ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Դպրեվանք Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
«Իր մայրենի լեզուն վատ իմացողը կէս մարդ է, չիմացողը` թշուառ, ծառէն ինկած տերեւ մը, որ կը տատանի ամէն մէկ պատահական քամիի դիմաց»
Ստեփան Զօրեան
Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը միայն ու լոկ եկեղեցական տօն մը չէ, այլ նաեւ` ազգային, հայ մշակոյթի, հայ գիրի եւ գրականութեան ու մանաւանդ անոր նուիրեալներուն տօնը: Թարգմանչացը սոսկ տօնակատարուող օր մը չէ, այլ` դրոշմող, որովհետեւ որեւէ բանի ազդեցութիւնը կրնայ դարերու ընթացքին գոլորշիանալ, սակայն դրոշմը անվերանելի է: Պատմութեան ընթացքին հազար ու մէկ տեսակ փոթորիկներ զարնուեցան հայ ժողովուրդի նաւուն, բայց ո՛չ մէկ արհաւիրք կարողացաւ հայուն հոգիէն խլել իր սեփական մայրենի լեզուն, որովհետեւ Թարգմանչացը անկործանելի պարիսպ մը եղաւ ազգիս հայոց համար: Թարգմանչացը եղաւ նաեւ գեղեցիկ հայելի մը, որուն դիմաց կանգնող իւրաքանչիւր հայորդի ինքզինք աշխարհի ամենագեղ ու գերերջանիկ անձը տեսաւ: Թարգմանչացը մեր ազգի կեանքին լուսանցքին մէջ չեղաւ երբեք, եթէ օր մը Թարգմանչացը թողունք մեր կեանքի լուսանցքին մէջ:
Հայ առաքելական ս. եկեղեցւոյ հայրերը Թարգմանչաց վարդապետներուն տօնին ունեցած չափազանց կարեւորութիւնը տեսնելով` որոշած են զայն երկու անգամ տօնել. մէկը յունիսին, իսկ միւսը` հոկտեմբերին: Թարգմանիչ վարդապետներն են` Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը, Ս. Սահակ Պարթեւը, Եղիշէ Պատմիչը, Մովսէս Քերթողահայրը (Խորենացին), Ղազար Փարպեցին, Կորիւն Սքանչելին, Եզնիկ Կողբացին, Մամբրէ Վերծանողը, Յովհան Մանդակունին, Դաւիթ Անյաղթը, Գրիգոր Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին (Կլայեցին), Անանիա Շիրակացին, Փաւստոս Բիւզանդը, Գրիգոր Տաթեւացին եւ այլք: Սակայն մեր եկեղեցւոյ օրացոյցին մէջ կը յիշուին անոնցմէ հիմնականները միայն. Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը, որ եղաւ հայոց գիրի թարգմանիչը, Եղիշէ Պատմիչը, որ իր «Վասն Վարդանայ եւ Հայոց պատերազմի» գործով դարձաւ հայ ոգիի ու պայքարի թարգմանիչը, Մովսէս Խորենացին, որ իր «Հայոց պատմութիւն» աշխատանքով եղաւ հայ արմատներու եւ դարաւոր պատմութեան թարգմանիչը, Դաւիթ Անյաղթը, որ իր իմաստասիրական գրութիւններով դարձաւ հայ մտազարգացման ու մտահորիզոնի ընդլայնումի թարգմանիչը, Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որ իր «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագրքով եղաւ աղօթքի ու մարդ-Աստուած յարաբերութեան թարգմանիչը, Ս. Ներսէս Շնորհալին, որ իր յօրինած շարականներով դարձաւ զԱստուած փառաբանելու հայ ցնծերգութիւնը, զԱստուած ապրելու եւ զգալու թարգմանիչը:
Թարգմանիչ վարդապետները եղան մեր հարազատ լեզուի ապաստանարանն ու զարգացման պատճառը, որոնց միջոցով դարերով մեր լեզուն պահպանուեցաւ եւ հետզհետէ պերճացաւ ու հասաւ իր կատարելութեան գագաթնակէտին: Եւ փաստօրէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մշտատրոփ սիրտն ու օրրանը` դպրեվանքը, ինչպէս նաեւ բոլոր ազգային կառոյցները հաւատարմօրէն եւ առանց վարանումի զայն պահպանեցին ու իրենց աւանդուած ժառանգութիւնը արժանապէս պահեցին:
Ինչպէս որ մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի առաքեալները իրենց Վարդապետին ուսուցումները իբրեւ ժառանգ փոխանցեցին իրենց անմիջական աշակերտներուն` տասներկու տիեզերալոյս վարդապետներուն, այնպէս ալ Աստուած հրաշալի տեսիլքով մը հայերէն գիրերը եւ զանոնք լեզու դարձնելու շնորհքը, իբրեւ անջնջելի ժառանգ, փոխանցեց Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին եւ իր աշակերտներուն:
Թարգմանիչ վարդապետներուն գործը մակերեսային եւ տափակ գործ մը չեղաւ երբեք, որովհետեւ եթէ անոնց աշխատանքը այդպիսին ըլլար, անոնց կատարած Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը օտարներուն կողմէ «Թագուհի թարգմանութեանց» պիտի չկոչուէր: Այո՛, անոնց թարգմանութիւնը թագուհի թարգմանութիւն էր, որովհետեւ անոնք պարզապէս Ս. Գիրք մը չթարգմանեցին, այլ թարգմանեցին զԱստուած: Եւ ըստ իս, Ե. դարը միայն ոսկեդար մը չէ, այլ` աստուածաճանաչողութիւն, աստուածամերձութեան ու զԱստուած հայերէնով հասկնալու դար մը:
Հասնելով գրութեան ափեզրին` պարտք կը նկատեմ ըսել, որ գիրերու գիւտը Բարձրեալին կողմէ մեզի շնորհուած յաւիտենական նուէր մըն է, որովհետեւ Ս. Մեսրոպ զանոնք ստացաւ նոյնինքն Աստուծոյ ձեռքէն: Կ՛ուզեմ յօդուածը իր եզրափակումին հասցնել Վարդան Արեւելցի վարդապետին սա խօսքով. « Աստուծոյ փառքի ճշմարիտ լոյսի խորհուրդով կենդանի գիրը կերպարանաւորուեցաւ Մեծն Մեսրոպի մաքուր արգանդին մէջ: Գիրերու գիւտով անոնք (թարգմանիչները) Մեծ սուրբին` Մովսէսի նման աստուածագիտութեան ծածուկ խորհուրդը յայտնեցին մեզի: Գիրերու գիւտով աղբիւրի պէս մեր մէջ բնակեցաւ շնորհքներու անսպառ բխումը` Սուրբ Հոգին»:
Պիքֆայա, Լիբանան