Նշմարներ Ո՞վ Է Հաշիւ Պահողը, Ո՞ւր` Պահանջողը…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի կառավարութեան հինգշաբթի, 28 հոկտեմբերի նիստէն պատկերասփռուած հաղորդումէն. Ա) Կառավարութիւնը 25 միլիոն եւրօ (աւելի քան 29,3 միլիոն տոլար) տրամադրած է, որպէսզի Երեւանի հանրային փոխադրամիջոցները օժտուին 100 նոր փոքր փոխադրակառքերով: Առաջին ակնարկով` ուրախալի լուր, անկասկած: Լուրը լսելէս քանի մը վայրկեան ետք մանրամասնութիւն մը ցատկեց վեր. 25 միլիոն եւրոյով 100 փոքր փոխադրակա՞ռք: Տեղ մը սխալ բան մը կայ: Դարձեալ մտիկ...




















