Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճանաչո՞ւմ, Թէ՞ Կանխարգիլում

Մայիս 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Յատկապէս 2020-ի արցախեան պատերազմէն ետք որոշ անհատներ ու շրջանակներ սկսած են բարձրաձայն կոչեր ընել ու խորհուրդներ տալ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հետեւանքներու վերացման գործընթացին վերաբերեալ: Ըստ անոնց, պէտք է ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն փոխել, մինչ օրս տրամադրուած սահմանափակ մարդուժն ու միջոցները առաջնայնօրէն նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար օգտագործել (յատկապէս` արցախեան hիմնախնդրի համար) եւ ոչ անպայման` արդէն իսկ106 տարուան վաղեմութիւն ունեցող Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման:

Ըստ երեւոյթին, թէկուզ` ոչ դիտաւորեալ, այս տրամաբանութեամբ կը գործ(են)էին նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեամբ զբաղողները վերջին տասնամեակին: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային մակարդակի վրայ տարած աշխատանքներուն մեծ մասը այդ կը վկայէ, օրինակի համար Հայաստանի նախաձեռնութեամբ ՄԱԿ-ի Ընդհանոր ժողովի որդեգրած 29 սեպտեմբեր 2015-ի թիւ 69/323 որոշումը ` դեկտեմբեր 9-ը ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատուութեան եւ նորերը կանխարգիլելու միջազգային օր յայտարարելու մասին, եւ կամ` 22 յունիս 2020-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի որդեգրած «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման» թիւ 43/29 որոշումը : Զարմանալիօրէն (բայց նաեւ` միջազգային հարթակներու «նրբութիւնները» նկատի առած հասկնալիօրէն) այս փաստաթուղթերուն մէջ ընդհանրապէս ոչ մէկ յիշատակում կամ վերագրում կայ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան: Աւելի՛ն. պէտք է ընդունիլ, որ այն օրերէն, երբ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պաշտօնապէս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան օրակարգ դարձաւ, Հայաստանի պետական նախաձեռնութեամբ միջազգային հարթակներու վրայ (ՄԱԿ եւ ենթակազմակերպութիւններ, միջազգային այլ կազմակերպութիւններ) գրեթէ ոչ մէկ ձեռքբերում արձանագրուած է մասնաւորապէս 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան յանցագործութեան ճանաչման ու հետեւանքներու վերացման գծով:

Վերադառնալով նախաբանին մէջ արտայայտուած ճանաչումէն աւելի կանխարգիլման վրայ կեդրոնանալու վերջերս շրջանառուող միտքերուն`առաջին ակնարկով անվնաս թուացող այս կոչ-խորհուրդները, ըստ էութեան անընդունելի, դատապարտելի, սխա՛լ, տգէտ, անհեռատես ու կործանարար են: Առաջին` 2020-ի արցախեան 44-օրեայ պատերազմը եկաւ բացէ ի բաց անգամ մը եւս փաստելու, որ Թուրքիան հայոց նկատմամբ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը կը շարունակէ Ազրպէյճանի շղթայազերծած անօրէն պատերազմին անմիջական մասնակցութեամբ, ահաբեկչական խմբաւորումներու կազմաւորմամբ, կառավարմամբ եւ գործուղումով, ապօրինի զինատեսակներու օգտագործմամբ, մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու միջոցով:

Այստեղ շատ կարեւոր է հաստատել, որ վերջին պատերազմը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար մղուած պատերազմ չէր, ինչպէս ազրպէյճանցիք ու թուրքերը կը փորձեն քարոզել, այլ այն յստակ շարունակութիւնն էր Հայոց ցեղասպանութեան եւ ցեղային մաքրագործումներու քաղաքականութեան, որ անմիջականօրէն կատարուեցաւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ, նաեւ` հիմնական այն պատճառով, որ Թուրքիան մինչ օրս պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան յանցագործութեան համար: Ահա թէ ինչո՛ւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը անմիջականօրէն կապուած է արցախեան հիմնախնդրին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազգային ու պետական անվտանգութեան հետ, եւ կարելի ու ընդունելի չէ մեղմացնել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հետեւանքներու վերացման գործընթացը:

Երկրորդ`«Ճանաչո՞ւմ, թէ՞ կանխարգիլում. ի՞նչն է աւելի կարեւոր» հարցադրումը շինծու է, որովհետեւ ճանաչումը կանխարգիլման չի խանգարեր, ընդհակառակը, ուղղակի կը նպաստէ անոր ամրագրման: Այսինքն այստեղ «կա՛մ-կա՛մ»-ի եւ մէկը միւսէն կարեւոր նկատելու խնդիր չկայ: Որպէս գերագոյն յանցագործութեան` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու Թուրքիոյ կողմէ հետեւանքներու վերացումը անմիջականօրէն եւ ուղղակիօրէն կապուած են նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հետ: Այս կը թելադրեն նաեւ «Միջազգային մարդկային իրաւունքի կոպիտ խախտումներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի լուրջ խախտումներու զոհերու` վերականգնման եւ հատուցման իրաւունքներու հիմնական սկզբունքներն ու ուղեցոյցները» (Basic Principles and Guidelines on the Right to a Remedy and Reparation for Victims of Gross Violations of International Human Rights Law and Serious Violations of International Humanitarian Law) : Այս ուղեցոյցի 23-րդ յօդուածը յստակօրէն կը նշէ, որ մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու (ներառեալ` ցեղասպանութեան) հետեւանքներու վերացման հիմնական քայլերուն մէջ կը մտնէ «չկրկնուելու երաշխիքներու» (Guarantees of non-repetition) ապահովումը յանցագործ պետութեան կողմէ: Այդ երաշխիքները բնականաբար կանխարգիլման կը նպաստեն: Այսինքն Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը նաեւ նորերը կը կանխարգիլէ: Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ Հայոց ցեղասպանութիւնն իրականացնողներուն պատասխանատուութեան ենթարկելու ճամբով նորերը կանխարգիլելը միայն հայ ժողովուրդին չի վերաբերիր, այլ` համայն մարդկութեան:

Երրորդ` անքննելի իրողութիւն է հետեւեալը. այնքան ատեն, որ Թուրքիան չ՛առերեսուիր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան հետ եւ անոր բազմաթիւ հետեւանքներու վերացման չի նախաձեռներ, այլ` ընդհակառակը, կը շարունակէ հայատեաց ծաւալապաշտական փանթուրանական ռազմավարութեան գործադրութիւնը, նոր յանցագործութիւններ կանխարգիլելու բոլոր փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան` նկատի առած յատկապէս մեր դերն ու տեղը, կարողութիւններն ու միջոցները այս տարածաշրջանին մէջ: Հետեւաբար Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճամբով եւ արցախեան վերջին պատերազմի լոյսին տակ հարկ է աշխատանք տանիլ` փանթուրքիզմը եւ փանթուրանականութիւնը նացիզմի եւ պոլշեւիզմի նման միջազգային հանրութեան կողմէ անցանկալի ու դատապարտելի գաղափարախօսութիւններու ցանկին մէջ ներառելու:

Չորրորդ` Հայոց ցեղասպանութիւնը աշխարհաքաղաքական ու տարածաշրջանային խաղաքարտ չէ մեզի համար (նոյնիսկ եթէ այդպէս է ուրիշներու համար), որմէ կարելի է հրաժարիլ կամ տեսակետ փոխել` յանուն տարածաշրջանային ապաշրջափակման կամ այլ շահերու, ոչ ալ լոկ պատմութիւն կամ ողբերգութիւն է, որ կարելի է մոռնալ: Ան ամէն բանէ առաջ ու վեր` համամարդկային գերագոյն յանցագործութիւն է, որուն պատճառով 1,5 միլիոն մարդ սպաննուեցաւ, ազգ մը ամբողջ հայրենազուրկ եւ ունեզուրկ դարձաւ, հազարամեակներու պատմամշակութային քաղաքակրթութիւն ոչնչացաւ, սերունդներ ամբողջ ցաւի ու տառապանքի մատնուեցան, եւ անոր հետեւանքները մինչ օրս կը շարունակուին, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի այդ յանցագործութեան զոհերուն իրաւունքները վերականգնելու ու հետեւանքները վերացնելու գործընթացէն հրաժարիլ: Ո՛չ ոք:

Ամէն պարագայի, այնքան ատեն որ Հայաստանը չի վերականգնիր որպէս ինքնիշխան, ինքնաբաւ, հզօր ու կայացած պետութիւն, ե՛ւ ճանաչումի, ե՛ւ կանխարգիլման աշխատանքները այդքան արդիւնաբեր չեն կրնար ըլլալ: Իսկ այն թեզը, որ հզօրանալու, զարգանալու եւ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին կենսամակարդակը բարելաւելու համար պէտք է վերանայիլ կամ ձերբազատիլ Հայոց ցեղասպանութեան յանցագործութեան արդարութեան վերականգնումի պահանջատիրութենէն, զո՛ւտ խաբկանք ու մոլորութիւն է եւ, մեղմ ըսած, թրքական օրակարգի ու վաղեմի երազի սպասարկում:

«Դրօշակ», թիւ 4 (1650), ապրիլ 2021

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ցեղասպանութեան Հետեւանքներու Վերացման Ճամբուն…

Յաջորդը

Պայտընի Յայտարարութեան Լոյսին Տակ – Բ. – Նուաճումէն Անդին` Տարածքներ

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?