
Ուրբաթ, 8 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտուն, Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հրաւէրով, Արցախեան 44 օրեայ պատերազմին վիրաւորուած հինգ մարտիկները այցելեցին Կիպրոսի Խորհրդարան, որուն զանազան բաժինները շրջագայելէ ետք, ջերմ ընդունելութեան արժանացան Խորհրդարանի Նախագահ Տիկ․ Անիթա Տիմիթրիուի կողմէ։


