Յօդուածներ

Էրտողանին Մեծ Սխալը

Էրտողանին Մեծ Սխալը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածաշրջանը կը գտնուի յարաբերութիւններու կարգաւորման փուլի մը մէջ: Ընթացքի մէջ են Իրան-Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան-Սէուտական Արաբիա բանակցութիւններ: Թուրքիան եւս կը փորձէ բնականոնացնել Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ իր յարաբերութիւնները: Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ ուրբաթ, 7 մայիսին Երուսաղէմի մէջ ընթացք առին իսրայէլեան ապահովական մարմիններու եւ պաղեստինցի ցուցարարներու միջեւ բախումներ: Աքսայի մզկիթի շրջափակին մէջ եւ Արեւելեան...

«Վարագաթաղի Արծիւներուն» Երգը` Նուիրուած Արցախեան Վերջին Պատերազմին Պռօշեանի Նահատակներուն

«Վարագաթաղի Արծիւներուն» Երգը` Նուիրուած Արցախեան Վերջին Պատերազմին Պռօշեանի Նահատակներուն

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Վերջին շրջանին ընկերային ցանցերուն վրայ շրջան սկսաւ ընել «Վարագաթաղի արծիւներուն» խորագիրով երգը` Սեւան Կարապետեան-Ադամեանի մեկնաբանութեամբ: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու եւ այս նախաձեռնութեան մասին մեր ընթերցողները տեղեկացնելու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ զրոյցը ունեցաւ Սեւան Կարապետեան-Ադամեանին հետ: «ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ` նախ ներկայացուցէք ձեր երաժշտական հետաքրքրութիւնն ու փորձառութիւնը: ՍԵՒԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ-ԱԴԱՄԵԱՆ.- Երաժշտական տասնամեայ կրթութիւնս ստացած եմ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճէն` ուսանելով...

Նամականի

Ակնարկ. Ուրեմն Լիբանանի Մէջ Կարելի Է Եղեր

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Պսակաժահրի համաճարակը, իր զոհերուն եւ պատճառած ամէն տեսակի կենցաղային, ընկերային ու տնտեսական մակարդակի աղէտներուն կողքին, Լիբանանի մէջ երեւան հանեց զարմանալի ու ցարդ թաքուն եւ ուսանելի, օրինակելի յատկանիշ մը` Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդը պատուաստելու ծրագիրը եւ անոր բծախնդիր ու կանոնաւոր գործադրութիւնը: Այն ալ պաշտօնակատա՛ր կառավարութեան` պաշտօնակատա՛ր առողջապահութեան նախարարին ու յատուկ յանձնախումբին կողմէ: Համաճարակի առաջին օրէն, շնորհիւ այս կառավարութեան եւ առողջապահութեան...

Պոլիս.   Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Թաներ Աքչամի Թրքերէնով Նոր Հատորը

Պոլիս. Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Թաներ Աքչամի Թրքերէնով Նոր Հատորը

Եղեռնի 106-րդ տարելիցի սեմին «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց «Հայոց ցեղասպանութեան ամփոփ պատմութիւնը» գործը, որուն հեղինակն է Թաներ Աքչամ: Գիրքին խմբագիրներն են` Օնուր Քոչիղիթ եւ Ռոպեր Քոփթաշ: Գործը Թաներ Աքչամի ցարդ հեղինակած գիրքերու շարքէն որոշ չափով կ՛առանձնանայ, որովհետեւ ան փորձած է նիւթը համառօտ եւ մատչելի ձեւով մատուցել` ընթերցողները մտածումներու մղելու նպատակով: Աքչամ իրադարձութիւնները կը դիտարկէ պաշտօնական տեսակէտներու ազդեցութենէն զերծ մնալով: Հրատարակիչները...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. «Մե՛Ր Հողերը…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի կառավարութիւնը իր 22 ապրիլի նիստին քննարկած է տնտեսական ու ելեւմտական հարցեր, կատարած է շարք մը տնօրինումներ: Քննարկումները ընդգրկած են շինարարութեան, Արցախի աջակցութեան ծրագիրներ, սղաճի եւ պիւտճէի հաւասարակշռումի միջոցներ եւ այլն: Այստեղ չենք ուզեր վերլուծումի ենթարկել կամ հարցականի տակ առնել տրուած որոշումները, բարելաւումի յոյսերն ու հաւանականութիւնները, այլ կ՛ուզենք առանձնացնել հետեւեալ կէտը: Որոշուած է յառաջիկայ 10 տարիներուն տարեկան 10...

Քաղաքական Անբարոյականութիւն՝ Թուրքիոյ   Հարազատ Հայելին

Ինչպիսի՞ Պայմաններու Տակ Կնքուեցաւ Մոսկուայի Բարեկամութեան Եւ Եղբայրութեան Համաձայնագիրը

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Այս տարի մտադրութիւն չունէի հարիւր տարի առաջ Մոսկուայի մէջ կնքուած տխրահռչակ  «Բարեկամութեան եւ եղբայրութեան» համաձայնագիրին անդրադառնալու:  Համաձայնագիր մը, որուն դառնաղէտ  հետեւանքները առ այսօր կը կրենք բոլորս: Կ՛ակնկալէի, որ հայրենի պատմաբաններ լիարժէք  պատասխանէին թուրք-ազերիական  ստաբանութիւններուն: Չկատարուեցաւ անհրաժեշտը: Մատի վրայ հաշուուող անաչառ պատմաբաններ արձագանգեցին: Ազերիական մամուլը շռնդալից  եւ  աներեւակայելի գնահատականներով արձագանգեց Մոսկուայի համաձայնագիրին` զայն ներկայացնելով շառաչուն հարուած հայ  ժողովուրդին ծաւալապաշտական ...

Սպիտակ Գանձը

Սպիտակ Գանձը

ԿԱՐԻՆ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Երկու անգամ քեզ տեսայ, Զոյգ անգամն ալ հիացայ: Քու հզօրութիւնդ` զգալի, Ապրումներս` անբացատրելի: Երբ ազատագրուեցար դո՛ւն, Մեր սպիտակ գեղեցկութի՛ւն, Վերածնո՛ւնդ ներշնչեցիր, Մեր Շուշիին դուն հոգացիր: Հրեշտակներով եզակի, Ճերմակազգեստ գեղեցկուհի, Ափսոս, որ հիմա մերը չես, Բայց մի՛շտ մեր սրտերուն մէջ ես: Կը լսե՞ս դուն ինծի, Խնդրեմ պատասխան տուր մեզի, Շուշիի հրաշքը` Ղազանչեցոց եկեղեցի: «Անշուշտ կը լսեմ ես քեզի, Պիտի...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Հայրենիքս Հայաստան

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայրենիքս Հայաստան

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ Հայրենիք իմ սրբավայր, այնքան ազգեր քո մէջ մտան, Որ սուրբերդ հեռացան: Ուխտատեղերդ որբացան, ժամ-պատարագ չքացան, Անոնց փոխան գերեզմաններ ուխտատեղիներ դարձան: Հոգիս յոգնած սփիւռքի մէջ կ՛ուզեմ դառնալ անվարան, Բայց դու ինկած կը մղկտաս, տունս դարձած է վրան: Ալեկոծուած ծովուն վրայ կը տատանիս անընդհատ, Ղեկդ տուած ես թշնամուդ, որ քու դէմքիդ կը ժպտայ: Տուր քու ձեռքդ քո եղբօրդ` միակ յոյսդ...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Ո՛չ Ամբոխայինին, Այո՛ Առարկայական Տրամաբանութեան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստան այսօր պաշտօնապէս կը մտնէ նախընտրական ժամանակաշրջանի մէջ: Արդարեւ, ձեւական քուէարկութեամբ մը Ազգային ժողովը պիտի «չյաջողի» ընտրել վարչապետ երկրորդ անգամ ըլլալով ու օրէնքի ուժով պիտի լուծուի: Անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին, հակառակ կառավարութեան հրաժարականին, խորհրդարան ու կառավարութիւն շարունակեցին գործել բնականոն ձեւով, կարծէք ոչինչ պատահած է: Սահմանադրութիւնը կ'ըսէ, որ կառավարութեան հրաժարականէն ետք, մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, անոր անդամները կը շարունակեն...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Դուն Պիտի Շարունակես Տոկա՛լ Չքնաղ Շուշի Իսկ Մենք` Զարմանալ… (9 Մայիս)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Բոլոր ժամանակներէ աւելի տխուր է հայ գրիչը, որովհետեւ պատրանաթափ է եղած անոր սիրտն ու հոգին, իսկ միտքը յանձնուած` ալեկոծ մտորումներու: Սա է այս օրերու սրտաճմլիկ եւ իրական պատկերը, որուն պատճառը նոյնինքն Շուշին է, հայոց բազմադարեայ երազներու թագուհին, որուն ճանապարհները, պարիսպները, ամուր ժայռերը, աստուածամերձ յուշարձանները, գեղատեսիլ բնութիւնը, հրաշալի ջուրն ու օդը, գեղակերտ թանգարանները, հայաբոյր դպրոցներն ու բնակարանները այսօր կը...

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Եւ Մայիս 28-ի Խորհուրդը Յաւերժացնող Յիշատակարանը` «Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման Հերոսապատումը»

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Եւ Մայիս 28-ի Խորհուրդը Յաւերժացնող Յիշատակարանը` «Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման Հերոսապատումը»

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Խմբագրական հակիրճ նոթով մը 27 փետրուարին «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը ընթերցողները տեղեակ կը պահէր, որ քաջալերելու համար յօդուածագիրները` «Ազդակ» ծրագրած է հետեւողական աշխատակցութիւն ունեցած եւ յօդուածաշարքեր ստորագրած աշխատակիցներու յօդուածներու հաւաքածոները լոյս ընծայել առանձին հատորներով: «Ազդակ» նաեւ կը տեղեկացնէր, որ իբրեւ առաջին հրատարակութիւն` շուտով լոյս կը տեսնէ թերթի մնայուն աշխատակիցներէն` հալէպահայ բանասէր եւ մտաւորական Աւօ Գաթրճեանի` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով...

ՀՅԴ-ի 130-Ամեակի Առցանց Նշում

ՀՅԴ-ի 130-Ամեակի Առցանց Նշում

2 մայիս 2021-ին տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 130-ամեակին նուիրուած «130 տարին 130 րոպէում» առցանց նախաձեռնութիւնը, որուն ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին եւ վկայութիւններ տուին տարբեր անձնաւորութիւններ եւ հոգեւորականներ: Առաջին խօսք առնողը եղաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (Խօսքը կու տանք ամբողջութեամբ): Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ...

«130-Ամեայ Կաղնին Չի Կրնար Ընկրկիլ, Տկար Ճիւղերը Կը Չորնան, Կաղնին Կը Մնայ Հզօր». Յակոբ Բագրատունի

«130-Ամեայ Կաղնին Չի Կրնար Ընկրկիլ, Տկար Ճիւղերը Կը Չորնան, Կաղնին Կը Մնայ Հզօր». Յակոբ Բագրատունի

Տօնն է Դաշնակցութեան, տօնն է ազատ ու անկախ մտածող իւրաքանչիւր հայորդիի: Տօնն է կուսակցութեան, որ ծնաւ, ամբողջ 130 տարի գործեց յանուն հայութեան եւ ի խնդիր անոր բարօրութեան: Դժբախտաբար կը խօսինք հեռուէ հեռու, բայց մենք պարտաւոր ենք մեր ժողովուրդին հաշիւ տալ ո՛ւր ալ գտնուինք: Դժուար եւ տագնապահար օրեր անցուցինք բոլորս աշխարհով մէկ: Յաւելեալ դժուարութեան մէջ եղանք եւ ենք տակաւին մենք` Լիբանանի...

«ՀՅԴ-ն Մղիչ Ուժն Է Այսօր, Որ Կը Շարունակէ Դաստիարակել».   Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«ՀՅԴ-ն Մղիչ Ուժն Է Այսօր, Որ Կը Շարունակէ Դաստիարակել». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅԴ 130-ամեակի պատմութիւնը հայոց նորագոյն պատմութեան հետ ամբողջովին ընդելուզուած է: Իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն ՀՅԴ-ն առաջատար դիրքերու վրայ գտնուած է ի պաշտպանութիւն իր ժողովուրդի դատին, իրաւունքներուն, անվտանգութեան եւ ընկերային արդարութեան ... Իր հիմնադրութեան առաջին օրերուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ստրուկի հոգեբանութենէն դուրս բերաւ օտար լուծի տակ ընկճուած ժողովուրդը եւ կերտեց պահանջատէր հայութիւն: Ու 130 տարիներէ ի վեր ան յատկապէս կազմակերպեց ու...

Մենք Տէր Ենք Մեր Երդմանը, Կանգնած Ենք Աննահանջ.  Իշխան Սաղաթէլեան

Մենք Տէր Ենք Մեր Երդմանը, Կանգնած Ենք Աննահանջ. Իշխան Սաղաթէլեան

Աւանդաբար Դաշնակցութեան օրը ու նաեւ յոբելեանները նշում ենք ամէն տարի աշնանը: Դաշնակցութեան օրն էլ լոկ տօնակատարութիւն չէ, այլ հաշուետուութիւն սեփական ժողովրդին` անցնող տարուայ արածի, գործի մասին: Այս տարուայ հաշուետուութիւնը ծանր է 130 տարուայ, ու նաեւ ծանր է, յատկապէս հիմա նման հաշուետուութիւնով հանդէս գալու համար, մեր Ժողովրդին, մեր երկրին, Արցախ աշխարհին հասցուած ծանրագոյն հարուածից յետոյ: 2020 թուականի աշնանը չեղաւ հաշուետուութիւն, քանզի...

Միասին Մենք Կարող Ենք Նոր Յաղթանակներ Կերտել. Դաւիթ Իշխանեան

Միասին Մենք Կարող Ենք Նոր Յաղթանակներ Կերտել. Դաւիթ Իշխանեան

Նախ ուզում եմ Արցախից ջերմօրէն շնորհաւորել ձեզ ՀՅԴ 130-ամեակի առիթով: 2020թ.-ը ի սկզբանէ մեր ժողովրդի համար յոյսերի եւ ակնկալիքների տարի էր: Դժուար էր պատկերացնել այն աւարտը, որ մենք արձանագրեցինք տարեվերջին: Անցած 30 տարիների ազգային-ազատագրական պայքարում Արցախը համահայկական օրակարգում իր ուրոյն տեղն ունէր: Այն միշտ էլ առաջին հորիզոնականում էր: Պայքարն ունի երկուկողմ` յաղթանակ ու յաջողութիւններ, պարտութիւն ու կորուստներ: Այդպիսի պահեր մենք...

Դաշնակցական Անկրկնելի Հայը

Դաշնակցական Անկրկնելի Հայը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Դաժան ժամանակներ կ՛ապրինք բոլորս: Անհատական, ընտանեկան, հասարակական թէ ընկերային շրջանակներ վիշտի ու մորմոքի մէջ են ամէն օր եւ ամէնուրեք: Ազգովին աղէտահար ենք արեամբ ազատագրուած Արցախէն հողամասեր թուրքին ու ազրպէյճանցիին յանձնելու կատակերգութենէն ետք: Համատարած կռիւ է մեր ժողովուրդին համար` թշնամիին դէմ, համավարակին դէմ: Կռիւ` հայը հայ պահելու, կռիւ` Հայաստանն ու Արցախը հայ պահելու, կռիւ` հայուն յոյսն ու մարտունակութիւնը վառ...

Արցախ Բուրող Մարդը

Արցախ Բուրող Մարդը

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Հայ ժողովուրդին համար 2020-ին սկսած անդառնալի կորուստները տակաւին կը շարունակուին` հողային եւ մարդկային մակարդակներու վրայ: Հայութեան պարծանք նկատուող անհատներ, ղեկավարներ, պատասխանատուներ, զինուորներ, մարտիկներ ու նուիրեալներ ինկան Արցախի դէմ  սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին եւ անոր զուգահեռ ու անկէ ետք, տակաւին մարդկային կեանքեր հնձող «Քորոնա» համաճարակին իբրեւ հետեւանք: Անողոք մահը թակեց նաեւ Մասթըրին դուռը: Կարօ Քեպապճեանի փառքին մասին պատմութիւնը կը վկայէ:...

Անզուգական Մասթըր Կարոն

Անզուգական Մասթըր Կարոն

ՎԵՐԱ Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են անզուգական անձնաւորութիւններով, որոնց անժամանակ մահը իր սպին ձգած է մեր պատմութեան էջերուն վրայ: Մասթըր Կարօ Քեպապճեանն ալ անզուգական անձնաւորութիւն մըն էր, որուն կեանքին բոլոր էջերը պատմական էին` իրագործումներով, դժուարութիւններով, յաճախ տխրութեամբ, բայց միշտ` յոյսով լեցուն: Ան միշտ կը հաստատէր, որ ինք աշխարհ եկած էր առաքելութեամբ, եւ նոյնինքն այդ առաքելութիւնն էր, որ զինք առաջնորդած էր...

Բազմատեսակ Կարոն

Բազմատեսակ Կարոն

ՊԵՏՕ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Շատ լաւ կը յիշեմ, թէ ինչո՛ւ այս լուսանկարներուն առջեւ նկարուեցանք Կարոն ու ես: Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, արցախեան շարժման 30-ամեակին առթիւ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցչութեան կազմակերպած լուսանկարներու ցուցահանդէսի աւարտին էր: Իմ ետեւս, Կարոն, զինուորական տարազով, ապրիլ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին մեր զինուոր տղոց հետ, իր ետեւը` ինքը, Ստեփանակերտի Հայ սեւ գօտիներու միութեան ակումբին մէջ իր...

Page 428 of 1112 1 … 427 428 429 … 1,112

Արխիւներ