Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եռամիասնութեանց Ուղեւորը

Մայիս 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ

Թափառական իր ուղեւորութեան արգասիք` եղաւ «Հայ սեւ գօտիներու միջազգային ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ, մեծ վարպետ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մշտական ներկայացուցիչ»: Այդ հանգամանքները երբեք չեղան պատուանդաններ Կարոյին` «Մասթըր»-ին համար: Տքնաջան աշխատանքի, հաւատքի ու հաւատարմութեան ձեռքբերումներն էին անոնք` նոր յանձնառութիւններու աւելի ընդարձակ ծիրերով:

Հաւատարմութիւն` վստահութիւն ներշնչող: Ան հաւատարիմ մնաց եօթնամեայ մանուկի իր առաջին հրայրքին ու քալեց հօր ոտնահետքերով եւ այլ ձեւով` բազուկի ամրապնդման երազը կեանքի կոչեց իր հիմնած առաջին ակադեմիայով: Դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի սեւ գօտիներու մարզիչը, Մերձաւոր Արեւելքի մրցանակակիրը հանդիսանալէ ետք:

Եղեռնի յիսնամեակէն ետք վերջ պէտք էր տալ լաց ու կոծին: Իր դաւանած կուսակցութեան եռամիասնութեան որդեգրած Հայ դատի նոր ուղիները ներգրաւած էին զինք, ու զարմանալի չէր, որ հիմնադրած առաջին բջիջը երեք այբերն էին. «Առողջ մարմին, արթուն միտք, ազնիւ հոգի»:      Ներշնչելու, համոզելու բնատուր իր կարողականութեամբ, իր գործունէութիւնը ծաւալեց դպրոցէ դպրոց, գաղութէ գաղութ, հայ թէ օտար շրջանակներէ ներս: Իր «բալիկները» ընդհանրապէս հաւատարիմ էին երեք կարգախօսներուն, կը զատորոշուէին իրենց կեցուածքով, ինքնազսպումի պահուածքով: Ձեռք բերուած աստիճանական նոր գօտիները շքանշաններ չէին, այլ` նոր յանձնառութիւններու պարտաւորութիւններ: Անոնք օրհասական ժամերուն արթուն պահակ, թիկնապահ, մարզուած զինուորներ էին:

Մէկ ոտքի վրայ կանգնած արագիլին պէս` կայք հաստատեց Ագարակի մէջ, Աշտարակի մերձակայ տարածքի մը վրայ: Տունդարձի երանութեամբ մխրճեց ոտքերը գրեթէ խոպան հողին վրայ: Նոր երեք այբերու շուքին տակ հայրենադարձներուն պիտի պարգեւէր ապահով տարածք` Արարատի, Արագածի, Արայի հովանիով: Անկարելի չէր: Իր լծակները կամքը, հաւատքը, յարատեւութիւնն էին, մանաւանդ` անձնազոհութիւնը: Տեսանող մըն էր: Շուտով շրջանը պիտի զարգանար այլատեսակ ծառերու շուքով: Հազարաւոր հայեր պիտի գային շէնացնելու Հայաստանը` վերջ տալով թափառաշրջիկի անվերջ ուղեւորութեան:                Իր կեանքի վերջին եռամիասնութիւնը` «Սփիւռք, Հայաստան, Արցախ»-ը եղաւ: Շուշիի հրաշալի իր պանդոկով: Երկինքի մէջ մխրճուած լեռներու անդորրութեան մէջ, հպարտ երազներու օրօրոցայինէ ետք, համակուած Կարոյի երեւակայութեամբ` յաջորդ օր Շուշիի հին թաղը կը  ծրագրէինք վերածել կիրառական արուեստներու արհեստանոց-կրպակներու, ուր պիտի հնչէին Վանայ պղնձագործներու զնգոցները, Ռայոնական դպրոցը պիտի շարունակէր գործել հին արժանաւոր շրջանաւարտներու շունչով ու նոր Թլկատինցիներ, Զարդարեաններ ալ պիտի ունենայինք:                                                   Մարզական տարազը ժամանակի հոլովոյթին հետ փոխարինուեցաւ պաշտօնականով, բայց անմիջականութեամբ շեշտաւորուած իր ծննդավայրի պարզունակութիւնը ան պահպանեց ամրօրէն: Քաղաքավարական, դիւանագիտական դարձուածքները իրը չէին: Իր ուղիղ խօսքը միշտ բռնկուն էր, պարզ, հոգեխռով: Ամէն տագնապ կը վերապրէր իր ողջ էութեամբ, բջիջներով: Շուտով կը խաղաղէր, որովհետեւ լաւատեսութիւնը իր անբաժան ընկերն էր:

Յաճախ կը տեսնէի զինք Երեւանի օդակայանը: Զինական լուսարձակներ ստանձնելու եկած կ՛ըլլար, արուեստագէտ մը ճամբու կը դնէր դէպի Պէյրութ: Վերջին եռամիասնութեանը` սփիւռք, Հայաստան, Արցախ, ամուր կամուրջն էր ան:

Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի տօնախմբութեան խրախճանքին իր հիւրերն էինք` աշխարհի չորս ծագերէն, Երեւան գտնուողներս: Հարիւրաւոր հիւրերուն մաս կը կազմէին` արուեստագէտներ, գիւղապետ, գիւղացիներ, բոլոր անոնք, որոնց համար, որոնց հետ կ՛ուզէր վայելել հարիւրամեակի խորհուրդը: Սիլվան, ինք` բաց հոգիով մատուցողներն էին խնդութեան եւ երանութեան:

Ուրախ յիշատակները, ափսոս, մթագնեցան: Վայրէջքը լախտի հարուածի ուժգնութեամբ ցնցող էր: Պանդոկին կորուստէն աւելի կը ցաւէր մատաղ զինուորներու, իր տղոց նահատակութեան համար: Մարդու կեանքը, իր անկրկնելիութեամբ, անփոխարինելի կը համարէր:

Պիտի լսէ՞ «Վէրքերով լի»-ն, Եռաբլուր: Հանգի՞ստ պիտի մտնէ հող: Վստահ` ինք ալ պիտի գոչէր` «Յոյսս դո՛ւք էք, ընկերնե՛ր, շարունակէ՛ք մեր սուրբ գործը»:

Լաւատեսութիւնդ, Կարօ՛, օդի չափ անհրաժեշտ է մեր բոլորին:

Վա՛րձքդ կատար: Շնորհակալութիւն:

 

 

Նախորդը

Կարոն Գնաց, Խօսք Չմնաց

Յաջորդը

Կարօ Քեպապճեանի Եւ Անոր Մեծ Վաստակին Մասին Ցաւակիցներու Վկայութիւններ «Ան Մեծ Հայ Էր, Հայրենիքի Նուիրեալը»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?