Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարեսիրտ Միութենական Եւ Հայրենասէր Մարդ` Դրօ Մանտալեան

Մայիս 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի ատենապետ

Շատ դժուար պարտականութիւն է վերջին հրաժեշտի եւ յարգանքի խօսք արտասանել ՀՄԸՄ-ական եղբայր, անգին ընկեր եւ մտերիմ հարազատ Դրօ Մանտալեանին: Բառերով կարելի չէ արտայայտել մեր խոր ցաւը: Կորուստ է բոլորին. նախ` իր հարազատ ընտանիքի անդամներուն, որոնց կը սիրէր ամէն բանէ աւելի, ապա ՀՄԸՄ-ին եւ մասնաւորաբար Անթիլիասի մասնաճիւղին, որուն ծառայելով բեռնաւորուած էր վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին:

Ո՛վ չի ճանչնար եղբ. Դրոն` ընտանիքի հաւատարիմ հայր, ՀՄԸՄ-ական, անշահախնդիր ու անկեղծ անձնաւորութիւն: Իր որոշումներուն պատասխանատու անձ մը, որ ճիգ չէր խնայեր բոլորին հարցերով զբաղելու եւ օգտակար դառնալով բոլորին` իր օգտաշատ ցուցմունքներով: Բոլորը կը սիրէին ու կը յարգէին զինք: Մեծ էր իր սրտով, հոգիով եւ բոլորը ընդունելու իր լայնամտութեամբ: Հարցերը լուծելու յատուկ ձեւ մը ունէր: Կը հաւատար, որ ճաշասեղանին շուրջ ամէն հարց կ՛ունենայ համապատասխան լուծումը: Նկարագիրով հաւատարիմ, ընկերային եւ կատակասէր եղբ. Դրոն եղած է ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ. տարիներ շարունակ գործած է մասնաճիւղին մէջ իբրեւ վարչական անդամ` տարբեր յանձնախումբերու անդամ` իր կարելին ընելով Անթիլիաս շրջանի լայնածաւալ գործունէութիւնը իրականացնելու լաւագոյն կերպարով: Բազմավաստակ գործունէութիւնը շարունակելով, ան գործով, հետեւողական աշխատանքով եւ հետաքրքրութեամբ նուիրուած էր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Անթիլիասի մասնաճիւղի աղջկանց Ա. դասակարգի ներկայացուցչական խումբին: Մինչեւ կեանքին վերջին օրերը ան կարելին կ՛ընէր այս խումբի գոյատեւման ի խնդիր, հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն: Միշտ անոր մտքին ու սրտին մէջ էր ՀՄԸՄ-ը, եւ մնաց հաւատարիմ անոր նպատակին եւ սկզբունքներուն մինչեւ վերջին շունչը: Միութենական կեանքի մարդ էր եղբայրը: Այս պատճառով արժանաբար մաս կազմած էր նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Մասնակցած է նաեւ բազմաթիւ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովներու` լաւագոյն պատկերով ներկայացնելով ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղը:

Տարբեր էին վարչական ժողովները եղբ. Դրոյին ներկայութեան: Թեթեւ հոգին եւ ազնուութիւնը դրոշմ մը ձգած էին մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ: Կը յիշեմ, երբ գործի ծանր օրերուն իսկ առիթ կը ստեղծէինք քանի մը ժամուան դադար առնելու եւ զրուցելու ՀՄԸՄ-ի հետ առնչուած նիւթերու, հարցերու եւ այլնի մասին:

Կ՛ըսեն` անփոխարինելի մարդ չկայ: Իսկ ո՛վ պիտի փոխարինէ սրտակից մեր եղբայրը, որ այսօր հրաժեշտ կու տայ մեզի` իրեն պէս հաւատարիմ ընկերոջ եւ ՀՄԸՄ-ականի տագնապ ստեղծելով մեր շուրջ, մեր մէջ: Բարեսիրտ, միութենական եւ հայրենասէր մարդու տագնապ:

Պետրոս Դուրեան ըսած է. «Եթէ հնչէ տխուր կոչնակ, դագաղս առնէ իր յամր քայլ, գիտցէք, որ դեռ կենդանի եմ»:

Սիրելի՛ սգակիրներ, այո՛, այսօր ամբողջ գաղութը տխուր է այս աղէտալի լուրով, բայց այս կը նշանակէ, որ Դրոն պիտի մնայ կենդանի, պիտի մնայ յաւերժ անմահ մեր մտքերուն մէջ:

Այսօր ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան առաջարկով եւ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան որոշումով, յետ մահու եղբ. Դրոն կ՛արժանանայ ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան շքանշան»-ի:

Վարձքդ կատար եղբա՛յր, ժպիտդ եւ ազնիւ հոգիդ անթառամ պիտի մնան մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Երթդ բարի՛ դէպի ՀՄԸՄ-ականներու պանթէոն:

Հողը թեթեւ գայ վրադ: Աստուած հոգիդ դրախտային լոյսի մէջ պահէ եւ ծով համբերութիւն ու մխիթարութիւն պարգեւէ ընտանիքիդ, հարազատներուդ եւ բարեկամներուդ:

Վստա՛հ, ՀՄԸՄ-ի եւ մասնաւորաբար ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ընտանիքը միշտ պիտի յիշեն քեզի:

 

Նախորդը

Բոլորին Հարազատը Դրօ Մանտալեան

Յաջորդը

Կարոն Գնաց, Խօսք Չմնաց

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?