Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ըլլալու Եւ Հայ Մնալու Պայքարը (Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

October 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Եթէ մարդու մը համար ապրիլը գոյութիւն ունենալ է, ազգի մը համար ապրիլ կը նշանակէ յարատեւել, կեանքը երկարաձգել իրմէ անդին: Իսկ ազգերը կը յարատեւեն մշակոյթով: Ուրիշ ամէն բան կրնայ մեծցնել կամ պզտիկցնել ազգ մը: Միայն մշակոյթն է, որ կրնայ ազգ մը ապրեցնել իբրեւ ազգ:

Լեզուն առաջին օղակն է մշակոյթին: Առանց ազգային լեզուի չկայ ազգային մշակոյթ: Ուիլիըմ Սարոյեանը ամերիկեան մշակոյթ է, Մայքըլ Արլենը` անգլիական, Հանրի Թրուայան` ֆրանսական: Ազգային մշակոյթը Խորենացին է, Նարեկացին է, Նահապետ Քուչակն է, Աբովեանն է, Ահարոնեանն է, Վարուժանն է: Ազգային մշակոյթը Մուշեղ Իշխանն է, Պօղոս Սնապեանն է:

Այսօր, երբ նոյնիսկ մեծ պետութիւններ իրենց ժողովուրդներուն կոչ կ՛ուղղեն տէր կանգնելու իրենց ազգային լեզուին: Ու երբ այդ կոչին կարիքը կը զգացուի պետական կեանքի բոլոր բարիքները վայելող ժողովուրդներու համար, մեր պարագային ա՛լ աւելի հրամայական կը դառնայ մեր լեզուին պահպանումը` ո՛չ միայն խօսակցական մակարդակով, այլեւ` աւելի լայն հասկացողութեամբ, իր բառամթերքով, լեզուամտածողութեամբ, քերականութեամբ եւ դասական ուղղագրութեամբ:

Դէմ չենք օտար լեզուներ սորվելու եւ գործածելու: Աբովեանի պատմական կոչը երբեք չի կորսնցներ իր այժմէականութիւնը. «Ձեզի կ՛ըսեմ, ձեզի, հայոց նորահաս երիտասարդներ, ձեր անունին մեռնիմ, ձեր արեւուն մատա՛ղ, տասը լեզու սորվեցէ՛ք, ձեր լեզուն, ձեր հաւատքը ամուր պահեցէ՛ք»:

Հայ մարդը պայմաններու բերումով միշտ ալ սորված եւ խօսած է օտար լեզուներ, բայց այդ մէկը բնաւ պատճառ եղած չէ ազգային լեզուի հանդէպ յարգանքի իր պարտաւորութենէն զերծ մնալու: Նման բան կրնայ դաստիարակութեան, կրթութեան եւ ընթերցանութեան պակասի հետեւանքը ըլլալ:

Երբ ժողովուրդ մը լեզուի մէջ կը նահանջէ, ամէն բանի մէջ կը նահանջէ: Այսօր այբը մոռցողը, վաղը բենն ալ կը մոռնայ, մանաւանդ… երբ հաշտուի մոռնալու գաղափարին հետ:

Դարեր առաջ մեր ժողովուրդը իր հաւատքը փոխել փորձող Յազկերտին մեծ վճռակամութեամբ ըսաւ. «Այս հաւատքէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ խախտել, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ հրեշտակներ եւ ո՛չ ալ մարդիկ…»: Այսօր, նոր օրերու տեսակ-տեսակ Յազկերտներուն դիմաց, նոյն ժողովուրդին շառաւիղները նոյն վճռակամութեամբ պէտք է կարենան ըսել` հայու հաւատքով պահպանուած եւ նահատակներու արեամբ շաղախուած մեր լեզուէն ո՛չ ոք կրնայ հեռացնել մեզ:

Յարգանքը մայրենի լեզուին հանդէպ կ՛առաջնորդէ սեփական մշակոյթի յարգանքին: Անդադար պէտք է կրկնել այս ճշմարտութիւնը:

Հետեւաբար իւրաքանչիւր Թարգմանչաց տօն մեզի կը թելադրէ միշտ հայերէն խօսիլ, հայերէն մտածել եւ հայերէն գրել: Ու մանաւանդ` մայրենի լեզուի ճամբով պահպանել մեր ազգային մշակոյթը, ազգային ինքնութիւնն ու նկարագիրը: Այսինքն` հայ մնալ եւ խանդավառուիլ հայկական արժէքներով:

Հայերէն պէտք է խօսիլ նախ մեր ընտանիքներուն մէջ, հայերէն պէտք է խօսիլ մեր գործատեղիներուն մէջ, ու նաեւ` ակումբը, եկեղեցին, դպրոցն ու փողոցը: Ամչնալու կամ ստորակայութեան բարդոյթ ունենալու պատճառ չունինք երբեք:

Պէտք է խօսիլ ճիշդ հայերէնով, առանց աղաւաղումի եւ աղարտումի: Պէտք է խօսիլ հարուստ բառապաշարով, անսխալ ոճով եւ հայերէն լեզուամտածողութեամբ եւ ոչ թէ արաբերէն, անգլերէն կամ ֆրանսերէն մտածելով եւ… հայերէն արտայայտուելով:

Ու ո՛չ միայն պէտք է խօսիլ, այլեւ պէտք է գրել հայերէն պաշտօնական խօսքերու, դպրոցական յայտարարութիւններու, ե-նամակներու թէ ընկերային ցանցերու մէջ:

Գրել բծախնդրութեամբ, խնամքով ու մանաւանդ,  ըստ կարելիութեան, անսխալ ուղղագրութեամբ եւ քերականութեամբ: Ըստ կարելիութեան, որովհետեւ գիտենք, որ ամէն մարդ չի կրնար անսխալ գրել, բայց չէ՞ որ բառարան գոյութիւն ունի, համացանց գոյութիւն ունի: Երբ կարիքը ունինք, կրնանք շատ արագ ստուգել բառի մը ուղղագրութիւնը, այնպէս` ինչպէս կը ստուգենք որեւէ նիւթի մասին որեւէ տեղեկութիւն:

Չի բաւեր հոգիով հայ ըլլալ: Հոգին կարեւոր է, բայց բաւարար չէ: Առանց հայերէն գիտնալու` հոգի ունենալը կը նմանի առանց պատրաստութեան, խանդավառութեամբ մը ճակատամարտ դիմող մարդուն, որ առաջին բախումէն տեղի պիտի տայ կամ յուսախաբ ըլլայ եւ կռուի դաշտէն հեռանայ:

Բաւարար ծանօթութիւնը` հայ լեզուին, գրականութեան, մշակոյթին, պատմութեան եւ եկեղեցւոյ, հայը հայ պիտի պահէ:

Ի վերջոյ ամբողջ հարցն ալ հայ ըլլալու եւ հայ մնալու պայքարն է, որովհետեւ երկուքը տարբեր բաներ են: Բոլորս հայ ենք ծնունդով, մականունով եւ ազգութեամբ, բայց բոլորս ալ հայ չենք գիտակից պատկանելիութեամբ եւ ամբողջական յանձնառութեամբ:

Ըսել, որ հայ լեզուի նահանջը սփիւռքեան պայմաններու հետեւանք է եւ բաւարարուիլ այդքանով` ճիշդ չէ,

Ըսել, որ մտահոգութիւնը համատարած է, եւ լուծումը միայն համահայկական ճիգերով կարելի է գլուխ հանել, այդ ալ ճիշդ չէ,

Որովհետեւ այս հարցին մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրը ընելիք մը ունի, քանի իւրայատուկ ինքնութիւն մը ունի: Հայ եւ ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ միասին: Հայը կա՛մ հայ է իր ինքնութեամբ, լեզուով ու մշակոյթով եւ կա՛մ հայ չէ: Նոյն անձին մէջ երկու ինքնութիւններու խաղաղ գոյակցութիւն դժուար է, չըսելու համար անկարելի է: Մէկուն կամ միւսին յաղթանակով մարդ կամայ թէ ակամայ ենթակայ կ՛ըլլայ մէկ ինքնութեան:

Հետեւաբար հայերէն գրելու, մտածելու եւ խօսելու պարտքը կը դրուի իւրաքանչիւր հայու վրայ: Յարգանքը մեր լեզուին եւ մշակոյթին հանդէպ կը պահանջուի բոլորէն, որովհետեւ պայքարը, զոր սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ կը մղենք մեր այլասերման դէմ, համազգային նկարագիր ունի եւ կենաց-մահու խնդիր է մեզի համար:

Այս մօտեցումով միայն կարելի է նշել Թարգմանչաց տօնը եւ տեւականացնել մեր ժողովուրդին գոյութիւնը:

Ու եթէ ամէն հայ գիտակցի այս իրողութեան, ապահով կրնանք ըլլալ մեր ապագայէն, այլապէս հարցը շատ աւելի ծանրակշիռ է, քան մենք կը կարծենք:

 

 

Նախորդը

Ոսկեդարու Անմահանուն Կերտիչներու Տօնին Ընդառաջ. Հայոց Ոսկեղենիկը Անաղարտ Պահելու Հրամայականը

Յաջորդը

Հայ Ազգի Միտքի ու Հոգիի Մեծագոյն Յեղափոխութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.