ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յունաստանն ու աշխարհը հրաժեշտ կու տան Յունաստանի խորհրդանիշ դարձած երաժիշտին` համաշխարհային համբաւի տէր յօրինող եւ խմբավար, խաղաղութեան համար պայքարի մարտիկ Միքիս Թէոտորաքիսին, որ մահացաւ 96 տարեկան հասակին, 2 սեպտեմբեր 2021 թուականին:
Յունաստանի արդի պատմութիւնն ու մարդկութեան երաժշտական գանձարանը իր անմահ յօրինումներով հարստացուցած երաժիշտը նաեւ քաղաքական գործիչ էր, եղած էր նախարար եւ չորս անգամ ընտրուած` Յունաստանի խորհրդարանի անդամ: Դիմադրութեան զանազան շարժումներու մասնակցելով, բանտարկուելով եւ հալածանքներու ենթարկուելով` նաեւ վտանգած է առողջութիւնը:
Իր մահուան առիթով մամուլը կը հաղորդէ, որ Թէոտորաքիս երկար ժամանակ հիւանդ էր, բայց նոյնիսկ յառաջացած տարիքին եւ տկար զգալով` զանազան զգայուն հարցերու շուրջ իր ձայնը կը հնչեցնէր:
Երաժիշտը, որ ստեղծագործած է երաժշտութեան գրեթէ բոլոր ժանրերով, համաշխարհային համբաւի արժանացած է «Յոյն Զոռպան» եռակի օսքարակիր շարժանկարի համար գրուած «Սիրթաքի» երաժշտութեամբ: Կրետէի աւանդական երաժշտութենէ սնանած այս եղանակը այսօր աշխարհի մէջ ամէնէն ճանչցուած յունական մեղեդին է, իսկ «Սիրթաքի» երաժշտութեան ուղեկցութեամբ պարուող պարը, որ կը պարեն աշխարհի ամէն կողմ, Յունաստանի խորհրդանիշներէն մէկն է:
«Բրիտանական ժապաւէնի ակադեմիայի մրցանակներ» եւ այլ պարգեւներու արժանացած Թէոտորաքիս նաեւ «Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման համար» միջազգային Լենինի մրցանակի դափնեկիր է, որ անոր շնորհուած է 1983 թուականին: 2013 թուականին Միքիս Թէոտորաքիս Յունաստանի Կաճառի պատուոյ անդամ կ՛ընտրուի, իսկ 2020 թուականի ապրիլին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրամանագրով կ՛արժանանայ «Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 75-ամեակ» շքանշանին:
Երաժիշտը դիմած է յունական ազգային եւ դասական երաժշտութեան բոլոր տեսակներուն, ստեղծած է` օփերաներ, սենեկային երաժշտութիւն, եկեղեցական խմբերգներ, թատրոնի եւ շարժապատկերի մեղեդիներ եւ այլն, բայց առաւելաբար նշանաւոր են բանաստեղծութիւններու երաժշտական ձեւաւորումները, զորս ան կատարած է յոյն եւ օտար մրցանակակիր բանաստեղծներու քերթուածները գործածելով: Անոր յօրինումները մեկնաբանած են աշխարահռչակ արուեստագէտներ ու երաժշտական խումբեր. ինչպէս` «Պիթըլզ», Շերլի Պեսի, Էտիթ Փիաֆ, Ալ Պանօ եւ այլք:
Պայքարի Ճամբայ
17 տարեկանէն ստեղծագործել սկսելով` Միքիս Թէոտորաքիս այդ տարիքին արդէն ի ցոյց դրած է քաղաքական պայքարի եւ դիմադրութեան իր ջիղը, եւ համերգներուն զուգահեռ, 1940-ականներուն մաս կազմած է գերմանացի նուաճողներուն դէմ յունական դիմադրութեան: 25 մարտ 1945 թուականին, գերմանացիներուն դէմ կազմակերպուած մեծ բողոքի ցոյցին ընթացքին կը ձերբակալուի, բանտ կը նետուի եւ չարչարանքներու կ՛ենթարկուի: Կը յաջողի Աթէնք փախչիլ, ուր կ՛անդամագրուի «Յունական ժողովրդային ազատագրական բանակ»-ին, կը ծանօթանայ Մանոս Խածիտաքիսին` նշանաւոր յոյն յօրինող, հետագային` օսքարակիր արուեստագէտ, եւ այս ծանօթութիւնն ու անոր հետ բարեկամութիւնը ազդեցութիւն կը ձգեն իրեն վրայ: Միաժամանակ «Դեկտեմբերեան բախումներ»-ուն ընթացքին կը կռուի կառավարական եւ բրիտանական ուժերու կողքին: Նոյն ժամանակամիջոցին կ՛ուսանի Աթէնքի երաժշտանոցին մէջ, բայց բախումներէն ետք ոստիկանութիւնը զինք կը հալածէ: Թէոտորաքիս Աթէնք կը թաքնուի, կը յայտնաբերուի եւ 1947 թուականին կը ձերբակալուի զանգուածային կալանաւորումներու ընթացքին, զայն կ՛աքսորեն Իքարիա կղզի:
1947 թուականի վերջերուն, Տեմիստոքլիս Սոֆուլիսի վարչապետութեան ընթացքին ընդհանուր ներում կը շնորհուի: Թէոտորաքիս կը մասնակցի «Աթէնքի զինուորական բանակ»-ի զէնքի ամրացման խումբերուն, կը հիւանդանայ, սակայն կրկին կը ձերբակալուի ու կ՛աքսորուի: Աքսորի մէջ կը գրէ «Եղերերգութիւն եւ ողբ Վասիլիս Զանոյին համար» գործը` ի յիշատակ Վասիլիս Զանօ երիտասարդին, որ կը գնդակահարուի 1948 թուականին: Ապա կը ղրկուի Մաքրոնիսօ կղզիի բանակատեղին, ուր կը չարչարուի:
Շնորհիւ հօր եւ հօրեղբօր միջամտութիւններուն, իբրեւ հաշմանդամ, ազատ կ՛արձակուի:
Ուսում Եւ Ճանաչում
1949 թուականին ընտանիքը զայն Կրետէ կը ղրկէ` բուժումի: 1950 թուականին Աթէնք կը վերադառնայ եւ մայրաքաղաքի երաժշտանոցը կ’աւարտէ: 1950 թուականին, երբ Յունաստանի զինեալ ուժերուն մէջ զինուորական ծառայութիւն կը կատարէր, միջանձնային դէպքի մը պատճառով ինքնասպանութեան փորձ կը կատարէ:
1954 թուականին կ’արձանագրուի Փարիզի երաժշտանոցը, ուր կ’ուսանի երաժշտութեան ուսումնասիրութիւն եւ խմբավարութիւն:
1957 թուականին արդէն կը սկսի անոր միջազգային համբաւը, երբ կարգ մը ներկայացումներու համար գրուած իր թատերապարերը ծափողջոյններով եւ մեծ գնահատանքով կը դիմաւորուին: Մոսկուայի փառատօնին «Ոսկեայ մետալ» մրցանակին կ՛արժանանայ. մրցանակը կը ստանայ ձեռամբ 20-րդ դարու մեծագոյն երաժիշտ Տմիթրի Շոսթաքովիչէն: Կը սկսի երաժիշտին միջազգային յաղթարշաւը, եւ Միքիս Թէոտորաքիս 1960 թուականին Յունաստան կը վերադառնայ: Նոյն տարուան սեպտեմբերին կը ձայնագրուի անոր «Էփիթաֆիոս» գործը: Թէոտորաքիսի այս յօրինումը յունական երաժշտութեան նոր ճամբաներ կը բանայ, կը միաւորէ ժամանակակից յունական բանաստեղծութիւնը այդ օրերու ժողովրդային երաժշտութեան հետ, որ նորութիւն էր: «Էփիթաֆիոս»-ը կը կատարեն նշանաւոր երգիչներ:
Նոյն տարին Թէոտորաքիս կ՛աւարտէ Օտիսէաս Էլիթիսի մէկ բանաստեղծութեան նուագագրումը, բայց կը հրապարակէ 1964 թուականի վերջերուն, քանի որ հասարակութիւնը տակաւին պատրաստ չէր նորարարութիւններու:
1963 թուականին, լրագրող Լամպրաքիսի ահաբեկումէն անմիջապէս ետք, կը հիմնուի «Լամպրաքի երիտասարդական միութիւն»-ը ու Թէոտորաքիս անոր առաջին նախագահը կ’ընտրուի, առաջին օրէն կ՛անդամագրուին տասնեակ հազարներ: Նոյն ժամանակ Յունաստանի ընտրութիւններուն «Ժողովրդավար ձախակողմեան միութիւն» կուսակցութեան երեսփոխան կ՛ընտրուի:
21 ապրիլ 1967 թուականին, երբ Յունաստանի մէջ զինուորական յեղաշրջման իբրեւ արդիւնք բռնատիրական վարչակարգ կը հաստատուի, Թէոտորաքիս պայքարի կ՛անցնի: Ան բռնատիրութեան դէմ առաջին կոչը կ՛ուղղէ 23 ապրիլ 1967 թուականին: 1967 թուականի մայիսին շատերու հետ առաջին դիմադրական կազմակերպութիւնը` «Հայրենասիրական հակաբռնատիրական ճակատ»-ը կը հիմնէ ու անոր նախագահը կ՛ընտրուի: 1967 թուականի օգոստոսին Միքիս Թէոտորաքիս կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի, բանտէն կ՛արձակեն եւ տնային մեկուսացում կը նշանակեն: Կը յաջորդէ ընտանիքին` կնոջ եւ երկու զաւակներուն հետ աքսորուիլը Արքատիա նահանգի Զաթունա շրջանը եւ ապա իր բանտարկուիլը` Օրոփոյի բանակավայրին մէջ: Իր գործերուն մէկ մասը կը յաջողի զանազան ձեւերով ղրկել արտասահման, ուր կը մեկնաբանուին Մելինա Մերքիւրիի եւ Մարիա Ֆարանթուրիի կողմէ: Օրոփոյի բանակավայրին մէջ Թէոտորաքիսին առողջութիւնը կը վատթարանայ: Արտասահմանի մէջ, յաջակցութիւն անոր, բողոքի ձայներ կը բարձրանան: Անձնաւորութիւններ, ինչպէս օրինակ` Շոսթաքովիչ, Արթիւր Միլըր, Լորանս Օլիվիէ, Իվ Մոնթան եւ շատ ուրիշներ, յանձնախումբեր կազմելով, անոր ազատագրումը կը պահանջեն: 1970 թուականի ապրիլին ազատ կ’արձակուի ու Փարիզ կը հասնի: Արտասահմանէն անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղէ բռնատիրութեան դէմ եւ Յունաստանի մէջ ժողովրդավար կարգերուն վերահաստատման համար:
1972 թուականին Իսրայէլ կ’այցելէ ու համերգներու շարք մը կու տայ: Կը տեսակցի Եասեր Արաֆաթին հետ, որուն կը փոխանցէ Իսրայէլի կառավարութեան առաջարկը` երկկողմանի երկխօսութիւն սկսելու համար:
1974 թուականին ուրիշ համբաւաւոր անձնաւորութիւններու հետ կը մասնակցի «Փորձը» ժապաւէնին:
Բռնատէր վարչակարգին անկումով, Միքիս Թէոտորաքիս Յունաստան կը վերադառնայ:
1976 թուականին կը հիմնէ «Խաղաղութեան մշակոյթը» շարժումը:
1981 թուականին Յունաստան կ՛այցելէ Եասեր Արաֆաթ: Իր Յունաստան կեցութեան ընթացքին կը հանդիպի Թէոտորաքիսին եւ անկէ կը խնդրէ յօրինել Պաղեստինի քայլերգը: Ուրիշ քայլերգներ նոյնպէս յօրինած է:
Թէոտորաքիս Յունաստանի եւ արտասահմանի մէջ բազմաթիւ համերգներ կու տայ: Միաժամանակ Յունաստանի խորհրդարանին մէջ երեսփոխան կ՛ընտրուի` 1981-1986 եւ 1989-1992 թուականներուն, ինչպէս նաեւ պետական նախարարի պաշտօնը կը վարէ 1990-1992 թուականներու միջեւ:
1986 թուականին կը հիմնուին յոյն-թրքական բարեկամութեան յանձնախումբեր: Թէոտորաքիս կ՛ընդառաջէ այս նախաձեռնութիւններուն եւ Թուրքիոյ մէջ համերգներու շարք մը կու տայ: Նոյն տարին, Չեռնոպիլի հիւլէական կայանի աղէտէն ետք, հիւլէական ուժանիւթի դէմ պայքարի համերգներու շարք մը կը կազմակերպէ Եւրոպայի տարածքին:
1988 թուականին, Թէոտորաքիսի նախաձեռնութեամբ, Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ` Թիպիկեն եւ Քոլոնիա, խաղաղութեան համար երկու համաժողովներ կը կազմակերպուին: Այդ ժողովներուն կը մասնակցին ծանօթ անձնաւորութիւններ` քաղաքագէտներ Օսքար Լաֆոնթեն եւ Եոհաննէս Ռաու, իմաստասէրներ, գրագէտներ, արուեստագէտներ:
1990 թուականին թիւով 36 համերգ կ՛ունենայ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ: Արեւու ներուժին օգտագործման ի նպաստ համերգներ կը կազմակերպէ: Միաժամանակ «Մարդու իրաւունքներ»-ուն համար կը պայքարի` այցելելով Ալպանիա եւ Թուրքիա:
1993 թուականին Յունաստանի պետական ձայնասփիւռի երաժշտութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը կը ստանձնէ:
1994 թուականին Նորվեկիոյ Օսլօ մայրաքաղաքին մէջ մեծ շուքով կը տօնուի Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ հաշտութեան համաձայնագրին ստորագրուիլը: Կազմակերպիչները, նկատի առնելով Թէոտորաքիսի ներդրումը հաշտութեան գործընթացին մէջ, անոր կ՛առաջարկեն ներկայացնել իր երկու գործերը, որոնց կարգին` Պաղեստինի քայլերգը: Նոյն տարին Թէոտորաքիս կ՛այցելէ Ալճերիա, Եգիպտոս, Թունուզ եւ Լիբանան: 1995 եւ 1999 թուականներուն յաջորդաբար կը ներկայացնէ երկու օփերաներ` «Էլեքթրա» եւ «Անտիղոնի»: Միաժամանակ աշխարհի տարածքին քաղաքական կարեւոր եղելութիւններուն շուրջ իր խօսքը կը հնչեցնէ: Այդ խօսքը կը վերաբերի յոյն-թրքական բարեկամութեան, Եուկոսլաւիոյ ռմբակոծումներուն, Աֆղանիստանի, Իրաքի պատերազմներուն եւ այլն:
Իր ողջ կեանքի ընթացքին Միքիս Թէոտորաքիս պայքարած է Յունաստանի մէջ համամարդկային արժէքներու եւ ժողովրդավարութեան հաստատման համար` թէ՛ անմիջապէս պայքարի դաշտ նետուելով եւ թէ՛ ստեղծելով համամարդկային նշանակութեամբ արուեստ:
Երեւան
«Ժամանակ»