Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Հոկտեմբեր Գ. Տարածաշրջանային Ուժերու Նկրտումներն Ու Ազգային Շահերը

October 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2021ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ համազգային գիտաժողովի մը` նուիրուած 1921-ին Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին: Գիտաժողովը կազմակերպած էին` ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան բաժինը, ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան բաժինը, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը եւ «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ը: Զեկուցաբերները համեմատութիւններ կը կատարէին հարիւր տարի առաջ ՀՀ աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն եւ ներկայ իրավիճակին ու տարածաշրջանի թէ արեւմտեան գերպետութիւններու մօտեցումներուն, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նկրտումներուն միջեւ, վեր կ՛առնէին պատմական Հայաստանէն բուռ մը հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան մարտահրաւէրներն ու պետական ռազմավարութեան մշակման խիստ կարիքը` դիմագրաւելու զաւթիչ երկիրներու փանթուրքիստական ախորժակները եւ ներազգային միասնակամութեամբ եւ ծրագրաւորումով ամուր, դիմադրողական վահան մը ստեղծելով` պաշտպանելու Հայաստանի ազգային շահերը: Աւելի՛ն. անկախութիւնը համարելու գերագոյն արժէք` ժողովուրդներու անկաշկանդ զարգացման, իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան պահպանման համար:

Հարիւր տարիներու ընթացքին պատմական բոլոր տուեալներն ու անոնց յաջորդող զարգացումները ցոյց կու տան, որ գերպետութիւնները կը շարժին իրենց շահերէն մեկնած` յաճախ Հայաստանի պետական եւ ազգային շահերը անտեսելով, իսկ Թուրքիան կը շարունակէ Հայաստանը իր լուծին տակ առնելու եւ փանթուրքիստական իր ծրագիրները քայլ առ քայլ յառաջ մղելու իր ծրագիրներուն իրականացումը` հասնելով մինչեւ Հայաստանի թրքացման քաղաքականութեան, մեր երկիրը տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս կախեալ դարձնելով Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն, Հայոց ցեղասպանութեան, Սեւրի փաստերէն ձերբազատելու եւ անոնց գոյութիւնն իսկ օգտագործելու որպէս Հայաստանի բռնազաւթման միջոց, տեւաբար Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ներկայացնելով անարդարութեան կամ տարածաշրջանային ախորժակներու զոհեր: Վտանգուած են Արցախն ու Սիւնիքը այս առումով, որովհետեւ անոնց բռնագրաւման առիթ բացուած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դիմաց` նախ տարածաշրջանային պետութիւններու շահերու բախումին պատճառով, ապա նաեւ ՀՀ իշխանութիւններուն զիջողական քաղաքականութեան պատճառով: Հայաստանի իշխանութիւնները կարելիութիւն ունին հայրենիքի ինքնապաշտպանութեան դիրքերը ամրացնելու, եթէ նախ պետական ներքին հարցերը կարենան լուծել` իշխանութիւն, ընդդիմութիւն, մտաւորականներ, քաղաքական տարբեր գործիչներ ի մի բերելով, զիրար լսելու մշակոյթը զարգացնելով եւ Հայաստանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը մշակելով ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին, որպէսզի տնտեսական ճանապարհներու բացումը Հայաստանի տարածքները զիջելու աղէտի չվերածուի: Վտանգը չտեսնելը քաղաքական տհասութիւն է այս ժամանակներուն, իսկ Հայաստանի ազգային ներքին ճակատի ամրապնդման ու ինքնիշխանութեան անտեսումը` Հայաստանի պետական շահերու եւ տարածքներու կորուստին պարարտ հողը կը ստեղծէ:

 

Նախորդը

Կեդրոնականցի Արմենակ «Ընկեր Խնդիրեան» Է

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. «Մինաս Եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակ 2021

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.