Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Առցանց Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Մայիս 4, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին եւ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 24 ապրիլ 2021-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106- ամեակի առցանց ոգեկոչումը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Սարին Քէօֆթէեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադառնալով 106 տարիներ առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան`  ըսաւ. «Եղեռնի սրբադասուած զոհերուն միացած են արցախեան 44 օրուան գոյամարտի հազարաւոր նահատակները, որոնց արեան կանչն ու լուսաշող յիշատակը պիտի շարունակեն աղաղակել ու յաւերժօրէն ղօղանջել, որպէսզի օր մը դարձեալ նոր ու վերանորոգուած ուխտով ճամբայ ելլեն նոր հերոսներ եւ իրենց մարտիրոսութեամբ ազատագրեն Արցախի գրաւուած տարածքները»: Ան շեշտեց նաեւ. «Այսօր մենք այս բեմէն կու գանք վերանորոգելու մեր ուխտը` շարունակելու մեզի կտակուած պայքարը, մինչեւ Հայ դատի պահանջներու եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրականացումը»:

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:

Դոկտ. Տէր Ղուկասեան խօսեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն մասին ու ըսաւ. «Այս ծանր պարտութեան, որուն գլխաւոր պատասխանատուն եւ մեղաւորը այսօրուան իշխանութիւններ են, որոնք Հայաստանը վերածած են շատ  խոցելի երկրի մը եւ հարցականի տակ դրած  են ամբողջ հայութեան լինելութիւնը: Այսօր թուրք ցեղասպան պետութիւնն ու Ազրպէյճանը իրենց պատերազմին յաղթանակով հպարտացած` ոչ միայն ամէն օր ծաղրանքի կ՛ենթարկեն հայութիւնը, ոչ միայն կը պարտադրեն փանթրքութեան ծրագրի իրականացումը, այլ նաեւ նոր թափ տուած են Ցեղասպանութեան ուրացման, ուր այսօր Ցեղասպանութեան ուրացումը նոր փուլ թեւակոխած է, ոչ միայն որովհետեւ հայապատկան հողերը կը թրքացուին, կը բնաջնջուի դարաւոր հազարամեայ մեր քաղաքակրթութիւնը, կը քանդուին եկեղեցիները եւ, աւելի՛ն, թուրք դահիճը այսօր հայութենէն կը պահանջէ հատուցել իր վնասները»: Պատգամաբերը դիտել տուաւ. «Այսօր որպէս սփիւռք` մենք դէմ յանդիման կը գտնուինք Հայ դատի պահանջատիրութիւնը նոր ձեւով վերակենդանացնելու եւ առաջ տանելու հրամայականին: Հայ դատն ու պահանջատիրութիւնը ծնունդ առին սփիւռքի մէջ, առանց պետական հովանաւորութեան, որովհետեւ մենք հաւատացած ենք  արդարութեան 1965-էն սկսեալ»:

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը իրողութիւն է այսօր, բայց մենք պիտի շարունակենք ճանաչումը պահանջել բոլոր այն երկիրներէն, որոնք այդ քայլին տակաւին չեն դիմած: Արդարահատոյցն է մեր հիմնական նպատակը»:

Աւարտին ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Նարէ Փիլաւճեան ասմունքեց Պետիկ Հերկելեանի «Կեաւուրի լակոտ» բանաստեղծութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Հայր Յովսէփը` Աշխատաւորի, Բանուոր Մարդու Իրական Տիպար

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In