Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոսկեդարու Անմահանուն Կերտիչներու Տօնին Ընդառաջ. Հայոց Ոսկեղենիկը Անաղարտ Պահելու Հրամայականը

Հոկտեմբեր 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Հայոց լեզուի մէջ մարմնացած է
հայ ժողովուրդի հոգին:
Ամէն մի բառը նրա հոգու մի կտորն է»

Աւետիք Իսահակեան

Սրբոց Թարգմանչաց տօնը, ազգային եւ եկեղեցական տօն ըլլալու իրողութենէն բացի,  բազմաթիւ պատգամներ կը պարփակէ: Աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը ներքին` դպրոցական եւ արտաքին` ժողովրդային հանդիսութիւններու մակարդակով կը մեծարէ ոսկեդարու անմահանուն կերտիչներու` թարգմանիչ վարդապետներու ու մասնաւորաբար Մեսրոպ Մաշտոցի անկրկնելի վաստակը, որոնք դարերու ընթացքին հայապահպանման կենսատու աղբիւր եւ գոյատեւման արգասիքը հանդիսացան:

Թարգմանչաց Տօնակարգը

Սակայն, նախքան իրենց վաստակին անդրադառնալը, անգամ մը եւս զանոնք լուսարձակի տակ առնելը եւ համաշխարհայնացման յորձանուտին մէջ հայոց լեզուի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին սրտբաց արտայայտուիլը, հարկ է նշել, որ տարին քանի մը անգամ առանձնայատուկ կերպով կը յիշատակուին հայոց թարգմանիչներու տօնը հետեւեալ կարգով.

Ա.- Սրբոց Թարգմանչաց տօն, Խաչվերացի տօնին չորրորդ կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը, 8-14 հոկտեմբերի միջեւ: Այս տօնը  կը խորհրդանշէ գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, Թարգմանչաց շարժումն ու հայ դպրութեան սկիզբը: Այս անուան ներքեւ կը տօնուին եւ կը յիշատակուին թարգմանիչ վեց վարդապետները` Մեսրոպ Մաշտոց, Եղիշէ, Մովսէս Խորենացի, Դաւիթ Անյաղթ, Գրիգոր Նարեկացի եւ Ներսէս Շնորհալի (Կլայեցի): Այս տարի Թարգմանչաց տօնը կը զուգադիպի շաբաթ, 9 հոկտեմբերին:

Բ.- Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոց` Սահակայ եւ Մեսրոպայ, որ կը նշուի Հոգեգալստեան տօնի չորրորդ կիրակիին յաջորդող հինգշաբթի օրը: Այս տարի տօնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 24 յունիսին:

Գ.- Իսկ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Ս. Սահակ Պարթեւի շուրջ հարիւր սուրբ աշակերտներու տօնը շարժական է եւ Թարգմանիչ վարդապետներու անուան տակ կը նշուին 3 հոկտեմբերէն 7 նոյեմբերի միջեւ:

Մեսրոպ Մաշտոցի Տեսլականը

Քրիստոնէութեան ընդունումէն հարիւր տարի ետք Հայաստան աշխարհի մէջ հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը պահած էր հեթանոսական կրօնն ու սովորութիւնները: Մեսրոպ Մաշտոց` հեռատես ու հայրենասէր հոգեւորականը, խորապէս կը մտածէ, որ քրիստոնէական կրօնի արմատացման հիմքը մայրենի լեզուով աղօթելու, կարդալու, գրելու, արարելու մէջ կը կայանայ եւ ասոր իրականացման միակ եւ անհրաժեշտ միջոցը սեփական գիրեր ստեղծելու հրամայականին մէջն է: Բնական է, որ օրուան կաթողիկոս Սահակ Պարթեւին եւ Վռամշապուհ արքային քաջալերանքը խթան հանդիսացան, որ Մեսրոպ Մաշտոց ձեռնամուխ ըլլայ հայոց գիրերու ստեղծման: Որքան աստուածահաճոյ եւ խորիմաստ է, երբ իր աշակերտներուն օժանդակութեամբ թարգմանեցին Աստուածաշունչի Առակաց գիրքի առաջին նախադասութիւնը. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» (Ճանչնալ իմաստութիւնը եւ խրատը, իմանալ հանճարի խօսքերը):

Մեսրոպ Մաշտոցի վաստակէն օգտուեցան նաեւ այլ ժողովուրդներ: Հին հայկական թարգմանութիւններու շնորհիւ` անհամեմատ կորուստէ փրկուեցան համաշխարհային մշակոյթի եւ գիտութեան բազմաթիւ յուշարձանները, որոնց բնագիրները պահպանուած չեն:

Հայոց Լեզուին Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները

Ներկայ դարուն մերօրեայ դժուարութիւններուն դէմ յանդիման կանգնած` արդեօք ի՞նչ կը պատգամեն մեզի թարգմանիչ վարդապետները: Կասկածէ վեր է, որ թարգմանիչներու մտահոգութեան առանցքը հանդիսացած է նաեւ քրիստոնէական հաւատքը մատչելի դարձնել ժողովուրդին, իսկ երկրորդ` իրերայաջորդ սերունդներու ուսերուն հայախօսութեան հրամայական պարտականութիւնը բեռցնել: Սակայն բաւարա՞ր է միայն հայերէն խօսիլ, գրել ու կարդալ եւ մեր պատեանին մէջ ներքաշուիլ: Ո՛չ, երբեք: Մենք նաեւ միջոցներ որոնելու ենք ոչ հայախօս մեր բարեկամներուն ու հարազատներուն (որոնք հայկական մականուն կը կրեն, սակայն հայերէն չեն խօսիր այլեւայլ պատճառաբանութիւններով) ծանօթացնելու մեր պատմութիւնը, գրականութիւնը եւ գանձերը: Զգուշ ըլլալու ենք, որ չազդուինք համաշխարհայնացման վտանգաւոր ալիքէն, որուն նպատակն է արմատէն շեղել, օտար աւանդութիւններու մէջ կլանուիլ եւ մոռնալ մերը` ազգայինը, մայրենին, մշակոյթը: Այս առումով, հայախօսութիւնը տան մէջ, շրջապատին մէջ, նոյնիսկ սփիւռքի հեռաւոր ափերուն կենսական է երաշխաւորելու համար սերունդներու իբրեւ հայ գոյատեւումը: Այստեղ հարկ է ընդգծել այն հեռատես ու ազգասէր հայորդիները, որոնք իրենց տունը վերածած են փոքրիկ Հայաստանի` հայ ժողովուրդին տրամադրելով արժէքաւոր եւ ձեռներէց հայեր:

Ցաւ ի սիրտ կայ այլ յոռի երեւոյթ մըն ալ, որ ներկայիս տարածուած համակարգչային լեզուն է, որուն օգտատէրերուն մեծ մասը լատինատառ հայերէն կը գործածէ, ինչ որ այբուբենի հանդէպ բծախնդրութիւնը կը պակսեցնէ եւ մեր լեզուն անթերի գործածութեան մէջ նահանջ կ՛արձանագրէ: Այսուհանդերձ, դրական եւ գնահատելի երեւոյթ կը նկատուի կարգ մը օգտատէրերու կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ հայատառ գրելը:

Թարգմանչաց Պատգամը

Թարգմանչաց տօնին պատգամը հայ դպրոցէն եւ հայ եկեղեցիէն ուղղուելէ բացի, մեր սեւեռակէտը կ՛երթայ հայ մօր, որուն վերապահուած է առանձնայատուկ առաքելութիւն մը: Հայ մօր պարտականութիւնը միայն մայրանալ չէ, այլ` զաւակին մէջ կերտել հայու աննկուն ոգին, հայասիրութիւնը եւ հայապահպանումը: Մեր վիպագիրներէն Ղազարոս Աղայեան որքան դիպուկ կերպով կը ներկայացնէ հայ մօր դերը մայրենի լեզուին գուրգուրալու կարեւորութեան մասին. «Եթէ բոլոր հայ մայրերը այնքան հայրենասէր եւ ազգասէր ըլլան, որ իրենց զաւակներուն հետ մայրենի լեզուով խօսին, անոնց սրտին մէջ պատուասիրութիւն ձգեն, հայրենիքի սէր, ալ այնուհետեւ ի՞նչ մահ կարող է սպառնալ մեզի»:

Մեսրոպ Մաշտոց Հայաստան բերաւ այնպիսի գանձ մը` այբուբենի սրբարանը, որ հետագայ դարերուն հայ ժողովուրդի մաքառման զէնքն ու հայապահպանման դարբնոց դարձան: Այս ձեւով քրիստոնէութիւնը հայացաւ, եւ հայու ինքնութեան վերահաստատում կատարուեցաւ:

Այսօր թարգմանիչ վարդապետները` իբրեւ լուսատու փարոս, դարերէ ի վեր լուսաւորեցին եւ կը շարունակեն լուսաւորել հայ ազգի տառապեալ եւ վերապրած աշխարհասփիւռ բեկորները:

Ուստի տէր կանգնինք մայրենիին, կորուստէ փրկենք եւ դառնանք արժանի ժառանգորդը Թարգմանչաց կտակին:

 

 

 

Նախորդը

Աստուածաճանաչողութեան ու Զաստուած Հայերէնով Հասկնալու Դար

Յաջորդը

Հայ Ըլլալու Եւ Հայ Մնալու Պայքարը (Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?