ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Նահատակ բառին առաջին անգամ հանդիպած եմ պատանեկութեան տարիներուս, երբ մեր ուսուցչուհին բացատրեց, որ ինչո՛ւ ապրիլ 24-ին դպրոցը փակ պիտի մնար, երբ փորձեց ամէնէն մեղմ բառերով ներկայացնել 1915-ի ահաւոր Ցեղասպանութիւնը, որուն պատճառով մենք ունեցանք մէկուկէս միլիոն նահատակ: Տուն վերադարձիս, մայրս եւս գործածեց նահատակ բառը` յայտնելով, որ մեր գերդաստանին մէջ ալ քիչ չէ նահատակներուն թիւը, իսկ մեծ հայրս` նահատակուելէ հազիւ ճողոպրած ու վերապրած է:
Ցնցիչ էր պարմանուհիի տրամաբանութեանս մէջ յանկարծ այդքան մեծաթիւ նահատակներու, սովամահներու, անապատը կամ գաղթի ճամբուն վրայ տեղ մը անթաղ մնացած իմ ազգականներուս պատկերները տեղաւորել, բայց հայ ըլլալու հիմնական յատկութիւններէն է անտրամաբանականը ընկալելը: Այդպիսով ալ նահատակներուն սրբութիւնն ու բացարձակ արժէքը արմատաւորուեցաւ մէջս:
Լիբանանի պատմութեան դասապահերուն սորվեցայ նաեւ, որ Լիբանան եւս նոյն օսմանեան թուրքին բռնարարքներուն, ոճիրներուն թիրախը դարձած է, մեծաթիւ լիբանանցիներ նահատակուած են, երկրին հերոսները` մտաւորականներ, գրողներ, լրագրողներ, հոգեւորականներ, անխտիր կախաղան բարձրացուած են, քաղաքացիները սովամահ դարձած են, իսկ 6 մայիսը անոնց յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու օր է:
Թաւալեցան տարիները, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը իր սեւ ու ծանր քողով ծածկեց պատանիի աչքերս, որոնք յաճախ տեսան այս երկրին ապագան հանդիսանալու կոչուած եւ իրենց տան սեմին խաղացող անմեղ մանուկներու դիակներ, մասնատուած մարմիններ քաղաքացիներու, որոնք իրենց բնակարանին մէջ նստած ամէնէն պարզ կեանքը ապրելու իրաւունքէ իսկ զրկուեցան, նեխած դիակներ մարդոց, որոնք իրենց զաւակներուն հաց կամ ջուր բերելու համար կը փորձէին խանութ հասնիլ եւ շատ արագ ու ողջ տուն վերադառնալ, նախքան ռմբակոծումի «փառատօն»-ը, սակայն փառատօնի մեկնարկը շատ աւելի արագ վրայ հասած էր®
Դաժան պատերազմ, մեծաթիւ զոհեր, նահատակներ®
Տակաւին կային նահատակները Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած յուլիսեան պատերազմին, որուն գործած աւերներուն եւ իր ետին ձգած ողբերգութիւններուն եւս ականատեսն ու ականջալուրը ըլլալու բախտը կամ դժբախտութիւնը ունեցայ, երբ զինեալ գործողութիւններու աւարտէն ետք արտօնուեցաւ լրագրողներուն ռմբակոծումներու թիրախ դարձած շրջան այցելել:
Լաւապէս գիտակցեցայ եւ համոզուեցայ խորապէս, որ նահատակութիւնը սրբութիւն է անպայման, միեւնոյն ատեն ալ խոր ու մեծ ցաւ է իսկապէս, անամոքելի վիշտ, յաւերժ սպի ձգող ու մնայուն ցաւ պատճառող վէրք…
Կը կարծէի, թէ նահատակութեան հետ անձնական փորձառութիւնս բաւական հարուստ ու յագեցած էր, կը կարծէի, թէ բաւական բան գիտէի նահատակութեան իմաստին եւ խորութեան մասին, սակայն 2020 թուականը եկաւ ըսելու, թէ պարզապէս սկսնակ էի այս ուղիին վրայ: Արդարեւ, գրեթէ 9 ամիսներ առաջ, մինչ Լիբանանի մայրաքաղաք եւ փառքի օրեր վկայած Պէյրութի բնակիչները խաղաղութեամբ իրենց առօրեան կ՛ապրէին, ահագնադղորդ «ամպ» մը, սոսկալի ցնցում մը մուտք գործեց բոլորին բնակարաններն ու սրտերը, կոտրեց եւ տեղահան ըրաւ ամէն դուռ ու պատուհան, երբեմն նաեւ` մարմնի անդամներ, փշրեց ապակիները բոլոր, որոնք իրենց «հանգիստ»-ը գտան քաղաքացիներուն մարմիններուն մէջ, մարդիկը պաշտպանելու կոչուած պատերն ու երդիքները փուլ բերաւ անոնց գլխուն, սփռեց խոր վէրքեր ու սարսափելի մահ, համատարած աւեր ու քանդում… Նահատակութիւնը այդ երկվայրկեանէն իսկ սկսաւ «թռիչք կատարել» Պէյրութի վերեւ եւ ընտրել… Խնայեց ոմանց, իր գիրկը առաւ ուրիշներ, բայց օրեր շարունակ հո՛ն էր անիկա:
Կարմիրի եւ սեւի հսկայ «գետ»-ի մը մէջ թաթխուեցաւ Պէյրութը, ամէնուրեք արիւն էր ու մահ, վիրաւորներ, անդամահատ մարդիկ, օգնութիւն հայցող, սակայն չստացող բազում անձեր… Ճիշդ է, որ պատերազմներ ապրած է մայրաքաղաքը, սակայն ասիկա ամբողջովին այլ բան էր, պատերազմը փուլ առ փուլ կը քանդէր, մէկը միւսին ձեռք երկարելու, ինկած քարերը վերցնելու եւ անոնց տակէն կեանքեր փնտռելու կը հասնէր, մինչեւ իր ալ կարգը գար… Բայց այս անգամ երկվայրկեանի մը մէջ համատարած քանդում, հարիւրաւոր մահ, արիւնլուայ եւ արիւնաքամ վիրաւոր, վիրաւոր, վիրաւոր… Այնպիսի վիճակ էր, որ մէկը միւսին չէր կրնար օգնել, ամէն մարդ իր կարգին վիրաւոր էր, արիւն էր ամէնուրեք, մահ ու մոխիր, տարօրինակ փոշի, տուներ, ինքնաշարժներ, ծառեր եւ ամէն ինչ քանդուած…
Այլանդակուեցաւ Պէյրութը ամբողջ, կերպարանափոխուեցաւ առօրեան պէյրութցիներուն, այլակերպուեցան շատեր, իսկ ամէնէն դաժանը` կասեցաւ կեանքը շատերու, կրկին նահատակներ…
Լիբանանը իր իսկ քաղաքացիներուն կեանքերը հնձած է յաճախ, երբեմն գիտակցաբար, երբեմն անգիտակցաբար, բայց լիբանանցի պատասխանատուները այս բոլորը ըրած են հաստատ գիտակցութեամբ եւ նոյն գիտակցութեամբ ալ տարիներ առաջ որոշեցին Նահատակաց տօնը ջնջել լիբանանեան տօնացոյցէն: Զարմանալի է, ընդվզեցուցիչ, պոռթկում եւ ցաւ պատճառող, սակայն յարիր լիբանանցի պատասխանատուներուն, որոնք չեն յարգեր իրենք քաղաքացիներուն բնական կեանք ունենալու իրաւունքն իսկ, ալ ո՛ւր մնաց` նահատակներուն իրաւունքը, 365 օրերէն օր մը իբրեւ յարգանքի օր ունենալու…
Բայց եւ այնպէս նահատակները կը մնան սրբութիւններ, անոնց նկատմամբ յարգանքը կը մնայ բարոյական պարտք իւրաքանչիւր լիբանանցի մարդու, անոնց յիշատակը միշտ վառ պահելը պարտաւորութիւն, մինչեւ որ լուսաւոր օր մը իշխանաւորները գիտակցին Լիբանանը իսկապէս իբրեւ բնական երկիր կերտելու եւ նահատակներուն յիշատակը յարգելու անհրաժեշտութեան: