Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրեկուար Գէորգեանի Յիշատակին

May 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դաժան մահը անգամ մը եւս իր ամէնէն քստմնելի պատկերով ներկայացաւ եւ սգակիր դարձուց մեզ:

Սիրելի ընկերոջ մը անակնկալ մահը  խոր վիշտ պատճառեց մեզի:

Որքան դժուար է հրաժեշտ տալ  ազնիւ ու համեստ, պարկեշտ ու բարեսիրտ, կենսուրախ ժպիտով, կեանքով լեցուն, աշխուժ եւ պարտաճանաչ ընկերոջ` Կրեկուար Գէորգեանին, որ տակաւին քանի մը օր առաջ ներկայ էր խումբերու մեր ընդհանուր ժողովին` կարծես իր վերջին պարտաւորութիւնը կատարելու համար:

Ընկերոջ մը, որ միշտ պատրաստ էր աշխատանքի` իր սիրելի շրջանը բարելաւելու համար: Ընկերոջ մը, որ դաշնակցականի օրինակելի վարքով, բծախնդիր էր իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւններուն մէջ եւ միշտ պատրաստ` բոլորին օգնութեան հասնելու: Անուրանալի էր իր ներդրումը վերջին երկու տարուան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի մէջ, ուր ան, ստանձնելով վարչութեան ատենապետութիւնը, ոչ մէկ ճիգ խնայեց միութիւնը զարգացնելու իմաստով:

Կրեկուար Գէորգեան  դաստիարակուած էր ազգաշունչ դաշնակցական ընտանիքի մէջ, 2017 թուականին մուտք գործեց ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը եւ մինչեւ վերջին շունչը գործեց որպէս օրինակելի, համեստ, նուիրեալ եւ հաւատարիմ դաշնակցական:

Շատ կանուխ հեռացար մեզմէ, ընկե՛ր Կրեկուար, բայց  յիշատակդ պիտի մնայ վառ` բոլոր քեզ ճանչցողներուն հոգիներուն մէջ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր Կրեկուար:

ՀՅԴ «ՇՈՒՇԻ» ԿՈՄԻՏԷ

Նախորդը

Արմէնին Յիշատակին

Յաջորդը

Բոլորին Հարազատը Դրօ Մանտալեան

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.