Լիբանանահայութեան Առաջին Հայկական Վարժարանէն` Ազգային Միացեալ Վարժարան
Հայկական վարժարանին դերակատարութեան, յատկապէս ազգային վարժարանին առաքելութեան մասին տասնամեակներ շարունակ շատ բան գրուած ու շատ բան ըսուած է: Ազգային արժէքներն ու գաղափարախօսութիւնները կուլ տուող այս 21-րդ դարու համաշխարհայնացման հսկայ հոսանքին դէմ տակաւին կը շարունակենք շեշտը դնել հայ դպրոցին ունեցած իւրայատուկ դերին վրայ եւ լուսարձակի տակ կ՛առնենք ազգային վարժարանին եզակի կոչումը` սերունդներ դաստիարակելու, եւ հիացումով կը դիտենք անոր սրբազան նուիրումը` սերունդներու...




















