Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի (Սեն Կրեկուար) Նախկին Սաներու Սրտի Խօսքը` Քրիստափոր Արթինի Յիշատակին

Հոկտեմբեր 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ

Արդէն մէկ տարի անցաւ չարաբախտիկ այդ օրէն, երբ Քրիստափորի մահուան բօթը լսեցինք:

Արցախի հպարտ լեռներէն մինչեւ Եռաբլուր, Եռաբլուրէն մինչեւ Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծ ունեցող Թրատ թաղի «Նիկոլ Դուման» ակումբ, հասնելով Քանատայի ափերը, ամէն տեղ, ներկայութիւն էր ան, անոր հետ կերտուած իւրաքանչիւր յիշատակ, ամէն մէկ փուլ իրենց ինքնորոյն դրոշմը ձգած  են Քրիստափորի ծանօթներուն մէջ. անոր յիշատակները միշտ ալ թարմ պիտի մնան մեր մտքերուն եւ հոգիներու մէջ:

Քրիստափորը` իր հայեցի կրթութեամբ Յիսուսեան միաբանութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի յարկին տակ ստացաւ իր նախնական եւ միջնակարգ ուսումը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը, ինչպէս գիտենք, հայեցի դաստիարակութեան օճախ էր լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ, ուր անիկա ինքնուրոյն տեղ ունեցած է, փաստը` այսօր աշխարհով մէկ տարածուած Սեն Կրեկուարի շրջանաւարտներս ենք` Քանատայէն մինչեւ Աւստրալիա, Ամերիկայէն մինչեւ Եւրոպաները, իսկ Արցախէն  Քրիստափորը` իբրեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի աշակերտ, բոլորիս հպարտութիւնը եղաւ իր նահատակութեամբ:

Քրիստափոր իր հայեցի կրթութեամբ, քրիստոնէական դաստիարակութեամբ, մանաւանդ մեր տնօրէնին` հայր Սահակ Քէշիշեանի  յատուկ հոգատարութեամբ հասակ նետեց, եղաւ աշակերտ, սկաուտ, պատանի եւ բոլորին բարեկամ: Ան արտադպրոցական ժամերուն ներկայութիւն էր «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ, բոլորին հասնող, ժպտուն, ուրախ եւ քաջ նկարագիրով սիրուած պատանի: Վերջին տարիներուն հաստատուած էր Հայաստան/Արցախ, ունէր իր ընտանիքը եւ նոյն համոզումներով ու սկզբունքներով կը պահէր իր օճախը: Հակառակ հոն հաստատուելուն, յատուկ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէր իր ծնողքին` մանաւանդ իր մօրը, եղբայրներուն եւ քրոջը նկատմամբ, անոնց հետ էր միշտ եւ քաջալեր կը հանդիսանար, որ ամէն հայ հայրենադարձ ըլլայ:

44-օրեայ պատերազմի առաջին օրէն, դաշնակցական գումարտակի կանչին ընդհառաջելով, իր մասնակցութիւնը բերաւ, եւ անոր նահատակութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ անոր դաստիարակութեան եւ նուիրումի հաւատքը:

Այսօր արդէն մէկ տարի անցած է եւ կը յիշեմ մեր դպրոցական օրերը, նոյն հանրակառքով, նոյն բակը, նոյն Ս. պատարագը, նոյն պտոյտները, նոյն ակումբը եւ մեր թաղի բոլոր մանկական եւ պատանեկան յիշատակերը:

Վստահ եմ, որ ան հպարտ է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի մէջ ստացած իր կրթութեամբ:

Վստահ եմ, որ ան ուրախ է իր Արցախով եւ Հայաստանով:

Մենք ալ հպարտ ենք քեզմով Քրիս՛տ, որ անցնող տարիներուն միշտ ալ մնացիր հաւատարիմ քու սկզբունքներուդ: Վստահ ենք, որ քու նուիրաբերումդ իր դաստիարակիչ եւ վարակիչ դերը ունի:

Այսօր, սիրելի՛ Քրիստափոր, քու անձնական օրինակդ բորորիս համար անզուգական  եւ վարակիչ ազդեցութիւն ունի: Հայրենիքի ազատութեան համար նահատակուիլը անմահութիւն է, եւ այդ անմահութեան պատգամը մեր մէջ զօրացուցիր ու ամրապնդեցիր: Եռաբլուրի հազարաւոր նահատակներուն քով հանգչող քու շիրիմդ ճառագայթող արեւ է բոլորիս, եւ վստահ եղիր, որ յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ մեր հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ:

Յարգա՛նք բոլոր նահատակներուն, մխիթարութիւն անոնց ծնողներուն, այրիներուն եւ իրենց սիրելի զաւակներուն:

Իսկ դուն` Քրի՛ստ, հանգիստ ննջէ,  քու սուրբ գործդ շարունակողներ կան, եւ օր մը անպայման վարդահեղեղ արշալոյսը պիտի ծագի:

 

 

 

Նախորդը

Անջրպետին Մէջ` Հսկայական Տիեզերանաւ Մը

Յաջորդը

Քանզի Մեռած Չէք…

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?