Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցերուն Հարցը` Ինչպէ՞ս Տաքնալ Այս Ձմրան

Նոյեմբեր 1, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Մեր մեծերը նախկին ուսուցիչներէն Թովմաս Հապէշեանը կը կոչէին «ուսուցիչներուն ուսուցիչը»` հաւանաբար նկատի ունենալով, որ իր աշակերտներէն շատեր ուսուցիչ դարձած էին եւ իրենց համար «ուսուցիչներուն ուսուցիչ»-ն էր պրն. Թովմաս Հապէշեանը արդարօրէն:

Հիմա եթէ փորձենք գտնել Մուսա Լեռ- Այնճարի հայութեան  այսօրուան «հարցերուն հարցը», կանգ պիտի առնենք ոչ թէ ուտելիքի, ելեկտրականութեան, դպրոցականի, դեղորայքի կամ հագուստի անտանելի սղութեան վրայ, այլ զարմանալիօրէն կանգ պիտի առնենք հայրենակիցներուն տուները այս ձմրան տաքցնելու անկարելիութեան վրայ:

Երթանք տասնամեակներ դէպի ետ:

Մեր ծնողները մեզի կը պատմէին, որ Այնճարի առաջին տարիներուն ձմրան յարմար հագուստ  չունէին պաղէն պաշտպանուելու համար: Շատերը կարճ տաբատով (շորթ) կ՛երթային դպրոց նոյնիսկ ձիւնոտ օրերուն:Հարիւրաւոր գաղթականներ մահացան ցուրտէն, անօթութենէն եւ հիւանդութիւններէն: Տիկին Հերմինէ Շիրիքեան-Պոյաճեանը կը յիշէ, որ մաշած  վերարկուն փոխնիփոխ կը հագնէին դասարանին մէջ` քիչ մը տաքնալու համար:

Դպրոցներու դասարաններուն մէջ կը զետեղուէին  փոքրիկ ածուխէ կրակարաններ (մանղալ), որ ընդհանրապէս ուսուցիչին ոտքերուն տակ, կը դրուէր…

Տուներուն մէջ փոքր կրակը կը դրուէր սեղանին տակ եւ ընտանիքի անդամները իրենց ոտքերը կը «տեղաւորէին» կրակին շուրջ, իսկ սեղանը կը ծածկուէր ծածկոցով մը

(թանտր): Ես վայելած եմ այս ձեւի տաքնալը: Ոտքերդ կը տաքնան, բայց կռնակդ կը սառի…

Ժամանակին հետ, աւելի դիւրացաւ ձմրան տուները տաքցնելը:

Կազէ վառարանները չընդհանրացան, որովհետեւ  պատահեցան մահեր շնչահեղձութեան պատճառով: Փակ սենեակներու մէջ շատ արագ կը սպառի թթուածինը, եւ մարդիկ շնչահեղձ կը դառնան:

Աւելի ուշ շատ ընդհանրացաւ վառելանիւթով (մազոթով) վառարանները, որոնք աւելի ապահով էին եւ,  տաքցնելու կողքին, նաեւ թաց լաթերը չորցնելու եւ ջուր տաքցնելու ալ կը ծառայէին: Արգելք չէր նաեւ, որ նոր տարուան առթիւ տնեցիները շագանակ ալ խորովէին վառարանին վրայ…

Վերջին տասնամեակներուն, մանաւանդ նոր տուներու շինարարութեան ընթացքին սկսաւ տարածուիլ նաեւ ջեռուցման համակարգերու հաստատումը (սոֆաժ), որ աւելի լաւ կը տաքցնէր տան բոլոր սենեակները ապահովելով նաեւ տաք ջուր, խնայելով մանաւանդ փոթորիկներու ընթացքին այրած վառելանիւթի անտանելի հոտն ու տան մրոտիլը, թէեւ աւելի շատ վառելանիւթ կը սպառէր:

Այնճարցիք, սակայն, ամէնէն շատը վարժուած էին մազոթի վառարաններուն, որ խնայողական էր եւ գործնական: Տուներուն մեծամասնութիւնը մինչեւ այսօր  տակաւին այդպէս տաք կը պահուին ձմրան:

Բայց որո՞ւ մտքէն կ՛անցնէր, որ վառելանիւթը կրնայ այսքան սղիլ: Անհաւատալի է (բայց նաեւ` իրողութիւն),   որ այս ձմրան այնճարցիք մեծ մասով չունին տաքնալու հնարաւորութիւն: Երկրի տնտեսական տագնապը գրեթէ յուսահատութեան մատնած է ժողովուրդը:

Իւրաքանչիւր ընտանիք, եթէ միայն մէկ սենեակի մէջ  վառարան մը  դնէ` բացառիկ խնայողութեամբ օգտագործելով վառելանիւթը, կարիք ունի ամէն օր 10 լիթր վառելանիւթի` որ այսօրուան գինով արժէ շուրջ150.000 լո : Այսինքն` ամիսը մօտաւորապէս 4.500.000 լո, որուն վրայ պէտք է աւելցնել  շուրջ 1.000.000 լո, ելեկտրական սպառումի ծախսը (ընդհանուրը 5.500.000 լ.ո.),մինչ իր ամսական եկամուտը կը տարուբերի 1.500.000 – 2.000.000 լո-ի միջեւ…

Փորձեցէք հիմա լուծել այս հանելուկը` առանց մոռնալու, որ ընտանիքները տաքնալէն զատ ունին նաեւ ուրիշ  անհրաժեշտ ծախսեր …

Մուսալեռցիները ասոյթ մը ունին, որ կ՛ըսէ ԲԱՈՒՐԹ ՔԱՋՐՎԷՈՒԾ, այսինքն բուրդը այնպէս իրար անցած է, որ անկարելի է զայն քակելը…

Հիմա հասած ենք այս օրուան` մեր կամքէն անկախ: Ինչպէ՞ս պիտի տաքնայ ժողովուրդը այս ձմրան, չենք գիտեր: Չմոռնանք տակաւին, թէ ինչպէ՞ս պիտի տաքնան` դպրոցները, եկեղեցիները, ակումբները, դարմանատուները …

Ոմանք կը թելադրեն, որ փայտէ վառարաններ օգտագործենք: Բայց փայտէ վառարանները սուղ են եւ փայտ ալ չկայ: Նոյնիսկ ծառերու բարակ ճիւղերը սուրիացի գաղթականները կը հաւաքեն Այնճարի պարտէզներէն:

Շատ կծու պիպէրը կրնա՞յ լուծում ըլլալ…

Հիմա արդէն պաղեցաւ սենեակը` յիշեցնելով, որ ձմեռը արդէն ժամանած է:

Յուսահա՞տ են այնճարցիք, բնականաբար ոչ: Անոնք գիտեն, որ առանձին չեն եւ մանաւանդ չեն լքուած երբեք իրենց բախտին:

Այնճարցիք գիտեն, որ  իրենց մասին մտածողներ միշտ եղած են, հիմա ալ կան եւ ապագային ալ պիտի ըլլան:

Մուսա Լեռ-Այնճար        
26 հոկտեմբեր, 2021               

Նախորդը

Ուաշինկթընի Հայեացքները Կ՛ուղղուին Արեւելք Կեդրոնական Ասիա` Միջազգային Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը

Յաջորդը

Անդրադառնալով Թուրք-Ազրպէյճանական Հայատեացութեան Արմատներուն. Փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան. «ՀՅԴ-ի Արխիւները Խիստ Կարեւոր Են Նաեւ Համահայկական Պատմագրութեան Առումով»

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?