Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գործունէութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցն ու «Ե. Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» սրտի ճաշարանը: Շնորհիւ  ծրագիրի մնայուն բարերարներուն եւ նուիրատուներուն` տարիներու ընթացքին խոհանոցի յանձնախումբը երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ պատրաստեց 200 պարագաներու, որոնք «Սրտի ճաշարան»-ին մէջ խմբուեցան եւ միասնաբար ճաշեցին: Այս ծրագիրը ստացաւ այլ բնոյթ, երբ «Քորոնա» ժահրը յայտնաբերուեցաւ եւ տարածուեցաւ երկրիս մէջ: Նկատի առնելով ինքնամեկուսացման եւ նախազգուշական միջոցներու անհրաժեշտութիւնը, տաք ճաշը նոյն ձեւով պատրաստուեցաւ, բայց ուղարկուեցաւ պարագաներուն բնակարանները: Երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական տագնապը, այս պարագային, իր ազդեցութիւնը ունեցաւ կատարուած աշխատանքին վրայ, որուն պատճառով պարագաներու թիւը բարձրացաւ` հասնելով մինչեւ 1600-ի: Յանձնախումբը,  200 բաժինի փոխարէն, շաբաթական պատրաստեց 1600 բաժիններ, որոնք ե՛ւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, ե՛ւ շրջաններու ՀՅԴ մարմիններու ընկերներուն գործակցութեամբ բաշխուեցան խոհանոցի պարագաներուն: Տեղին է նշել, որ ծրագիրը նոր եղանակ ստանալէ մինչեւ օրս, իր մնայուն բարերարներուն կողքին, կը վայելէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ամբողջական նեցուկն ու ներդրումը:

Ամբողջ տարի մը շրջանցելէ ետք եւ բնականաբար այլազան դժուարութիւններու` սննդեղէնի անբնական սղաճի, պահեստի ուտեստեղէն ապահովելու խնդիրի, ճաշի ծրարումին համար օգտագործելի սպասներու անգտանելիութեան եւ սղաճի հանդիպելէ ետք, այսօր Շրջանային վարչութիւնը տակաւին կը շարունակէ տաք ճաշի սպասարկութիւնը, որովհետեւ կը գիտակցի հետզհետէ բարդացող ընկերատնտեսական վիճակին եւ վճռած է ծրագիրը շարունակել, սակայն` նոր եղանակով: Խոհանոցին մէջ գործող կամաւոր խաչուհիներ պիտի շարունակեն իրենց ընթացիկ գործունէութիւնը եւ երկօրեայ բաժինի փոխարէն` պիտի պատրաստեն եռօրեայ բաժին տաք ճաշ: Նոր դրութեամբ տաք ճաշի բաշխումը պիտի կատարուի միայն չորեքշաբթի օրերը, սակայն այդ օր պարագաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ստանալու շաբաթական երեք օրերու յատուկ տարբեր տեսակի ճաշեր:  Բաշխումի երկօրեայ դրութիւնը նոր կերպ ստանալով` պարագաներուն պիտի հասնին շաբաթական երեք օրեր ընտանիքի մը պահանջը բաւարարող ծրարներ:

Ուստի ժողովուրդին կարիքները հոգալու պարտականութեան գիտակցութեամբ, մինչեւ օրս պատրաստուած ճաշի քանակին եռապատիկը պատրաստելով` մենք կը միտինք հայ օճախի հօր եւ մօր ծանր բեռը թեթեւցնել եւ հանապազօրեայ մտահոգութիւնը փարատել:

Վարձքը կատա՛ր սոյն ծրագիրին իրագործման համար գործող բոլոր հայորդիներուն:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Առցանց Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Յունաստանի Վարչապետէն Նամակ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?