Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Շարլ Ազնաւուրի Հրապարակին վրայ Բացումը Կատարուեցաւ «Արցախի Կորսուած Կոթողները» Ցուցահանդէսին
«Արցախի կորսուած կոթողները» բացօթեայ ցուցահանդէսին` մարդիկ կրնան լուսանկարներու միջոցով ծանօթանալ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած յիսունէ աւելի պատմական մշակութային արժէք ունեցող կոթողներու, որոնք այժմ վտանգուած են:
1 եւ 2 մայիսին Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ կայացաւ ցուցահանդէս, զոր նախաձեռնած էր «Ժողովրդավարական համախմբում» կուսակցութիւնը: Կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Արթուր Աւետիսեանի խօսքով, իրենց նպատակն էր հասարակութեան մէջ բարձրացնել իրազեկուածութեան մակարդակը եւ յիշեցնել այն կոթողներուն մասին, որոնք կորսնցուցած ենք արցախեան 44-օրեայ պատերազմին պատճառով եւ վերարժեւորել այդ ամէնը:
«Լուսանկարներուն մէջ ներկայացուեցան 55 մշակութային կոթողներ: Համագործակցեցանք Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմին հետ, որուն առաջնորդը տրամադրած էր կոթողներուն ցանկը, իսկ լուսանկարները տրամադրած էր Հայկական ճարտարապետութիւն ուսումնասիրող հիմնադրամը, որուն նախագահը վաղամեռիկ յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանն էր:
Կարապետեան յուշարձանները լուսանկարած էր իր ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին», նշեց Աւետիսեան:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ կը նախատեսեն լուսանկարներու հիման վրայ պատկերագիրքեր հրատարակել եւ ներկայացնել Հայաստանի մէջ տարբեր դեսպանատուներու, որպէսզի դեսպանութիւններն ալ եւս մէկ անգամ տեսնեն, թէ ի՛նչ արժէքներ կորսնցուցած ենք: «Այս սպիտակ ցեղասպանութիւն է», եզրափակեց Արթուր Աւետիսեան:
Ցուցահանդէս Ազգային Պատկերասրահին` Մէջ` Նոր Հաղբատի Եւ Սանահինի Վանական Համալիրներուն Մասին
Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուան շրջանակներուն մէջ, ապրիլ 20-ին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «ՍԱ-ՆՐԱՆԻՑ-ՀԻՆ» խորագրով ցուցահանդէսին, որուն հիմնական նիւթերն էին Հաղբատի եւ Սանահինի վանական համալիրները:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ իբրեւ մարդկութեան ստեղծած բացառիկ արժէքներ ընդգրկուած միջնադարեան այս վանական համալիրները կառուցուած են հայկական հոգեւոր ճարտարապետութեան ծաղկման շրջանին եւ դարձած են միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր եւ գիտական լուսաւորչական կարեւորագոյն կեդրոնները:
Յայտնենք, որ բացման արարողութենէն առաջ Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնի տնօրէն Շուշանիկ Միրզախանեանի եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Մարինա Յակոբեանի միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր:
«Այս յուշագիրը մեր կառոյցներուն համագործակցութեան սկիզբն է: Վստահ եմ, որ իւրաքանչիւրս կղզիացած չենք կրնար շատ բան ընել, սակայն միասնական ուժերով ամէն ինչ կարելի է: Շատ կարեւոր կը նկատեմ կերպարուեստի եւ շարժապատկերի արուեստի միատեղ ցուցադրումը», նշեց Յակոբեան:
Շուշանիկ Միրզախանեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ «ՍԱ-ՆՐԱՆԻՑ-ՀԻՆ» խորագրով ցուցահանդէսին ներկայացուեցաւ Սերգէյ Փարաջանովի հանրայայտ «Նռան գոյնը» ժապաւէնին վերջնական տարբերակ չմտած հատուածները ամփոփող եզակի խմբագրումը:
«Ժապաւէնին ստեղծուելէն ետք, բաւական մեծ քանակութեամբ ժխտական դրուագներ չէին հրապարակուած եւ վերականգնուած: Անոնց հիմնական մասը նախապէս չէր խմբագրուած ամբողջական տարբերակի մէջ: 2018 թուականէն սկսեալ Ազգային շարժապատկերի կեդրոնը լեհական ընկերութիւններէն մէկուն հետ սկսաւ վերականգնման աշխատանքներուն», նշեց Միրզախանեան եւ աւելցուց, որ հետագային Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնին համալրուած այլ ցուցադրութիւններ նոյնպէս կ՛ունենան:
Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնի ժառանգութեան բաժինի ղեկավար Վիգէն Գալստեան ընդգծեց, որ «Նռան գոյնը» ժապաւէնին մէջ տեղ չգտած դրուագները, որոնք այժմ ներկայացուած են Ազգային պատկերասրահին մէջ, կ՛առնչուին հայկական տարբեր յուշարձաններու հետ` Հաղբատ, Սանահին, Ախթալա, Քոպայր: «Այդ տեսարաններէն արուել է ամբողջացում, որ կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս Փարաջանով վերաիմաստաւորած է միջնադարեան ճարտարապետութիւնը», նշեց Գալստեան:
Ցուցադրութեան հիմնական մասը կը կազմեն նաեւ Արշակ Ֆեթվաճեանի` արեւմտեան եւ արեւելեան Հայաստանի մէջ 1900-1919 թուականներուն շրջագայութիւններու ընթացքին բացառիկ ճշգրտութեամբ ստեղծուած հայկական եկեղեցիները եւ տաճարներուն ճարտարապետական մանրամասնութիւններուն եւ զարդաքանդակներուն անկրկնելի մատիտանկար-վաւերագիրները:
Նշենք, որ 1920-1922 թուականներուն Լուվրի Յարդարային արուեստներու եւ Լոնտոնի հանրայայտ Վիքթորիա եւ Ալպըրթ թանգարաններու, Բրիտանական Ճարտարապետներու արքայական ակադեմիայի հիմնարկին մէջ եւ այլուր ցուցադրուած եւ «Յայտնութիւն դարձած» ճարտարապետական այս գծանկարները այսօր Հայաստանի մէջ ցուցադրուեցան առաջին անգամ ըլլալով:
Մեծ վարպետութեամբ կատարուած մատիտանկարները կը ներկայացնեն վանական յայտնի համալիրներու սիւները եւ խոյակները, զարդագօտիները եւ որմնազարդերը, վարդակներն ու լուսամուտները: Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան նաեւ Հ. Շամշինեանի, Ե.Թադէոսեանի, Փ. Թերլեմեզեանի գեղանկարչական աշխատանքները եւ Ռ. Պետրոսովի, Վ. Այվազեանի, Հ. Ալխազեանի կրաֆիքական թերթերը:
Մուսա Լերան Հերոսամարտը` Ականատեսի Աչքերով. Տեղի Ունեցաւ Ֆրանսահայ Ծովային Սպայի Յուշագրութեան Շնորհահանդէսը
Մուսա Լերան հայերուն ինքնապաշտպանութեան, ֆրանսական նաւատորմի ծովայիններուն կողմէ անոնց փրկելու եւ հայ-ֆրանսական ընդհանուր յիշողութեան կարեւոր դրուագներ եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուեցան ֆրանսական նաւատորմի ծովային սպայ, թարգմանիչ Շարլ-Տիրան Թէքէեանի յուշագրութեան հիման վրայ հրատարակուած` «Քառամեայ պատերազմը Արեւելքի մէջ, ֆրանսական-հայկական գործընկերութիւնը պատերազմի ընթացքին» երկլեզու` հայերէն-ֆրանսերէն գիրքին մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ կայացած շնորհահանդէսին ընթացքին տնօրէն Յարութիւն Մարութեան, բարձր գնահատելով ֆրանսական նաւատորմի ծովային սպայ, թարգմանիչ Շարլ-Տիրան Թէքէեանի յուշագրութեան վերահրատարակութեան մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները, շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքին ֆրանսերէն եւ հայերէն տարբերակները հրատարակողներուն եւ աջակցողներուն:
«Գիրքին մէջ ականատեսի աչքերով կը ներկայացուին Մուսա Լերան ինքնապաշտպանութեան եւ ֆրանսացի ծովայիններու օգնութեամբ փրկուած հայերուն մասին ուշագրաւ մանրամասնութիւններ», ըսաւ Մարութեան` աւելցնելով, որ գիրքը հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ նաեւ գիտական հանրութեան համար:
Ըստ անոր, ընթերցանութեան համար առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն նաեւ ժամանակի պատմական շարք մը առանձնայատկութիւններու մասին այն ծանօթագրութիւնները, որոնք հեղինակած է Սարդարապատի թանգարանի նախկին տնօրէն Կարէն Արիստակէսեանը:
Յուշագրութեան հրատարակման աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը:
Կարեւոր համարելով Ֆրանսայի հայազգի ծովային սպայի յուշագրութիւնը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը գիրքը արժեւորեց հայ-ֆրանսական խոր արմատներ ունեցող յարաբերութիւններուն յիշողութիւնը ամրապնդելու եւ միասին առաջ ընթանալու տեսանկիւնէն:
Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեանի խօսքով, ականատեսի աչքերով Մուսա Լերան ինքնապաշտպանութեան եւ հայութեան փրկագործութեան մասին պատմող յուշագրութիւնը նաեւ սկզբնաղբիւր է:
«Այստեղ ճշդուած են շարք մը դէպքեր եւ իրադարձութիւններ, որոնք ներկայացուած են շատ խոր մօտեցումով: Կան շատ հետաքրքրական փաստեր Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ-ֆրանսական գործակցութեան մասին», նշած է պատմաբանը` ըսելով, որ հակառակ Մուսա Լերան հերոսամարտը ընդհանրապէս ներկայացուած է քառասնօրեայ տեւողութեամբ, սակայն գիրքին մէջ թիւերով եւ փաստերով հիմնաւորուած է, թէ այն տեւած է աւելի քան 50 օր:
Հայ-ֆրանսական ընդհանուր յիշողութեան կարեւոր դրուագ պատմող այս գիրքը լոյս տեսած է նաեւ մուսալեռցիներու ժառանգներ Զոհրապ Թազեանի եւ Յակոբ Ճամպազեանի աջակցութեամբ:
Գիրքին մէջ 1919-ին լոյս տեսած իր յուշերուն մէջ ֆրանսական նաւատորմի ծովային սպայ, թարգմանիչ Շարլ-Տիրան Թէքէեան, որ յատուկ դեր խաղացած է փրկութեան այս գործողութեան մէջ, պատմած է թրքական ճիրաններէն Մուսա Լերան հայերուն փրկութեան մասին:
Կոմիտասի Անուան Պետական Երաժշտանոցի Ուսանողները Յաղթանակով Վերադարձան Միջազգային Մրցոյթէն
Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ուսանողները Մոսկուայի մէջ մասնակցեցան «Խոսէ Քարերաս Կրան փրի» դասական երգի միջազգային երկրորդ մրցոյթին եւ գրաւեցին մրցանակային դիրքեր:
«Մրցոյթին օտար մասնակիցի կողմէ ռուս երգահանին ստեղծագործութեան լաւագոյն կատարման համար» յատուկ մրցանակի եւ «Լաւագոյն սոփրանօ» անուանակարգերուն մէջ երկրորդ մրցանակին արժանացաւ Լիլիթ Դաւթեանը, իսկ «Լաւագոյն պարիթոն» անուանակարգին երրորդ մրցանակին արժանացաւ Նաւասարդ Յակոբեան: Երեւանի պետական երաժշտանոցի շրջանաւարտ Սարգիս Բաժբէուկ-Մելիքեանը` «Լաւագոյն պաս» անուանակարգին մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը», ըստ երաժշտանոցին յայտարարած հաղորդագրութեան:
Արմէն Էլբակեանի Հետ Հանդիպումով Մեկնարկեց «Քո Արուեստը Դպրոցի Մէջ» Կրթական Մշակութային Ծրագիրը
Դպրոց-մշակութային կազմակերպութիւն, աշակերտ-արուեստագէտ կապը ամրապնդելու նպատակով ապրիլ 30-ին Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ մեկնարկեց «Քո արուեստը դպրոցի մէջ» կրթական մշակութային ծրագիրը:
Աշակերտները կարելիութիւն ունեցան հանդիպելու կրթութեան ոլորտի պատասխանատուներու` Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Տումանեանի, նախարարի տեղակալներ Արա Խզմալեանի, Ժաննա Անդրէասեանի եւ զրուցել Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, բեմադրիչ Արմէն Էլբակեանի հետ:
Նախարար Վահրամ Տումանեան յայտնեց, որ յետպատերազմեան շրջանին շատ կը խօսուի անվտանգութեան մասին, իսկ այն կը սկսի կրթութենէն: «Դպրոցներու մէջ մեր սերունդները` երկրի տէրերը, կը սորվին կարդալ, մտածել, իսկ ճիշդ մտածողութիւնը անվտանգութեան ամէնէն մեծ երաշխիքն է», շեշտեց ան:
Նախարարը ընդգծեց, որ մայր թատրոնին մէջ, ուր մեկնարկած է ծրագիրը, տարիներ շարունակ հրաշալի ներկայացումներ բեմադրած են հրաշալի դերասաններու, արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, եւ արուեստը հոգեւոր կրթութիւն է, իսկ «Քո արուեստը դպրոցի մէջ» ծրագիրին միջոցով աշակերտները կրցան հոգեւոր սնունդ ստանալ:
«Մենք շատ յաճախ բարձր ձայնով կ՛ըսենք, որ շփումներու լուրջ մշակոյթի հարց ունինք, որպէսզի ընկալենք արուեստը, որակի հարց ունինք, նշենք, որ մեր հանդիսատեսը պատրաստ չէ ներկայացում դիտելու, բարձրաճաշակ երաժշտութիւն ունկնդրելու: Ըստիս, այս հասարակական արատներուն եւ թերութիւններուն պատճառը կրթութիւնն է: Կրթական համակարգին մէջ արուեստը չի զբաղեցներ այն տեղը, որ անհրաժեշտ է: Փորձը ցոյց տուաւ, որ պատանիները մեծ սպասումներ ունին կրթական-մշակութային ծրագիրներէն եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը մասնակցին անոնց», շեշտեց փոխնախարարի պաշտօնակատար Արա Խզմալեան:
Ան յիշեցուց, որ կ՛իրականացնեն «Դաս Ա.» երաժշտական ծրագիրը, «Դասարան փլիւս դասական» թատերական, կրթական- մշակութային նախագիծը, եւ համանման նախագիծերու շարքը կու գայ համալրելու «Քո արուեստը դպրոցի մէջ» կրթական մշակութային ծրագիրին:
Ըստ Խզմալեանի, ծրագիրը կը միտի աշակերտներուն արուեստի աշխարհի հմայքը, հրապոյրը ներկայացնելու, ճանաչելի դարձնելու ժամանակակից արուեստագէտներուն, աշակերտներուն մասնագիտութեան ընտրութեան հարցին մէջ կողմնորոշութեան օգնելու: «Եթէ մենք չձեւաւորենք մեքանիզմներ, որոնցմով պատանին պէտք է առաջնորդուի մասնագիտութիւն ընտրելու ժամանակ, ապա կ՛ունենանք կոտրուած ճակատագիրներ, չկայացած քաղաքացիներ, մասնագիտութիւնը չգտած, հետեւաբար իր անձը չգտած քաղաքացի: Այս ամէնը կը դառնայ ընկերային դժգոհութիւններու պատճառով: Կը կարծեմ, որ մարդկային երջանկութեան, լիարժէքութեան համար չափազանց կարեւոր է ճիշդ մասնագիտութիւն ընտրելը եւ մասնագիտացած ըլլալը: Այս հարցին մէջ պատանիներուն կ՛օգնեն վերոնշեալ նախագիծները», եզրափակեց Արա Խզմալեան:
Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ բեմադրիչ Արմէն Էլբակեանն ալ նախքան աշակերտներուն հետ զրուցելը նշեց, որ մարդ արարածը լոյս աշխարհ կու գայ արուեստը կրելով, յետոյ կը սկսի գիտակցելու, թէ ո՛ւր կը գտնուի ինք, ի՞նչ մթնոլորտի մէջ կ՛ապրի, ի՞նչն է ապրելու նպատակը եւ ինչպէ՞ս պէտք է ապրի, որպէսզի կարենայ գնահատել այն ամէնը, որ կը կատարուի շուրջը եւ իր ներդրումը կ՛ունենայ յաւիտենական շարժման մէջ, որ կեանք կը կոչուի:
Էլբակեանի համոզումով, կարեւոր է հարստանալ այն մշակութային արժէքներով, որոնք ստեղծուած են, եւ որոնք անհրաժեշտ են փոխանցելու պատանիներուն, որպէսզի անոնք ալ հասկնան ապրելու իմաստը եւ գտնեն իրենց շուրջ տիրող քաոսէն ազատագրուելու ճանապարհը:
2021 թուականի ապրիլէն նոյեմբեր Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիան պիտի իրականացնէ «Քո արուեստը դպրոցի մէջ» մշակութային կրթական ծրագիրը, որ կը ներառէ դասախօսութիւն-հանդիպումներու շարք` յայտնի արուեստագէտներու հետ, նախատեսուած` 8-12-րդ դասարաններու աշակերտներու համար:
Ապրիլին եւ մայիսին Երեւանի մէջ հանդիպում-դասախօսութիւններով հանդէս պիտի գան` բեմադրիչ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Արմէն Էլբակեանը, Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչ Վոլոդիա Մարգարեանը (Վալմար), ճազ-երաժիշտ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Արմէն Հիւսնունցը, դերասան, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Տիգրան Ներսիսեանը, լուսանկարիչ Տաթեւ Մնացականեանը, Աբովեանի մէջ` երգահան, երաժիշտ Վահան Արծրունին, թատերագիր, թատերագէտ Անուշ Ասլիբէկեանը, Աշտարակի մէջ` ազգագրագէտ եւ պարուսոյց Գագիկ Կինոսեանը, Վանաձորի մէջ` բեմադրիչ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Վահէ Շահվերդեանը, թատերագիր, արձակագիր, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Սամուէլ Խալաթեանը, Եղէգնաձորի մէջ` դերասան, պարող Ստեփան Ղամբարեանը:
«Քո արուեստը դպրոցի մէջ» ծրագիրը պիտի իրականանայ Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ: 30 արուեստագէտի հետ հանդիպումներուն պիտի մասնակցին աշակերտներ` 600 դպրոցէ: Դասախօսութիւններուն պիտի ուղեկցուին արուեստագէտները ներկայացնող յատուկ պատրաստուած տեսաժապաւէններ եւ տեսալսողական նիւթեր: Հանդիպումները պիտի տեսանկարահանուին եւ հասանելի պիտի դառնան ծրագիրի Դիմատետրի պաշտօնական էջով` www.facebook.com/arttoschool, ուր պիտի կայանան նաեւ խաղ-վիքթորինաներ` դպրոցականներու հետաքրքրութիւնը եւ ներգրաւուածութիւնը աւելցնելու նպատակով:
Հայաստանի Մարզերուն Մէջ Իրականացուեցան Ընթերցանութիւն Խթանող Ձեռնարկներ Եւ Վարպետութեան Դասեր
«ԻԲԲԻ Արմենիա» մշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը «ԻԲԲԻ Եամատա» հիմնադրամի «Ընթերցող դառնալու երեխային իրաւունքը» խորագիրով դրամաշնորհային ծրագիրի շրջանակին մէջ 2020-2021 թուականներուն իրականացուցեր է «Ընթերցանութեան խթանման ձեռնարկներ եւ վարպետութեան դասեր Հայաստանի մարզերուն մէջ» ծրագիրը, որուն նպատակն է խթանել մանկական գիրքի տարածումը, ընթերցանութեան մակարդակին բարձրացումն ու ամրապնդումը մարզերու մէջ:
Ընթերցանութեան խթանման վարպետութեան դասերը եւ ձեռնարկները իրականացուած են Սիւնիքի մարզի Գորիսի, Լոռիի մարզի Սպիտակի, Արագածոտնի մարզի Ապարանի, Արմաւիրի մարզի Էջմիածինի եւ Տաւուշի մարզի Իջեւանի քաղաքային գրադարաններուն մէջ:
Ձեռնարկներու ծիրին մէջ ժամանակակից մանկապատանեկան գրողներուն հետ հանդիպման մասնակցած են մարզերու կրտսեր եւ միջին տարիքի մօտաւորապէս 500 երեխաներ, իրականացած է մանկապատանեկան գիրքի 4 առկայ եւ 16 առցանց ընթերցումներ եւ քննարկումներ:
Փոքրիկ եւ պատանի գրքասէրներուն հետ հանդիպման ժամանակ մանկապատանեկան ոլորտի գրողներ` Աննա Ասլանեանը ներկայացուցած է «Գագիկն ընկել է երազների գիրկը», Էտկար Թաթիկեանը` «Ձնէմարդը», Օլկա Դարեանը` «Խաղողի երկիրը կամ խխունջի, խլուրդի ու խատուտիկի ճանապարհորդութիւնը», Յովիկ Մխիթարեանը` «Սքանչելին» ստեղծագործութիւնները: Երեխաները, զիրենք մտահոգող բազմաթիւ հարցումներ ուղղած են գրողներուն եւ կիսուած են ստեղծագործութիւններուն մասին իրենց տպաւորութիւններով: Գրողները սիրով պատասխանած են երեխաներուն բազմաթիւ հարցումներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնած են անկաշկանդ հարցադրումներուն, համարձակ դիտարկումներուն եւ հետաքրքրական քննարկումներուն համար: