ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Յաճախ կ՛ըսենք, որ գաղութահայ կեանքի պատմութիւնը ուղղակի չ՛առնչուիր անհատներու, այլ խօսքով` հաւաքական կեանքն է, որ իր աշխատանքով, նուիրումով եւ ազգային գիտակցական մակարդակով կ՛իմաստաւորէ, կը պայծառացնէ գաղութի մը ամբողջ պատմութիւնը` իր մօտիկ անցեալով, ներկայով եւ ապագայով:
Այդուհանդերձ, մտահան պէտք չէ ընել իրողութիւն մը, որ զանազան տիպի անհատեր, իրենց համեստ դերակատարութեամբ` հայ կեանքի մէջ (կուսակցական, միութենական, եկեղեցական), որոշակի հնչեղութիւն, աւելի՛ն. համ ու հոտ են տուած այն շրջապատին, որուն ծնունդն են եղած, հոն ապրած, հասակ առած, ընտանիք կազմած, աշխատած, նուիրաբերած, եւ օր մըն ալ այս աշխարհէն հեռացած են խղճի մաքրութեամբ, գոհունակ` իրենց պարտքը կատարածի եւ բարի յիշատակ թողնելով իրենց ընտանիքին եւ անմիջական շրջապատին:
Իրօք, նման հայորդիներու շարքին է եղած մեր ընկերը` Մանուկը, որ մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ քառասուն օրեր առաջ: Ան ծնած էր Պուրճ Համուտի Արագածի շրջանը, ուր ապրեցաւ աւելի քան եօթանասուն տարի շարունակ: Ինչպէս շատեր, ան համեստ ու աշխատասէր ծնողքի մը զաւակն էր, որ տեսած ու ապրած էր կեանքի դառնութիւնը, դիմագրաւած բազում դժուարութիւններ եւ, սակայն, հաւատացած էր վաղուան օրուան:
Ընկեր Մանուկի պատանեկանի կեանքը այդքան ալ հեզասահ չէ եղած. ան փոքր տարիքին նետուած է կեանքի յորձանուտին մէջ, եղած է վարպետ արհեստաւոր եւ կերտած իր սեփական կեանքը: Իր մտերմութեան մէջ, ան յաճախ կ՛ակնարկէր անցեալին, սակայն միշտ լաւատեսի աչքերով կը նայէր ներկային ու ապագային:
Մեր ընկերը կը պատկանի այն սերունդին, որ կրցաւ յաղթահարել դժուարին պահեր եւ պատուով ստանձնել իբրեւ ծնողքի թէ կուսակցականի պարտականութիւն: Իսկ ուրկէ՞ էր անոր գաղափարականի դաստիարակութիւնը, եթէ ոչ շրջանի մէջ իր եզակի դերը ունեցած ու տակաւին այդ առաքելութեան մէջ եղող ՀՅ Դաշնակցական ակումբին, որ տասնամեակներ շարունակ իր շալակին է առած շրջանի հայութեան տիրութիւն ընելու հաւատոյ հանգանակը:
Փոքր տարիքին, Մանուկ կ՛անդամագրուի ՀՅ Դաշնակցութեան պատանեկանի շարքերուն եւ երիտասարդութեան` տալով իր երդումը, կը միանայ ՀՅԴ-ի շարքերուն: Եւ այսպէս, ան աւելի քան 50 տարի անսակարկ կը լծուի կուսակցական աշխատանքի, միշտ եւ ամէն առիթի բարձաձայնելով իր սէրն ու յարգանքը դաշնակցական մեծերու հանդէպ, որոնք, ըստ Մանուկին, եղած են եզակի հայրենասէր ու ծառայասէր անձեր:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին (1975), ընկեր Մանուկ, իր զինակից ընկերներու կողքին, առաջին օրէն կը նետուի մարտի դաշտ` զէնք վերցնելով, պահակութիւն ընելով, տիւ եւ գիշեր ակումբին ծառայելով եւ պաշտպան հանդիսանալով իր ծննդավայր շրջանի ժողովուրդին:
Հարկ է ընդմիշտ ընդգծել, որ ընկեր Մանուկի սերունդը եղաւ այն փաղանգը, որ քաջաբար ստանձնեց իր ուսերուն բեռցուած պարտականութիւնը` ժողովուրդի պաշտպանութեան լծուելու սուրբ գործը: Ու այս սերունդը կրցաւ յաջողութեամբ գլուխ հանել իրեն վստահուած աշխատանքը` իր կողքին ունենալով երիտասարդ ուժեր, որոնք հետագային շարունակեցին տէր կանգնիլ շրջանի հայութեան:
Այո՛, ընկեր Մանուկ համեստ խաւի մը տղան էր, այսպէս ըսած, ժողովուրդի տղան, որ շնորհիւ իր ընկերական ոգիին եւ ազնիւ բնաւորութեան սիրուած էր շատ շատերու կողմէ: Ան ուրիշներէ կը զատորոշուէր իր զուարթախոհի եւ հեզահամբոյրի բնաւորութեամբ, որով համակած էր իր անմիջական շրջապատը:
Մեր ընկերոջ մարդկային յատկութեան բնորոշ գիծն էր աշխատասիրութիւնը: Իրեն համար աշխատանքը սուրբ էր, որովհետեւ կը հաւատար, որ իւրաքանչիւր հօր պարտականութիւնն էր թեւ եւ թիկունք ըլլալ իր ընտանիքին, զաւակներուն եւ ապա թոռներուն: Ան այնքան ուրախ եւ հպարտ էր իր զաւակներով, որոնց յաջողութեան մասին յաճախ կը պատմէր իր մտերմութեան մէջ:
Ընկեր Մանուկ համոզումով դաշնակացական էր. ունէր իր կարծիքը, եւ շատ անգամ առանց վարանումի կը յայտնէր իր տեսակէտները, այս կամ այն նիւթերու թէ հարցերու մասին: Անշահախնդիր կուսակցական մըն էր, որ միշտ տագնապով կ՛արտայայտուէր` ի տես տգեղ երեւոյթներու եւ ոչ ընկերական վերաբերումներու:
Արագածի մեր ընկերոջ մօտ առաւել յատկութիւն մըն էր` տեղացի զանազան տեսակի շրջանակներու հետ սերտ շփումը: Իբրեւ հայորդի, գործի բերումով կրցած էր ապահովել բարեկամներու (իսլամ թէ քրիստոնեայ) շրջանակ մը, որոնց ունեցած պետական կապերու օժանդակութեամբ, յաճախ կ՛օժանդակէր հայորդիներու, որոնք պէտք կ՛ունենային այս կամ այն ծառայութեան: Մանուկ իր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէր հասնելու բոլոր անոնց, որոնք դժուարութեան մէջ կ՛ըլլային:
Մեր ընկերոջ հետ մտերմութիւնը ուղղակի վայելք էր: Ան իւրաքանչիւր պատեհ առիթի, որ այցելութիւն կու տար, առաջին հերթին, կը հարցնէր ընտանիքի որպիսութիւնը, գործը, մեր հալն ու քէֆը, եւ ապա կը սկսէր իր պատումներուն, որոնք անվերջանալի էին եւ զարմանազան: Անոր սիրտը բարութիւն կը տրոփէր եւ խօսքը`ազնուութեամբ թաթաւուն էր: Իբրեւ երէց ընկեր, պարտաւոր էինք մտիկ ընել անոր տեսակէտները, իսկ մեր առարկութեան դիմաց, անոր ընկերական ոգիէ բխած «յանդիմանական» ոճին կ՛արժանանայինք:
Իրօք, ընկեր Մանուկ կը պատկանէր այն սերունդին, որուն համար ընկերը, դաշնակցական ընկերը մեծ արժէք ունէր: Ահա այսպիսի դաստիարակութիւն ունէր ան: Այս ըմբռնումով եւ համոզումով կրցած էր բարեկամութիւն հաստատել մեծ թէ փոքր, պատասխանատու թէ համեստ ընկերներու հետ:
Սիրելի՛ ընկեր,
Հիմա որ յաւերժի ճամբորդ եղար եւ միացար քու սիրելիներուդ, անդենականի մէջ ա՛լ հանգիստ է տագնապող հոգիդ: Վստահ եմ, որ հոնկէ պիտի շարունակես մեզ սիրել եւ բարի ժպիտովդ` մեր մտքին մէջ թարմացնես ազնիւ յիշատակներդ:
Այո՛, պիտի ներես մեզ, սիրելի՛ ընկեր, ինչպէս նաեւ` շատ-շատերու, որոնք ներկայ չեղան թաղման արարողութեան, ինչպէս ես, հակառակ պատկառելի ժողովրդական ներկայութեան: Պիտի ներս, որ դամբանականի խօսք իսկ չկրցանք արտասանել, ինչ-ինչ բացատրութեամբ, պիտի ներես, որ հիւանդութեան օրերուդ կողքիդ չկրցանք ըլլալ եւ գէթ տեսնել բարի դէմքդ եւ լսել մխիթարական վերջին խօսքերդ: Սակայն վստահ եղիր, որ իբրեւ բարի ամուսին, հոգատար հայր, ազնուասիրտ հայորդի եւ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան հարազատ ընկեր պիտի յիշուիս բոլորիս կողմէ:
Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկեր: