ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչպէ՜ս կը մեռնին ծաղիկները,
Եւ ինչպէս ափիս մէջ հաւաքուած արիւնը կը յորդի քեզմով:
Ձայնդ կը պաշարէ բոլոր սպասումները եւ հեռու տանող ճանապարհներդ ամէն ետդարձի, ընկեր:
Ամէն անգամ, որ այս բառը կը հնչէ, սինեմային դրան դիմաց մեր հայեացքները կը խաչեն գաղափարի ժամացոյցին սլաքները:
Ամէն անգամ, որ բառը կը պարպուի ինձմէ,
Ամէն անգամ, որ նախադասութիւնները կը մեռնին,
Անձնասպան կ՛ըլլան մեծ բայերը, եւ ահը` քեզ հորիզոնական դիրքով տեսնելու…
Ամէն անգամ, ընկե՛ր, պիտի պատմես երանութեանդ մասին, ու հաւատքիդ.
Պիքֆայայի սուրբ սենեակէդ աշխարհին նայելու մասին,
Ամէն անգամ, ընկե՛ր, երբ «Յարմար» փողոցի անկիւնը ես ու դուն, Ալիքեանի սիկարեթները կը վառէինք ու հովերուն կու տայինք մեր երազները:
Ցեխերէն ու արշաւներէն մինչեւ Այնճարի վեհ լեռը, որուն փէշերուն բանաստեղծները իրենց հանգիստ քունը կը քաշեն:
Յետոյ` փոքրիկ գետակը, ջուրը, ցեխը, ապրումը ու մանաւանդ մեր մաքուր սէրերը, որ նուռին պէս կը պայթէին այս գորշ աշխարհի խաղերուն դիմաց:
Յետոյ` գիշերուան խարոյկները, շարուած զէնքերը, մեր տարազներն ու խնձորի ծառէն առնուած վերջին միրգերը, ընկեր՛ս…
Այս բոլորը մենք միասին կիսեցինք:
Յետոյ` Երեւանը իր արեւով, մեծ քաղաքի փոքրիկ յոյզերով, խցանումներով, ու երգ, հակաերգ պատկերներով:
Մեր ու անոնց կռիւներով, մենք, որ կը մտնէինք հայրենիք ու անոնք, որ Ելից գիրքին վերջին բառերը անգիր ընելով` դուրս կու գային այս մեծ աղմուկէն:
Այս բոլորը, ընկե՛րս, մենք միասին ապրեցանք:
Յետոյ` Արցախը մաքուր ու անառիկ:
Բերդերուն առջեւ բացուող բառդ ու կարմիր վարդերէն անդին բացուող մեր յաղթանակի մեծ երազները: Մարտունին վսեմական, Պետոյին խօսքը, Ստեփանակերտի թաղերն ու հեռացումները մեր ընկերներուն, որոնց սրտին վրայ կարմիր բառերով յետոյ սէր փորագրեցինք:
Դուն, Քրիստը, միւսները, մեր տղաքը` վեհ ու հպարտ:
Քաջ ու արի նռնակներէն անդին, ամէն մէկը պայթուցիկ սիրտ,
Ամէն մէկը աղօթքի բառ,
Ամէն մէկդ գիրի ամրոց, վահան ու սէր, հողին դարձած կարմիր երգեր…
Այս բոլորը, ընկեր, իբրեւ ուշացած խոստովանութիւն.
Այս բոլորը` իբրեւ ուշացած ձայն: Կարծես հիմա նորէն պիտի հնչէ հեռախօսը եւ ընկերս իմ բառերուս կենացին մէջ, արթուն պահակի պէս պարթեւ հասակով ներս պիտի մտնէ սենեակս…
Ի՜նչ կայ տարբեր հողին տակ, ընկե՛րս,
Պիքֆայա, Այնճար, կարմիր բլուր, կարմիր հոգի:
Ամէն ինչ կարմիր է արդէն…
Բոլորը հողին համար են`
Մաքուր ու մարգարէական…
Ի՜նչ կայ հոն հողէն անդին
Ըսէ՛ ընկե՛րս, իմ թա՛նկ ընկերս,
Այս բոլորը մենք միասին ապրեցանք…