Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարենցեան Երեկոներ. Մուսա Լեռ – Այնճար. Ամին Ռիհանի Մարգարէն

Հոկտեմբեր 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Ամին Ռիհանի

Մուսա Լեռ – Այնճարի «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ այս տարուան ամառնային գրական վերջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 26 սեպտեմբեր 2021-ին, անիկա նուիրուած էր Ամին Ռիհանիի, որ Նիւ Եորքի մէջ երեք լիբանանցի մարգարէներէն մին էր, իսկ միւսներն են` Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան եւ Միխայիլ Նայիմէ:

Օրուան հանդիսավար Մարիա Ուսթագարայեան-Ղարիպեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ 1860-1920 տարիներուն մեծ թիւով գաղթականներ Լեռնալիբանանէն կը մեկնին ու կը հաստատուին Ամերիկա: Հակառակ տնտեսական դժուար պայմաններուն` Նիւ Եորքի մէջ ծնունդ կ՛առնէ արաբ գրական զարթօնքը: Ամին Ռիհանի կը հիմնէ  «Մահժար» գրական շարժումը` յեղաշրջում ստեղծելով լճացած արաբ մտքի եւ գրականութեան մէջ: Ան բազմաթիւ գրական գիրքերու հեղինակ է` բանաստեղծութիւն, պատմուածք եւ վէպ: Նոյն ատեն շատ մը յօդուածներ ունի ընկերային եւ քաղաքական հարցերու մասին: Ունի թարգմանութիւններ` արաբերէնէ անգլերէն եւ նաեւ հակառակ ուղղութեամբ: Ամին Ռիհանի պայքարած է օսմանեան տիրապետութենէն ազատագրելու արաբական երկիրները, ուր յաճախ շրջած ու փորձած է արաբական երկիրներու միութիւն մը հիմնել:

Մարիա Ուսթագարայեան-Ղարիպեան նախքան խօսքը փոխանցելը օրուան բանախօսին` Ուաժտի Պըրպերիին, ըսաւ, որ այդ օրուան դասախօսութիւնը արաբ գրողներուն նուիրուած հինգերորդ նախաձեռնութիւնն է` Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանէն, Միխայէլ Նայիմէէն, Ապու Ալա-Մաարիէն եւ Մէյ Զիատէէն ետք:

Ուաժտի Պըրպերի

Ուաժտի Պըրպերին իր խօսքի ներածականին մէջ տուաւ Ամին Ռիհանիի պատանեկութեան նկարագրութիւնը: Ան ըսաւ, որ Ամին Ռիհանի ծնած է 1876-ին, Ֆրէյքէ, Լեռնալիբանան:Ան անդրանիկն է Ֆերիս Ռիհանիի վեց զաւակներուն: Ամինին հայրը կը զբաղէր մետաքսի հում նիւթի արտադրութեամբ:Ան մեծ փափաք ունէր իր գործը ընդարձակելու, այս պատճառով 1888-ին իր եղբայրը եւ Ամինը կը ղրկէ Ամերիկա, Նիւ Եորք, եւ մէկ տարի ետք ինքն ալ կը միանայ անոնց: 12 տարեկան Ամինը Նիւ Եորքէն դուրս դպրոց մը կը դնեն, եւ երկու եղբայր Մանհաթընի փողոցներէն մէկուն մէջ խրճիթ մը կը վարձեն ու հոն կը լծուին գործի: Անոնք անգլերէն գիտցող քարտուղարի մը պէտք ունէին. այնպէս որ, պատանի Ամինը դպրոցէն կը հանեն եւ իրենց քարտուղարը կը դարձնեն:

Այդ շրջանին Ամին կը ծանօթանայ Շէյքսփիրի եւ Վիքթոր Հիւկոյի գրականութեան: Ան անյագ ընթերցող մըն էր, յաջորդաբար ձեռք կը ձգէ Տարուինի, Վոլթերի, Թոլսթոյի,Պայրընի գործերը:

Ամին ունէր բարձրաձայն արտայայտուելու ձիրք. այնպէս որ, ան շրջան մը մաս կը կազմէ թատերական խումբերու` նոյն ատեն շարունակելով իր հօրը քարտուղարութեան պաշտօնը, որմէ դժգոհ` կը պնդէ, որ հայրը զինք համալսարան արձանագրէ` իրաւաբանական ճիւղի: Տարի մը  հետեւելէ ետք այդ ճիւղին , թոքատապի պատճառով կը ձգէ համալսարանը եւ 1895-ին կը վերադառնայ Լիբանան, ուր անգլերէնի դասեր կու տայ վարժարանի մը մէջ` նոյն ատեն զարգացնելով իր արաբերէնը:Ան կը ծանօթանայ արաբ եւ Միջին Արեւելքի գրողներու գործերուն, ինչպէս` Ապու Ալա Մաարիի, Օմար Խայեամի եւ ուրիշներու: Անոնց գործերը անգլերէնի կը թարգմանէ:1898-ին կը վերադառնայ Նիւ Եորք:Ապու Ալա Մաարիի գործերէն մաս մը անգլերէնով լոյս կ՛ընծայէ 1907-ին:

Ամին Ռիհանի արաբական շաբաթաթերթ  «Ալ Հուտա»-ի թղթակից կը դառնայ` գրելով զանազան նիւթերու մասին` ընկերային աւանդութիւններ, կրօն, ազգային քաղաքականութիւն, փիլիսոփայութիւն: Ան իր առաջին արաբերէն գիրքերը կը հրատարակէ 1902 եւ 1903 թուականներուն:

1905-ին կը վերադառնայ իր հայրենիքը` Լեռնալիբանան: Հինգ տարիներ, 1905-1910, առանձնութեան շրջան մը կ՛անցընէ: Ան կը հրատարակէ արաբերէն երկու հատոր արձակ (essay)եւ հատոր մը այլաբանութիւններու (allegories) եւ հատոր մը` պատմուածքներու, ինչպէս նաեւ` թատրերգութիւններ: Ան դասախօսութիւններ կու տայ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին եւ այլ կրթական հաստատութիւններու մէջ, նաեւ` Հոմս եւ Դամասկոս քաղաքներու մէջ: Ան կը գործակցի արաբ ազգայիններու հետ` իրենց երկիրը ազատագրելու համար թրքական լուծէն:

1910-ին կը հրատարակէ «Ալ Ռիհանիյաթ» գիրքը, որմէ ետք ան կը ճանչցուի որպէս յառաջադէմ մտածող եւ տեսիլք ունեցող գրող: Այս առիթով եգիպտական գրական շրջանակը զինք կը հռչակէ «Ֆրէյքէի փիլիսոփան»: Ամին Ռիհանի տակաւին հայրենիքն էր, երբ կը գրէ «Անմահութեան գիրքը» (Book of Khaled), որ կը հրատարակուի 1911-ին` իր Նիւ Եորք վերադարձին: Ասիկա անգլերէնով գրուած առաջին վէպն էր լիբանանցի արաբ գրողի մը կողմէ: Գիրքը նկարազարդուած էր գրչակից ընկերոջ` Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի կողմէ: Գիրքը մեծապես կը գնահատուի Նիւ Եորքի գրական շրջանակին կողմէ:

Ամին Ռիհանի մեծ ազդեցութիւն ունէր Ժըպրան Խալիլ Ժպըրանի եւ Միխայէլ Նայիմէի վրայ: Ժպրանի «Մարգարէն» գործը մեծապէս ազդուած էր Ամին Ռիհանիի «Անմահութեան գիրքը»-էն:

1916-ին Ամին Ռիհանի կ՛ամուսնանայ գեղանկարիչ արուեստագէտ, ամերիկացի Պերթա Ֆէյսի հետ, որ մօտիկ բարեկամը եղած է Մաթիսի, Փիքասոյի,Սեզայի եւ այլ արուեստագէտներու:

1917-ին Ամին Ռիհանի հանդիպում կ՛ունենայ այդ ժամանակուան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթին հետ` նիւթ ունենալով Պաղեստինի ազատագրութեան հարցը: 1919-ին ան կը ներկայացնէ արաբական աշխարհի իրաւունքները Լա Հէյի խաղաղութեան համագումարի ընթացքին:

1910-1922 ժամանակաշրջանին ան ներգրաւուած է քաղաքական հարցերու մէջ` առանց մոռնալու գրականութիւնը: Կը հրատարակէ վեց գիրքեր, վէպ, բանաստեղծութիւն եւ քաղաքական յօդուածներ:

Անոր հետապնդած հարցերը.

– Արեւելք-Արեւմուտք միտքերու մերձեցում,

– Լիբանան-Սուրիա ազատագրում օսմանեան իշխանութենէն,

– Սիոնիստական շարժումին հակադարձել` պաշտպանելով պաղեստինեան հարցը:

1922-ին Ռիհանի կը ճամբորդէ արաբական զանազան երկիրներ` աւելի լաւ ծանօթանալու անոնց ժողովուրդին եւ ղեկավարներուն:

1924-1932 կը հրատարակէ 6 գիրքեր` անգլերէն եւ արաբերէն, իր ճամբորդութիւններուն մասին:

Ամին Ռիհանին իր կեանքի վերջին ութ տարիներուն կը շարունակէ հրատարակել գրական եւ քաղաքական թեմայով գիրքեր:

Ան 64 տարեկանին, 1940-ին, հեծանիւի արկածի մը պատճառով կը մահանայ եւ կը թաղուի Ֆրէյքէ: Իր կինը 1970-ին, իննսուն տարեկանին, կը մահանայ եւ, անոր փափաքին համաձայն, իր աճիւնները կ՛ամփոփուին Ֆրէյքէ` ամուսինին գերեզմանին կից:

Այսօր Ամին Ռիհանիին նուիրուած թանգարան մը գոյութիւն ունի Ֆրէյքէի մէջ:

Դասախօսութեան ընթացքին բանախօս տիկինը` Ռանիան, հատուած մը կարդաց արաբերէն «Ալ Ռիհանիյաթ» հատորէն:

Դասախօսութեան աւարտին հարցում – պատասխանի ընդմէջէն զրոյց ծաւալեցաւ:

Ներկաները մեծապէս տպաւորուած արաբ  ռահվիրայ եւ մեծ գրող Ամին Ռիհանիի կեանքի պատմութենէն` շնորհակալութիւն յայտնեցին բանախօսին` Ուաժտի Պըրպէրիին ու վերանորոգուած գրական երեկոյի հաճելի մթնոլորտէն` մեկնեցան «Հիւղը» բնակարանէն:

7 հոկտեմբեր 2021

Նախորդը

Շաքունթալա Եւ Իր Ձուկերը Կը Պայքարին Անօթութեան Դէմ

Յաջորդը

Հեռակայ Զրոյց Ազնիւ Ընկերոջս Հետ (Մանուկ Եագուպեանի Անթառամ Յիշատակին)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?