Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Աւելի քան ամիս մը առաջ մահացաւ հայոց բարեկամներէն, ֆրանսական շարժապատկերի մեծագոյն աստղը` Ժան-Փոլ Պելմոնտօ, որուն մասին սկսան խօսիլ մարդիկ, որոնք վերջին 20 տարիներուն զայն առանձին ձգած էին:
Այս առնչութեամբ շատ յատկանշական է Պելմոնտոյի դերակատարութեամբ 2008-ին պատրաստուած «Մարդը եւ անոր շունը»-ը (Un homme et son chien) շարժապատկերը, որուն մէջ Պելմոնտօ իր դէմքով ցոյց կու տայ ծերութեան դէմքը` անզօր, առանց երիտասարդները բնորոշող ֆիզիքական գեղեցկութեան, հմայքի, գրաւչութեան: Մարդը հասած է կեանքի վերջաւորութեան եւ մնացած է առանձին: Զայն շան տեղ դնող չկայ, եւ միայն շունը կայ անոր կողքին:
2015-ին իր որդին` Փոլ Պելմոնտոն նկարահանեց իր հայրը «Պելմոնտոն Պելմոնտոյի աչքերով» (Belmondo Par Belmondo) վաւերագրական շարժապատկերին մէջ:
Ֆրանսական շարժապատկերի դերասանները կը պատմեն, թէ ի՛նչ հերոս էր Պելմոնտոն իրենց համար, ի՛նչ հայր էր, իսկ բեմադրիչ եւ բեմագիր Ֆիլիփ Լապրոն կ՛ըսէ. «Պելմոնտօ երեւոյթը ժամանակէ դուրս է: Ֆրանսացիները իրենք զիրենք կը նոյնացնեն Պելմոնտոյի հետ, որովհետեւ ան իրենց մօտիկ է, ան հմայիչ է եւ հասարակ, կը խօսի փողոցի լեզուով, հակառակ անոր որ ան կրթուած մարդ է, անոր հայրը սքանչելի քանդակագործ էր, անոր անձը, անոր հմայքը, բնաւորութիւնը, ջերմութիւնը քաշողական են առաջուան պէս»:
Ժան-Փոլ Պելմոնտոյի մահը առիթ մը եղաւ լրատուամիջոցներու եւ զանազան կայքերու` յիշելու եւ յիշեցնելու անոր ընտանիքը, սէրերը` մեծ ու փոքր, կիները, սիրուհիները, զաւակները, թոռները, ժապաւէններն ու բեմադրիչները:
Դերասանը խոստովանած է, որ մանր-մունր սիրավէպեր քանի մը հարիւրի չափ ունեցած է, բայց լուրջ` 6 կիներ եղած են: Առաջինը պարուհի էր` Էլոթի Քոնսթան, որմէ ունեցաւ երկու աղջիկ եւ մանչ մը: Ամուսնութիւնը տեւեց 1953-1966: Պատճառը դերասանուհի Ուրսուլա Անտրեսն էր, որուն հետ ան ապրեցաւ 1965-էն մինչեւ 1972: Պելմոնտոյի հետ այնքան ուրախ կ՛ապրէր Ուրսուլան, որ բաժանումէն ետք կորսնցուց զուարթութիւնը:
Ժան-Փոլ Պելմոնտօ ծնած է Նէյի-սիւր-Սենի մէջ, 1933 թուականին: 20 տարեկանին կ՛որոշէ դերասանի մասնագիտութիւնը ընտրել: Կ՛ընդունուի Տրամաթիք արուեստի ազգային բարձրագոյն հիմնարկ: Աւարտելէ ետք կ՛աշխատի թատրոնի մէջ:
Պելմոնտօ նկարահանուած է 95 ժապաւէններու մէջ, 40 թատերախաղերու մէջ դերեր ստանձնած է:
Շարժապատկերի մէջ առաջին դերը նկարահանուած է «Ոտքով, ձիով եւ ինքնաշարժով (À pied, à cheval et en voiture) ժապաւէնին մէջ, սակայն առաջին ցուցադրութենէն առաջ անոր խաղացած հատուածը ջնջած են: 26-ամեայ դերասանը հռչակաւոր դարձաւ «Վերջին շունչով» (À bout de souffle) ժապաւէնով:
Հարցախոյզերու ատեն, երբ կը հարցնէին, թէ ո՞ր դերին մէջ Պելմոնտոն լաւագոյնն է, համակիրները կ՛ըսէին. «Պելմոնտոն հրաշալի է որեւէ դերի մէջ»:
Իսկ Պելմոնտոյի ամէնէն սիրած ժապաւէնը 1973-ին պատրաստուած «Հիանալին» (Le Magnifique) է, ուր ան կը մարմնաւորէ ծիծաղաշարժ անձ մը. «Այս կերպարը զարմանալիօրէն ինծի կը վայլէ: Ես խաղացի այնքան լուրջ դերեր, որ մարդիկ կարծեցին, թէ ես կեանքիս մէջ ալ այդպիսին եմ: Բայց ես ծիծաղաշարժ դերասան եմ, ցաւօք այդ տեսակին մէջ լաւ նիւթը շատ հազուագիւտ է»:
Ժան-Փոլ Պելմոնտոյի դերասանական գործունէութիւնը ընդհատուեցաւ 2001-ին, երբ ան ֆութպոլ խաղալու ատեն ուղեղի կաթուած ունեցաւ եւ մարմնին աջ կողմը բոլորովին անդամալուծուեցաւ:
Բայց 2003-ին Պելմոնտօ 70 տարեկանին ունեցաւ չորրորդ զաւակը` Սթելլան: Մայրը Նաթթի Թարտիվելլին էր, որ դարձաւ Պելմոնտոյի երկրորդ կինը, եւ ան ոտքի կանգնեցուց դերասանը կաթուածէն ետք: Սակայն 2008-ին բաժնուեցան, որմէ ետք 75-ամեայ Պելմոնտօ ամուսնացաւ իրմէ 43 տարի փոքր Պարպարա Հանտոլֆի հետ, որ Պելմոնտոյի դրամատնային հաշիւէն իւրացուց 200.000 եւրօ:
Ժապաւէնները, որոնց մէջ ան նկարահանուած է, ստեղծուած են յայտնի բեմադրիչներու կողմէ, որոնցմէ մէկը Հանրի Վերնոյն էր, Աշոտ Մալաքեանը (1920-2002):
Պելմոնտոյի եւ Աշոտ Մալաքեանի միջեւ գործակցութիւնը սկսաւ 1964-ին Մալաքեանի բեմադրած «Հարիւր հազար տոլար արեւուն տակ» (Cent mille dollars au soleil) ժապաւէնով: Ապա 1971-ին հրապարակուեցաւ Աշոտ Մալաքեանի բեմադրութեամբ «The Burglars» (Le Casse) ժապաւէնը, որուն բեմագիրներն են Հանրի Վերնոյ եւ Վահէ Քաչա, գլխաւոր հերոսը` Ժան Փոլ Պելմոնտօ, որ Ազատ անունով հայ մաքսանենգ մըն է: Շարժապատկերին մէջ կը խօսուի այդ անուան իմաստին եւ հայկական ուտեստեղէնի մասին, իսկ շարժապատկերին մէջ առանցքային նշանակութիւն ունեցող նաւը կը կոչուի «Արաքս»: Յոյն ոստիկանին դերը ստանձնած է Օմար Շերիֆ:
Շարժապատկերը նկարահանուած է 1971 թուականին, Յունաստանի մէջ, ուր այս առիթով հայկական միութիւններու կազմակերպած ճաշկերոյթին ներկայ եղած են` Օմար Շերիֆ, Հանրի Վերնոյ, Ժան Փոլ Պելմոնտօ եւ ուրիշներ:
Ժան Փոլ Պելմոնտօ 5 հոկտեմբերին 2018-ին մասնակցեցաւ Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան: Երկուքն ալ Ֆրանսայի համար ազգային արժէքներ են եւ համաշխարհային մշակոյթի մէջ վաւերական դէմքեր:
Երկուքն ալ ուրախացուցին եւ մշակութային հաճոյք պարգեւեցին միլիոնաւորներու:
Իրաւ արուեստագէտները թէեւ տարօրինակութիւններ կ՛ունենան, բայց մեծ մարդիկ, մեծ մարդասէրներ կ՛ըլլան: