ՆԱՆՕՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ չկայ ազգ մը, որ սրբացուցած ըլլայ իր թարգմանիչները եւ յատուկ ազգային եկեղեցական տօն մը նշանակած ըլլայ անոնց համար, բացի` Հայ եկեղեցիէն: Ահա թէ ինչո՛վ կը տարբերի հայ ազգն ու հայկական եկեղեցին այլ եկեղեցիներէ: 1600 տարի շարունակ հայ ազգը չէ մոռցած երախտապարտ ըլլալ իր առաջին ուսուցիչին` Մեսրոպ Մաշտոցին եւ անոր աշակերտներուն` Կորիւնին, Եղիշէին, Մովսէս Խորենացիին եւ այլոց յիշատակները:
Մեր ժողովուրդին համար 5-րդ դարը եղաւ բախտորոշ ժամանակաշրջան մը, երբ առաջին անգամ թարգմանուեցաւ Աստուածաշունչը` Թագուհի Թարգմանութեանցը, իր հանրածանօթ առաջին նախադասութեամբ` « Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»: Եւ Աստուած խօսեցաւ հայերէն. թարգմանուեցան հոգեւոր եւ աշխարհիկ գիրքեր, հետեւաբար եկեղեցին հայկականացաւ, հիմը դրուեցաւ հայ դպրութեան եւ հայ գիրն ու գրականութիւնը հարազատացան:
Այս աստուածատուր գիւտով Սուրբ Մեսրոպը իմաստութիւն սերմանեց. այդ իմաստութեան ջատագովներն ու տարածողները եղան անոր աշակերտները` թարգմանողները: Այս հայրենասէր ու նուիրեալ հոգեւորականները իրականացուցին յեղաշրջում հայ մարդու հոգիին ու մտքին մէջ: Հայ մարդը հաղորդ դարձաւ այդ դարերու օտար գրականութեան գլուխ գործոցներուն, մշակոյթի փոխանցման, որովհետեւ թարգմանչաց շարժումը ունէր տեսիլք եւ առաքելութիւն: Այսօր Ս. Գիրքի բազմաթիւ օտար բնօրինակներ կորսուած են պատմութեան անդունդին մէջ, մինչ հայերէն թարգմանութիւնները պահուած են եւ կը ներկայացնեն բնօրինակի արժէք: Ահա այս թարգմանիչներն են, որոնք ծնունդ տուին մեր ազգի ՈՍԿԵԴԱՐ-ին:
Գիրերու գիւտը եւ հայատառ գրականութիւնը ամրապնդեց հայուն հաւատքը ի Քրիստոս եւ փրկեց հայ ժողովուրդը ձուլուելու վտանգէն:
Դարերու ընթացքին հայ լեզուն անցաւ զարգացման տարբեր փուլերէ. գրաբարեանէն անցաւ միջին հայերէնի եւ ապա` 18-րդ դարէն սկսեալ, աշխարհաբարի, որ ներկայացաւ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն ճիւղերով, որոնք ունեցան գոյութեան եւ զարգացման տարբեր պայմաններ: Արեւելահայերէնը շարունակեց իր ամբողջական գոյութիւնն ու զարգացումը իր բնօրրանին մէջ, մինչդեռ արեւմտահայերէնը Ցեղասպանութեան պատճառով զրկուեցաւ իր հայրենիքէն, բեկոր-բեկոր սփռուեցաւ ամբողջ աշխարհով եւ դարձաւ սփիւռքի գոյատեւման ու ազգապահպանման երաշխիքը:
Դժբախտաբար այսօր` 21-րդ դարուն, զանազան գործօններու պատճառով, արեւմտահայերէնը աստիճանաբար սկսաւ նահանջել սփիւռքի հայկական գաղութներուն մէջ, եւ 2010 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն արեւմտահայերէնը դասեց «վտանգուած լեզուներ»-ու շարքին: Այսօր սփիւռքի մէջ բնակող աւելի քան 7 միլիոն հայերէն արեւմտահայերէն կը խօսի միայն 2 միլիոնը: Սփիւռքի մէջ կը գործեն մօտ 320 հայ ազգային վարժարաններ եւ միօրեայ դպրոցներ, ուր աշակերտներուն թիւը կը հասնի շուրջ 150 հազարի: Փակման սպառնալիքի տակ են արեւմտահայերէնով կրթութիւն ջամբող բազմաթիւ դպրոցներ, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներ, թերթեր, ամսագիրներ` ընթերցողներու քանակի նուազման պատճառով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով, հեւտեւողական աշխատանքներ կը կազմակերպուին տարբեր հիմնարկներու, միութիւններու եւ հաստատութիւններու կողմէ, սակայն այս աշխատանքները յաջողութեան հասցնել առանց մեր` իւրաքանչիւրիս գիտակից մասնակցութեան, հնարաւոր չէ…
Սփիւռքի պայմաններուն բերումով, թերեւս տեղ մը, թերեւս կ՛ըսեմ, ստիպուած եղած ենք անաղարտ չպահել մեր մեծասքանչ մայրենին, աղքատացուցած ենք մեր խօսակցական գործածական լեզուն, անկենդան դարձուցած ենք հայերէնի բառարանային բառապաշարը, սակայն անթոյլատրելի է, որ 21-րդ դարուն` արհեստագիտութեան յառաջընթաց այս դարուն, չկարենանք պարտադրել հայկական դպրոցներու մեր աշակերտներուն հայերէն տպել, չէ՞որ այսօրուան արհեստագիտութեամբ բոլոր իմաստուն բջիջային հեռաձայնները, ըլլան անոնք «Սամսունկ» կամ «Ափըլ», ունին հայերէն տառերու ստեղնաշարեր. ինչո՞ւ համացանցին մէջ, հայկական կայքէջերու մէջ մեսրոպատառ գրելը պարտադիր չենք դարձներ կամ լատինատառ մեկնաբանութիւնները չենք արգիլեր. ինչո՞ւ չենք հայացներ օտարալեզու ցուցանակները, ինչո՞ւ հայերէնի դասընթացքներ չենք կազմակերպեր հայկական միութիւններու, հիմնարկներու կամ հաստատութիւններու մէջ… ինչո՞ւ կ՛ամչնանք հայերէն խօսելէ… Գրեթէ չկան հեռավար ուսուցման ծրագիրներ, լեզուի դասաւանդման համակարգչային դասընթացքներ, արեւմտահայերէնի մանկական, երիտասարդական գրաւիչ հաղորդումներ…:
Հոս լեզուն կը նահանջէ, հոն` ուղղագրութիւնը…
Առաջնահերթ խնդիր է ուղղագրութեան միասնականութեան պահանջը, արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի ուղղագրութեան նոյնացման խնդիրը: Տարօրինակ չէ՞, որ մեր հայրենիքը անկախացած է արդէն 30 տարիէ, եւ լեզուաբանները չեն կրցած որոշում կայացնել միասնական ուղղագրութիւն մը ստեղծելու կամ վերադառնալու դասական` մեսրոպեան ուղղագրութեան: Դարերով գիր ու գրականութիւն մշակած, ձեռագիր ու տպագիր մատեաններ յաւերժացուցած Հայաստանեայց եկեղեցին տակաւին կը շարունակէ գործածել հայ ազգի զաւակներուն միջեւ պառակտում պարտադրելու նպատակով ստեղծուած աբեղեանական ուղղագրութիւնը: Եթէ ոչ իշխանութիւնն ու եկեղեցին, ապա ո՞վ պէտք է ըլլայ առաջնորդն ու հետապնդողը միասնական ուղղագրութեան: Երեւի թէ աշխարհի վրայ մենք միակ ժողովուրդն ենք, որուն լեզուն ունի երկու ուղղագրութիւն:
Մեսրոպեան ուղղագրութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած նոր ուղղագրութեան մը որդեգրման պահանջը արեւելահայերէն լեզուի դէմ չէ, քանի որ մենք երկու տարբեր ժողովուրդ չենք, մենք բոլորս ալ Ս. Մեսրոպի ու Ս. Սահակ Պարթեւի որդիներն ենք եւ պէտք է վերադառնանք մաշտոցեան ակունքին, կամ, ինչո՛ւ ոչ, ամբողջ սփիւռքը չորդեգրէ աբեղեանական ուղղագրութիւնը: Նպատակը նոյնանալը չէ՞… Եւ արդեօք աւելի լաւ չէ՞, դիւրին ֆոնեթիք ուղղագրութիւն ընդունիլը, քան` ուղղագրական սխալներով լեցուն մեսրոպեանականը: Ինչո՞ւ սփիւռքի վարժարաններուն մէջ չփորձարկենք աբեղեանական ուղղագրութեան ուսուցումը. թերեւս աւելի մատչելի, դիւրին եւ հաճելի ըլլայ նաեւ մեզի` արեւմտահայերուս համար: Ընկերային ցանցերու վրայ շատեր կը խուսափին հայատառ մեկնաբանութիւններ ընելէ` վախնալով, որ ուղղագրական սխալներու համար ծաղրի առարկայ կրնան դառնալ. հետեւաբար արդեօք աւելի ճիշդ չէ՞ր ըլլար ունենալ անսխալ գրելու կարելիութիւն եւ ճակատաբաց, առանց վերապահութեան, համարձակ գրելու քաջութիւն, բոլորիս համար հարազատ` մէկ ուղղագրութեամբ:
Ուղղագրութեան հարցը պէտք չէ քաղաքականացնել. ան ստեղծուած էր հակազգային գաղափարախօսութեամբ ու պարտադրուած` հայ ազգը մասնատելու նպատակով: Արդ, ժամանակն է սրբագրելու եւ որդեգրելու համազգային գաղափարախօսութիւն եւ միասնական մէկ ուղղագրութիւն:
Անթոյլատրելի է, որ մէկ հայոց լեզուն ունենայ երկու տարբեր ուղղագրութիւն:
Համազգայինի գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղը կը շնորհաւորէ հայ ժողովուրդի 1600 տարուան Թարգմանչաց տօնը եւ կը հաւատայ, որ անպայման ի վերջոյ հայ գիրն ու գրականութիւնը իր երկու հատուածներով պիտի ունենան ՄԷԿ ուղղագրութիւն:
Նոյնացում, բայց ոչ աբեղեանական ուղղագրութիւնով: