Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուշագրաւ Շրջադարձ ու Հաւանական Երեք Բեմագրութիւններ

Մայիս 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը 27 ապրիլին սէուտական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց.«Իրանի հետ լաւ յարաբերութիւններու կը ձգտինք», աւելցնելով, որ «Տարածաշրջանին մէջ մեր գործընկերներուն հետ աշխատանք կը տանինք Իրանի հետ տարակարծութիւնները յաղթահարելու»: Յայտարարութիւնը ուշագրաւ է, որովհետեւ ան չորս տարի առաջ այդ կարելիութիւնը բացառելով` յայտարարած էր.«Ծայրայեղական գաղափարաբանութեան վրայ հիմնուած վարչակարգի մը հետ ի՞նչպէս երկխօսութիւն կը կատարես»:

Անոր շրջդարձն ու Թեհրանի հասցէին մեղմ ու բարեկամական յայտարարութիւնները, թէ` ինք Իրանի ամենայն բարիք ու բարգաւաճում կը մաղթէ, ինչպէս նաեւ Եմէնի հուսիները արաբներ կոչելը պատահական չեն: Արդարեւ, վերջերս հաղորդուեցաւ, որ շուրջ երեք շաբաթ առաջ Պաղտատի մէջ, Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմիի միջնորդութեամբ, սէուտական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Խալետ պըն Ալի Հմէյտանի եւ Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Ալի Շամխանիի երկու պատուիրակներուն միջեւ հանդիպում տեղի ունեցած է: Իրանցի եւ իրաքցի պաշտօնատարներ մայիս 1-ին «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնեցին, որ մայիսին 2-րդ հանդիպում մըն ալ կը նախատեսուի:

Ի՞նչ փոխուեցաւ, ի՞նչ բան սէուտական իշխանութիւնները մղեց մտափոխուելու եւ Իրանի հետ բանակցութեան ձեռնարկելու: Ռիատի կտրուկ շրջդարձին պատճառը Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ընթացող բանակցութիւններն են:

Ուաշինկթըն կը պատրաստուի հեռանալու Միջին Արեւելքի շրջանէն եւ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներու շրջանին այլ խօսքով` «Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր մարտահրաւէր» Չինաստանի դիմակայման վրայ: Այդ մէկը կատարելու համար Միացեալ Նահանգներ կարիքը ունին շրջանէն հեռանալէ առաջ կարգաւորելու Միջին Արեւելքի մէջ իրենց ունեցած առկախ խնդիրները, որոնց գլխաւորներէն են Իրանի հետ յարաբերութիւնները: Աշխատանք մը, որ այժմ ընթացքի մէջ է:

Ամերիկեան կողմին շրջանէն դուրս գալուն պարագային եւ մասնաւորաբար Ուաշինկթըն-Թեհրան համաձայնութեան կնքումէն ետք, Ռիատ ինքզինք պիտի գտնէ ընդհանրապէս աւելի տկար դիրքի վրայ, ներառեալ երբ այդ զարգացումներէն ետք որոշէ կամ ստիպուի բանակցիլ Թեհրանի հետ: Ուաշինկթընի` շրջանէն հեռանալու եւ Իրանի հետ համաձայնութիւն կնքելու արդէն շօշափելի եղող հեռանկարը Սէուտական Արաբիան կը մղէ գիտակցելու, որ գնացքը բարձրանալու պահը հիմա է, վաղը ուշ պիտի ըլլայ:

Այդ հրամայականը առաւել եւս շեշտուեցաւ, երբ սպրդեցաւ ձայնագրութիւն մը, որուն մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ կը յայտնէր, որ իրանեան զինեալ ուժերը երկրին դիւանագիտութեան մէջ շատ ազդեցիկ են: Ան իբրեւ օրինակ կը նշէր Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի «Քուտս» զօրամիաւորումի նախկին հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանին:

Իրանի մէջ յունիսին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան նախօրեակին եւ Թեհրան-Ուաշինկթըն բանակցութիւններուն ընթացքին նշեալ ձայնագրութեան սպրդման թայմինկը պատահական ու անմեղ չէ: Ատիկա քաղաքական ու քարոզչական վնաս պատճառեց իրանցի չափաւորականներուն, եւ հակառակ Զարիֆի` Սիւլէյմանիի ընտանիքէն հրապարակաւ ներում հայցելուն, վերջ տուաւ անոր նախագահական թեկնածութեան առաջադրման կարելիութեան, որուն մասին վերջերս տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուած էին:

Պարզ է, որ սադրանքին հեղինակները Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութեան հակադրուած եւ նախագահական ընտրութեան պատրաստուող Իրանի պահպանողականներն են: Կարելի չէ բացառել նաեւ Իսրայէլը, որ ամէն ինչ ունի կորսնցնելիք Իրանի հետ իր գլխաւոր դաշնակիցին ու արաբական երկիրներու մերձեցումէն: Իսրայէլի եւ իրանցի պահպանողականներու շահերը կը համընկնին: Այս առումով, նշանակալից էր Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի մայիս 1-ի «պատժամիջոցներու շարունակումէն օգտուող ներքին եւ արտաքին կողմեր կը ջանան խոչընդոտել Վիեննայի (բանակցութիւններու) հոլովոյթը» յայտարարութիւնը:

Այս զարգացումը հաւանաբար պատճառ դառնայ Թեհրան-Ուաշինկթըն բանակցութիւններու կշռոյթի արագացման, որովհետեւ յունիսին Իրանի մէջ պահպանողականներու ընտրական յաղթանակին պարագային, համաձայնութեան ձեռքբերման համար ներկայիս գոյութիւն ունեցող առիթը պիտի կորսուի: Այս բոլորին լոյսին տակ սէուտական իշխանութիւնները եւս բնականաբար եւ իրաւամբ պիտի արագացնեն Իրանի հետ իրենց բանակցութիւնները:

Ուաշինկթըն հաւանաբար կ՛աշխատի իր շրջանային դաշնակիցը մերկ չձգելու, ուստի Իրանի հետ իր սեփական բանակցութիւնները կը համակարգէ վերջինիս հետ Սէուտական Արաբիոյ բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուող յառաջդիմութեան հետ: Սակայն արդէն գոյութիւն ունի յունիսեան` իրանեան նախագահական ընտրութեան պայմանաժամը, եւ Իրանի հետ սէուտական բանակցութիւնները պէտք է քայլ պահեն ամերիկեանին հետ, այլապէս սէուտցիք իրենք զիրենք պիտի գտնեն առանձին մնացած ըլլալու վատ կացութեան մէջ:

Ժամանակը Ուաշինկթընի, առաւել եւս Ռիատի կողքին չէ: Ամերիկեան կողմը, հակառակ Պայտընի վարչակազմի «բարոյական արժէքները մեր արտաքին քաղաքականութեան անկիւնաքարն են» պնդումին, կրնայ մինչեւ որոշ ժամանակ տնտնալով սէուտցիներուն սպասել, սակայն ի վերջոյ Իրանի նախագահական ընտրութեան թուականի գոյութեամբ ճշդուած պայմանաժամին մօտենալով` Միացեալ Նահանգներու համբերութիւնը պիտի սպառի, եւ պիտի ստիպուին ապահովել իրենց սեփական շահը եւ կնքել Իրանի հետ համաձայնութիւնը` թագաւորութիւնը ձգելով իր ճակատագրին:

Այս երկուքին կողքին, կարելի չէ անտեսել նաեւ երրորդ բեմագրութիւնը` Ուաշինկթընի իրանեան նախագահական ընտրութեան պայմանաժամը անտեսելն ու աւելի լաւ դիրքէ բանակցելու համար ատոր բարենպաստ արդիւնքը` չափաւորականներուն յաղթանակը սպասելու ռիսքը առնելը:

Իրան-Սէուտական Արաբիա համաձայնութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամբողջ տարածաշրջանին, մասնաւորաբար խոր ճգնաժամի մէջ գտնուող Լիբանանի վրայ: Մեզի կը մնայ սպասել եւ տեսնել, թէ բեմագրութիւններէն ո՛ր մէկը ի վերջոյ պիտի իրականանայ:

 

 

Նախորդը

Վերջապէ՛ս, Պայտըն Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը… Ի՞նչ Է Յաջորդ Քայլը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?