Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բոլորին Հարազատը Դրօ Մանտալեան

May 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Համեստ ընտանիքի մէջ ծնած եւ ընտանեկան մաքուր ոգիով դաստիարակուած Դրոն իր կեանքի բոլոր փուլերուն չմոռցաւ իր համեստութիւնը, նոյնիսկ երբ իր գերմարդկային աշխատասիրութեամբ կարողացաւ կեանքի բարձրագոյն դիրքերուն տիրանալ:

Կեանքով լեցուն եղբայրս կեանք տուաւ իր շրջապատին` առանց նախապայմանի եւ մնայուն զոհողութեամբ: Ո՞վ չի ճանչնար Դրոն, եզակի երեւոյթ մը` լիբանանահայութեան ներկայ պատմութեան մէջ: Օգնութիւն ուզողին առանց տատամսելու կարելին կու տար,  առանց խտրութեան, մանաւանդ երբ խնդրողը  մեր ազգային կառոյցներէն մին ըլլար:

Կրցաւ բոլոր մակարդակի պատասխանատուներուն վստահութիւնը շահիլ եւ այդ ճամբով կը փորձէր շրջապատին ու ազգին օգտակար դառնալ` մոռնալով իր անձնական շահերը եւ միշտ ալ` առանց որեւէ ակնկալութեան:

Իմ կեանքիս բոլոր փուլերուն ընկերակցած եւ մնայուն ու սիրելի ներկայութիւն եղած Դրոն այսօր ոչ եւս է:  Դժուար է ընդունիլ իր կորուստը, որ կեանքիս երկրորդ մեծագոյն կորուստը եղաւ տարիներ առաջ քրոջս կորուստէն ետք:

Ո՛ւր գացիր, Դրօ՛, իմ անգի՛ն եղբայրս, դեռ շատ ընելիք ունէիր… Ընտանիքդ եւ ազգդ քեզի շատ պէտք ունին այսօր, մանաւանդ` այս դժուար օրերուն: Բացակայութիւնդ շատ մեծ դատարկութիւն եւ խոր ցաւ ստեղծեց քու ընտանիքիդ մէջ եւ շրջապատէդ ներս:

Մէկ բան կը մխիթարէ մեզ,  բարի ժպիտով եւ մաքուր հոգիով հրեշտակ մը ունեցանք Աստուծոյ դրախտին մէջ, որ նոյնպէս իր կարելին պիտի ընէ, որպէսզի մեզի օգնէ իր աղօթքներով:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, աներձա՛գս,  ՀՄԸՄ-ական եղբայրս, դաշնակցական ընկերս եւ բոլորին հարազատը` Դրօ Մանտալեան:

 

 

Նախորդը

Կրեկուար Գէորգեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Բարեսիրտ Միութենական Եւ Հայրենասէր Մարդ` Դրօ Մանտալեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.