Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայր Յովսէփը` Աշխատաւորի, Բանուոր Մարդու Իրական Տիպար

Մայիս 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Երկու տարիէ ի վեր մարդկութիւնը մայիս 1-ի Աշխատաւորներու միջազգային տօնը կը նշէ ոչ բնականոն պայմաններու մէջ: «Քորոնա» ժահրի համավարակը մարդկութեան կենսաձեւը, ապրելու եղանակը փոխած է, նշաններ կան, որ այս ընթացքը պիտի յանգեցնէ նաեւ մտածելակերպերու, արժեհամակարգերու փոփոխութեան: Արդէն նոյնիսկ կ՛երեւին միտումներ աշխատանքային յարաբերութիւններուն եւ արտադրութեան եղանակներու մէջ հաւանական վերափոխումներու` քայլ պահելու համար համավարակին պարտադրած նոր կացութեան հետ:

Այս ընդհանուր կացութեան մէջ աշխատաւոր ընդհանրութիւնը ստիպուած կը զգայ նաեւ մայիսմէկեան իր պահանջներու առաջադրման ձեւերն ալ փոփոխութեան ենթարկելու: Ահա երկու տարիէ ի վեր համաշխարհային մակարդակի վրայ մենք ականատես չենք ըլլար այլեւս զանգուածային ժողովրդային-աշխատաւորական շարժումներու, որոնք նախորդ տասնամեակներուն մայիս 1-ի նշումները խորհրդանշող երեւոյթներէն էին: Անոնք երբեմն փառատօնային բնոյթ կը կրէին, շատ յաճախ ալ արիւնալի արարքներով կը վերջանային` իշխանութիւններուն հետ ուղղակի առճակատումի պատճառով, բայց երկու պարագաներուն ալ այդ շարժումները ցոյց կու տային համերաշխութիւնը աշխատաւորներու եւ աշխատանքի հարցերուն նկատմամբ: Աշխատանքի դատը, միւս բոլոր` մարդկային, ազգային թէ ընկերային դատերուն կողքին, իմաստ մը ունէր, հիմա այդ իմաստը վերափոխման ընթացքի մէջ է, եւ մենք ալ, մեր կարգին, մեր պատկերացումները վերաձեւաւորելու հարկադրանքին տակ ենք…

Վերարժեւորումի այս հոլովոյթը կը սկսի այն հարցադրումներէն, թէ մեզի համար աշխատանքը ի՞նչ է, ո՞վ է աշխատաւորը: Ընդարձակ նիւթ մըն է ասիկա, որուն համար նեղ կու գան թերթի մը սիւնակները: Բայց երեւի «Քորոնա» ժահրին պարտադրած այս անբնական վիճակին մէջ ալ որոշ տրամաբանութիւն մը կայ` խորքային մտածելու, բայց նաեւ` խնդիրին հոգեւոր կողմին անդրադառնալու, ինչ որ կարեւոր է այս օրերուն համար: Աշխատանքի հարցը, աշխատաւորութիւնը աստուածաշնչական հասկացողութիւններ են: Աշխատանքի հարցի հասկացողութիւնը էն սկիզբէն դրուած է Աստուածաշունչի հիմքին մէջ, այն օրէն, երբ նախամարդը ստեղծուեցաւ եւ Եդեմի պարտէզին մէջ իրեն պարտականութիւն տրուեցաւ տիրութիւն ընել պարտէզին եւ Արարիչի ստեղծածներուն: Աշխատանքի հասկացողութիւնը կը տեսնենք աւելի շեշտուած նաեւ հետագային, երբ նախամարդը կ՛ըմբոստանայ Արարիչի մէկ կարգադրութեան դէմ, որուն պատճառով, իբրեւ պատիժ, կ՛արտաքսուի պարտէզէն եւ վճիռ կը ստանայ այնուհետեւ «ճակտի քրտինքովը ապրիլ»: Եւ այս խորհրդապաշտական վճիռին մէջ խտացած են հետագայ դարերուն մարդ արարածին կրած բոլոր չարչարանքներն ու տանջանքները` աշխատանքային անհաւասարութեան պատճառով, շահագործումի պատճառով, ստրկութեան պատճառով, աշխատանքին մէջ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններուն պատճառով: Բայց աշխատանքը եւ այդ աշխատանքին պատճառով գոյացած դժուարութիւնները անխուսափելի են, մենք` մարդ տեսակը, ճակատագրուած ենք աշխատելու եւ համբերութեամբ հարթելու մեր աշխատանքային կեանքին մէջ յառաջացած բազում դժուարութիւնները: Ինչպէս վերը նշուեցաւ, Արարիչին կողմէ մեզի տրուած պարտականութիւն մըն է աշխատանքը, որպէսզի մենք ալ, մեր կարգին, այս երկրագունդին վրայ մասնակիցները դառնանք արարչագործութեան եւ ստեղծագործութեան մեծ հոլովոյթին:

Վերը խօսեցանք նաեւ «համբերութեամբ դժուարութիւնները յաղթահարելու» հասկացողութեան մասին, որ իւրաքանչիւր աշխատաւոր, բանուոր մարդու, կեանքին համար պայքարող մարդու առանձնայատկութիւններէն մէկը պէտք է դառնայ: Մայիս 1-ի առիթով, դարձեալ Սուրբ գրոց մէջ կը հանդիպինք տիպար օրինակի մը, որ Հայր Յովսէփն է: Տիպար օրինակ` նախ ընտանիքի գլուխի, որ յանձն առաւ որդեգրել մանուկ Յիսուսը եւ սկիզբէն ամէն միջոցի դիմել պաշտպանելու անոր կեանքը` օրուան քաղաքական իշխանութեան հալածանքէն: Եւ տիպար օրինակ մը` աշխատաւորի, բանուորի: Սուրբ գիրքին մէջ իր մասին շատ ակնարկութիւններ չկան, բայց եղած ակնարկութիւններն ալ բաւարար են ցոյց տալու, թէ ի՛նչ տեսակի անձնաւորութիւն եղած է Հայր Յովսէփը. չարքաշ, չտեսնուած աշխատասէր անձ, որ լուռ լծուած իր աշխատանքին` ատաղձագործութեան, ճգնեցաւ տիւ եւ գիշեր արժանապատիւ կեանք ապահովելու սուրբ ընտանիքին: Համբերութեամբ տարաւ բոլոր դժուարութիւնները` առանց տրտնջալու, լուռ, անխօս: Նոյնիսկ սուրբ ընտանիքը Եգիպտոս փախցնելու դժուար պարտականութիւնը կատարեց ամենայն համբերութեամբ: Եւ իրաւամբ ալ այս բոլոր յատկանիշներուն համար Հայր Յովսէփը դարձաւ բոլոր աշխատաւորներու, բանուորներու, նիւթական բարիք ստեղծողներու բարեխօս սուրբը:

«Քորոնա» ժահրի համավարակին պարտադրած այս դժուար ժամանակներուն, երբ ոչ բնական պայմաններու մէջ կը նշենք մայիսի 1-ը, երեւի համբերութեան լեցուն դասեր պէտք է քաղենք Հայր Յովսէփի տիպար օրինակէն…

 

 

Նախորդը

Երբ Սէրը Կեանքէն Աւելի Մեծ Կ՛ըլլայ

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Առցանց Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?