորութեան արգասիք` եղաւ «Հայ սեւ գօտիներու միջազգային ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ, մեծ վարպետ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մշտական ներկայացուցիչ»: Այդ հանգամանքները երբեք չեղան պատուանդաններ Կարոյին` «Մասթըր»-ին համար: Տքնաջան աշխատանքի, հաւատքի ու հաւատարմութեան ձեռքբերումներն էին անոնք` նոր յանձնառութիւններու աւելի ընդարձակ ծիրերով: Հաւատարմութիւն` վստահութիւն ներշնչող: Ան հաւատարիմ մնաց եօթնամեայ մանուկի իր առաջին հրայրքին ու քալեց հօր ոտնահետքերով եւ...

Կարոն Գնաց, Խօսք Չմնաց

Կարոն Գնաց, Խօսք Չմնաց

ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ Կարոյին մասին դժուար թէ կարելին ըլլայ խօսիլ անցեալով, որովհետեւ Կարոն շատ մարդոց ներկային մէջ ներկայ էր: Ներկայ էր իբրեւ «Մասթըր»: Ներկայ էր իբրեւ օրին գործօն դաշնակցական: Ներկայ էր իբրեւ դաստիարակ ուսուցիչ: Ներկայ էր իբրեւ արցախեան յաղթանակի մասնակից: Ներկայ էր իբրեւ արցախեան պետականութեան ներկայացուցիչ : Իսկ վերջերս շատերու համար ներկայ էր իբրեւ հայրենադարձութեան խթան ու ուժ ոգեշնչող: Կարոն կտոր...

Բարեսիրտ Միութենական Եւ Հայրենասէր Մարդ` Դրօ Մանտալեան

Բարեսիրտ Միութենական Եւ Հայրենասէր Մարդ` Դրօ Մանտալեան

ԿԱՐՕ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի ատենապետ Շատ դժուար պարտականութիւն է վերջին հրաժեշտի եւ յարգանքի խօսք արտասանել ՀՄԸՄ-ական եղբայր, անգին ընկեր եւ մտերիմ հարազատ Դրօ Մանտալեանին: Բառերով կարելի չէ արտայայտել մեր խոր ցաւը: Կորուստ է բոլորին. նախ` իր հարազատ ընտանիքի անդամներուն, որոնց կը սիրէր ամէն բանէ աւելի, ապա ՀՄԸՄ-ին եւ մասնաւորաբար Անթիլիասի մասնաճիւղին, որուն ծառայելով բեռնաւորուած էր վերջին քանի մը տարիներուն...

Հուրիկ Թուխանեանի Յիշատակին

Բոլորին Հարազատը Դրօ Մանտալեան

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Համեստ ընտանիքի մէջ ծնած եւ ընտանեկան մաքուր ոգիով դաստիարակուած Դրոն իր կեանքի բոլոր փուլերուն չմոռցաւ իր համեստութիւնը, նոյնիսկ երբ իր գերմարդկային աշխատասիրութեամբ կարողացաւ կեանքի բարձրագոյն դիրքերուն տիրանալ: Կեանքով լեցուն եղբայրս կեանք տուաւ իր շրջապատին` առանց նախապայմանի եւ մնայուն զոհողութեամբ: Ո՞վ չի ճանչնար Դրոն, եզակի երեւոյթ մը` լիբանանահայութեան ներկայ պատմութեան մէջ: Օգնութիւն ուզողին առանց տատամսելու կարելին կու տար, ...

Կրեկուար Գէորգեանի Յիշատակին

Կրեկուար Գէորգեանի Յիշատակին

Դաժան մահը անգամ մը եւս իր ամէնէն քստմնելի պատկերով ներկայացաւ եւ սգակիր դարձուց մեզ: Սիրելի ընկերոջ մը անակնկալ մահը  խոր վիշտ պատճառեց մեզի: Որքան դժուար է հրաժեշտ տալ  ազնիւ ու համեստ, պարկեշտ ու բարեսիրտ, կենսուրախ ժպիտով, կեանքով լեցուն, աշխուժ եւ պարտաճանաչ ընկերոջ` Կրեկուար Գէորգեանին, որ տակաւին քանի մը օր առաջ ներկայ էր խումբերու մեր ընդհանուր ժողովին` կարծես իր վերջին պարտաւորութիւնը...

Արմէնին Յիշատակին

Արմէնին Յիշատակին

Յ. Լ. Անցնող ամիսներուն երիտասարդ կորուստներու շարք մը ունեցանք: Բոլորն ալ իրենց շրջապատին մէջ սիրելի եւ յարգելի տղաք էին: Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, «Քորոնա» ժահրին եւ առհասարակ բարդ հիւանդութիւններու պատճառով գաղութին մէջ արձանագրուած մահերուն բօթերը ճնշիչ ազդեցութիւն ձգեցին բոլորիս վրայ: Անձնապէս աւելի քան տասնհինգ տարուան աշխատանքի փորձառութիւն ունիմ Արմէն Թագւորեանին հետ: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, «Վանայ ձայն»-ի, Ազգային Աքսոր...

Նահատակներ Հնձող Լիբանանը`  Առանց Նահատակաց Տօնի

Նահատակներ Հնձող Լիբանանը` Առանց Նահատակաց Տօնի

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ   Նահատակ բառին առաջին անգամ հանդիպած եմ պատանեկութեան տարիներուս, երբ մեր ուսուցչուհին բացատրեց, որ ինչո՛ւ ապրիլ 24-ին դպրոցը փակ պիտի մնար, երբ փորձեց ամէնէն մեղմ բառերով ներկայացնել 1915-ի ահաւոր Ցեղասպանութիւնը, որուն պատճառով մենք ունեցանք մէկուկէս միլիոն նահատակ: Տուն վերադարձիս, մայրս եւս գործածեց նահատակ բառը` յայտնելով, որ մեր գերդաստանին մէջ ալ քիչ չէ նահատակներուն թիւը, իսկ մեծ հայրս` նահատակուելէ հազիւ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Պետութիւնը «Գնաց» Յուշակոթողը «Մնաց» (6 Մայիս)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Լիբանանի հարցը այն է, որ գաճաճներ իշխանութեան հասան եւ մեծ հայրենիքը պզտիկցուցին իրենց նման»: ԻՄԱՄ ՄՈՒՍԱ ՍԱՏՐ Առաջին հերթին յստակացնել է պէտք, որ խօսքը կը վերաբերի մտքի ու հոգիի գաճաճութեան, որով կարելի է քանդել կամ ի չիք դարձնել պետականութիւն մը ամբողջ, երբ նմանօրինակ մարդիկ հասնին իշխանութեան գլուխ եւ փորձ կատարեն ղեկավարելու երկիրը: Այլապէս ալ մտքի գաճաճութիւնը ոչ մէկ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց ՄՍՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ   Սուրիա  Հալէպ * 24 ապրիլին Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին ոգեկոչման կեդրոնական հանդիսութիւնը: Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Սեպուհ Պապիկեան, իսկ հայերէն` Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան: Օրուան բանախօս Զեփիւռ Է. Րէիսեան լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ անցեալէն ցայսօր կատարած բռնարարքները, մեր պայքարի աննահանջ երթը, վերջին...

Ուշագրաւ Շրջադարձ ու Հաւանական Երեք Բեմագրութիւններ

Ուշագրաւ Շրջադարձ ու Հաւանական Երեք Բեմագրութիւններ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը 27 ապրիլին սէուտական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց.«Իրանի հետ լաւ յարաբերութիւններու կը ձգտինք», աւելցնելով, որ «Տարածաշրջանին մէջ մեր գործընկերներուն հետ աշխատանք կը տանինք Իրանի հետ տարակարծութիւնները յաղթահարելու»: Յայտարարութիւնը ուշագրաւ է, որովհետեւ ան չորս տարի առաջ այդ կարելիութիւնը բացառելով` յայտարարած էր.«Ծայրայեղական գաղափարաբանութեան վրայ հիմնուած վարչակարգի մը հետ ի՞նչպէս երկխօսութիւն կը կատարես»: Անոր շրջդարձն ու...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Վերջապէ՛ս, Պայտըն Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը… Ի՞նչ Է Յաջորդ Քայլը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Անցեալ տարի, երբ Պայտըն նախագահութեան թեկնածու էր, խոստացաւ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բայց, որովհետեւ ամերիկահայերը բազաթիւ անգամներ խաբուած են նախորդ նախագահներէն, որոնք չէին յարգած իրենց նախընտրական խոստումները, անոնք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը վերաբերէին Պայտընի յանձնառութեան: Նոյնիսկ եթէ Միացեալ Նահանգները ցարդ քանի մը անգամ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը 1951-էն սկսեալ (Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնական փաստաթուղթ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ  Շարլ Ազնաւուրի Հրապարակին վրայ Բացումը Կատարուեցաւ «Արցախի Կորսուած Կոթողները» Ցուցահանդէսին «Արցախի կորսուած կոթողները» բացօթեայ ցուցահանդէսին` մարդիկ կրնան լուսանկարներու միջոցով ծանօթանալ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած յիսունէ աւելի պատմական մշակութային արժէք ունեցող կոթողներու, որոնք այժմ վտանգուած են: 1 եւ 2 մայիսին Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ կայացաւ ցուցահանդէս, զոր նախաձեռնած էր «Ժողովրդավարական համախմբում» կուսակցութիւնը: Կուսակցութեան...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Մելիք Շահնազարեանները` Գեղարքունիքի Եւ Վարանդայի Տիրակալներ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գեղարքունիքի Մելիք Շահնազարեաններու կեդրոն Մեծ Մասրիկ գիւղը Մասրիկ գետի ափին Մելիք Շահնազարեանները ազնուական մեծ տոհմ են: Շահնազար պարսկերէն կը նշանակէ «թագաւորի հայեացք»: Տոհմական տարեգրութիւններ կ՛ըսեն, որ անոնք Ծարի իշխաններու` Դոփեաններու մէկ ճիւղն են: Մելիք Շահնազարեանները Գեղարքունիքի մէջ իշխանութիւն հաստատած են, իբրեւ կեդրոն ունենալով Սեւանայ լիճէն հարաւ-արեւելք գտնուող Մազրա (Մեծ Մասրիկ) եւ Սոթք...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գործունէութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցն ու «Ե. Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» սրտի ճաշարանը: Շնորհիւ  ծրագիրի մնայուն բարերարներուն եւ նուիրատուներուն` տարիներու ընթացքին խոհանոցի յանձնախումբը երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ պատրաստեց 200 պարագաներու, որոնք «Սրտի ճաշարան»-ին մէջ խմբուեցան եւ միասնաբար ճաշեցին: Այս ծրագիրը ստացաւ այլ բնոյթ, երբ «Քորոնա» ժահրը յայտնաբերուեցաւ եւ տարածուեցաւ երկրիս մէջ: Նկատի առնելով ինքնամեկուսացման եւ նախազգուշական...

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Առցանց Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Առցանց Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին եւ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 24 ապրիլ 2021-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106- ամեակի առցանց ոգեկոչումը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Սարին Քէօֆթէեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադառնալով 106 տարիներ առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան`  ըսաւ. «Եղեռնի սրբադասուած զոհերուն միացած են արցախեան 44 օրուան գոյամարտի...

Հայր Յովսէփը` Աշխատաւորի, Բանուոր Մարդու Իրական Տիպար

Հայր Յովսէփը` Աշխատաւորի, Բանուոր Մարդու Իրական Տիպար

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Երկու տարիէ ի վեր մարդկութիւնը մայիս 1-ի Աշխատաւորներու միջազգային տօնը կը նշէ ոչ բնականոն պայմաններու մէջ: «Քորոնա» ժահրի համավարակը մարդկութեան կենսաձեւը, ապրելու եղանակը փոխած է, նշաններ կան, որ այս ընթացքը պիտի յանգեցնէ նաեւ մտածելակերպերու, արժեհամակարգերու փոփոխութեան: Արդէն նոյնիսկ կ՛երեւին միտումներ աշխատանքային յարաբերութիւններուն եւ արտադրութեան եղանակներու մէջ հաւանական վերափոխումներու` քայլ պահելու համար համավարակին պարտադրած նոր կացութեան հետ: Այս ընդհանուր...

Բանաստեղծին, Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

Երբ Սէրը Կեանքէն Աւելի Մեծ Կ՛ըլլայ

ՎԵՀԱՆՈՒՇ ԹԵՔԵԱՆ Մենք բոլորս հսկումի մէջ ենք Էսօր դուման է մեր լեռների վրայ Այսօր փամփուշտ կայ հայ սիրտերու մէջ, Հին թնդանօթները բացած են իրենց ենթալեզուն: Ինչու ես ստիպուեցա՛յ դիմաւորել Երկրիս անդամահատումը, Ինչո՛ւ ես պիտի դիտէի տարիներով բեմադրուող եղերախաղը, Մոխրակիր դաշտերը եւ աստղերը կարմիր, Գիտակցելով որ ամբողջ աշխարհի մէջ Այսքան կարմիր չեն աստղերը: Եւ հիմա` աղմուկը որ դարանակալ ձայներու Ոստայնին մէջ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Պայտընի Յայտարարութեան Լոյսին Տակ – Բ. – Նուաճումէն Անդին` Տարածքներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Նախորդ սիւնակին մէջ կանգ առինք նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութեան ստեղծած դրական արձագանգին եւ հորիզոններուն վրայ, սակայն նաեւ տեղ մը արձանագրեցինք, որ մեր գոհունակութիւնը անխառն չէ: Բացատրենք քանի մը օրինակով եւ սկսինք նոյնինքն Պայտընի յայտարարութեան մէկ տողէն: Եթէ իր ամբողջութեանը մէջ յայտարարութիւնը դրական նկատենք, չենք կրնար անտեսել այն քանի մը բառերը, ուր նախագահը կ՛ըսէ, թէ այս բոլորը «մեղադրանք նետելու...

Ճանաչո՞ւմ, Թէ՞ Կանխարգիլում

Ճանաչո՞ւմ, Թէ՞ Կանխարգիլում

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Յատկապէս 2020-ի արցախեան պատերազմէն ետք որոշ անհատներ ու շրջանակներ սկսած են բարձրաձայն կոչեր ընել ու խորհուրդներ տալ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հետեւանքներու վերացման գործընթացին վերաբերեալ: Ըստ անոնց, պէտք է ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն փոխել, մինչ օրս տրամադրուած սահմանափակ մարդուժն ու միջոցները առաջնայնօրէն նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար օգտագործել (յատկապէս` արցախեան hիմնախնդրի համար) եւ ոչ անպայման` արդէն իսկ106 տարուան վաղեմութիւն...

Page 429 of 1112 1 … 428 429 430 … 1,112

Արխիւներ