Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէնին Յիշատակին

May 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. Լ.

Անցնող ամիսներուն երիտասարդ կորուստներու շարք մը ունեցանք: Բոլորն ալ իրենց շրջապատին մէջ սիրելի եւ յարգելի տղաք էին:

Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, «Քորոնա» ժահրին եւ առհասարակ բարդ հիւանդութիւններու պատճառով գաղութին մէջ արձանագրուած մահերուն բօթերը ճնշիչ ազդեցութիւն ձգեցին բոլորիս վրայ:

Անձնապէս աւելի քան տասնհինգ տարուան աշխատանքի փորձառութիւն ունիմ Արմէն Թագւորեանին հետ:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, «Վանայ ձայն»-ի, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի, «Հորիզոն» թմրամոլութեան դէմ կեդրոնի եւ ԱՖՀԻԼ-ի աշխատանքներուն, ձեռնարկներուն, բացման եւ այլ հանդիսութիւններու ընթացքին Արմէնին վստահելով` ամբողջական եւ կատարեալ սպասարկութիւն ապահոված կ՛ըլլայի:

Այս փաստը առանձինս չեմ վկայեր, անոր հետ բոլոր գործակիցները նոյն բանը կը վկայեն:

Ճշդապահ, խստապահանջ, ազնիւ, ընկերային, համակերպող, բարեխիղճ, ամօթխած եւ միշտ աւելին տալու պատրաստ Արմէնը իր շուրջ ստեղծած էր նոյնատեսակ տղոց խումբ մը:

Կեանքի բոլոր փուլերուն ալ Արմէն նոյն մօտեցումով եւ նոյն սկզբունքով գործած է: Միութենական էր եւ իր անձնական գործն ալ նոյն ոգիով եւ շունչով կը կատարէր:

Անողոք հիւանդութեան պատճառով Արմէն բարդութիւններ ունեցաւ եւ աւելի քան ամիս մը չարչարուելէ ետք իր հոգին աւանդեց: Դժուար էր հաշտուիլ Արմէնին այս դառն ճակատագիրին հետ, դժուար էր հասկնալ եւ ըմբռնել, որ այսքան արագ եւ այսքան վատ աւարտ պիտի ունենար անոր երիտասարդ կեանքը: Նոյնիսկ իր կեանքին վերջին օրերուն չէր ընդվզեր, ընդհակառակն, ինքը իր շուրջինները հանդարտ պահելու փորձ կ՛ընէր:

Արմէնին համար Կալին իր թագուհին էր, Հուրին ալ` ընտանիքին սիւնը:

Տնտեսական եւ «Քորոնա» ժահրի այս ճգնաժամային օրերուն վաղաժամ այս կորուստին համար շատ դժուար պիտի ըլլայ մխիթարական խօսքեր ուղղել Արմէն Թագւորեանին մօրը, կնոջ եւ դստեր: Սակայն վստահ եղէք, որ Արմէնին յիշատակը անթարամ պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ: Անոր մեղմ ժպիտը միշտ ալ մեզի յոյս եւ լոյս պիտի ներշնչէ:

 

 

Նախորդը

Երկրագունդի Միջազգային Օր. Վեց Թիւեր` Մեր Մոլորակին Մասին

Յաջորդը

Կրեկուար Գէորգեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.