Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ցեղասպանութեան Հետեւանքներու Վերացման Ճամբուն…
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչական ձեռնարկներու աւարտին պահ մը խորհինք Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն ու անոնց վերացման կարելիութիւններուն մասին: Օսմանեան կայսրութիւնն ու անոր հետեւորդները միշտ ալ գործած են բռնի ուժի բանեցումով տարածքներ գրաւելու, ազգեր կոտորելու, անոնց հարստութեան տիրանալու տրամաբանութեամբ: Այս իրողութիւնը կը հաստատեն թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան եւ թէ՛ ներկայ Թուրքիոյ վարած ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնն ու դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու դարաւոր արիւնալի պատմութիւնը: Անոնք, օրինակ, չեն...




















