Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Պահանջը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովէն

Հոկտեմբեր 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Խնդիրը այն չէ, թէ ինչպիսի՛ պատեհապաշտներ ամպիոն կը բարձրանան Ազգային ժողովին մէջ իրենց բարբանջանքները բանալու հանրութեան առջեւ: Վիգէն Խաչատրեանի մտայնութիւնը ունեցող մարդիկ երբեք չեն պակսիր Երեւանի քաղաքական բեմին վրայ: Անոնք մաս կը կազմեն մեր երկրի քաղաքական ծանծաղուտին:

Խնդիրը այն է, որ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորը յատենի ժողովոյ կ՛ուրանայ Արցախի հայրենական հանգամանքը եւ զայն կը ստորադասէ եւ կը հակադրէ Հայաստանին եւ իր կեցուածքով կ՛անարգէ Արցախի ժողովուրդին արժանապատուութիւնը առանց դոյզն իսկ դիտողութեան արժանանալու ԱԺ նախագահութեան կողմէ:

Եւ երբ պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան պաշտօնական ելոյթով կը հակադրուի Վիգէն Խաչատրեանի ճամարտակութիւններուն եւ Արցախի ուրացումը կ՛որակէ դաւաճանութիւն, իր խօսքի իրաւունքն ու ազատութիւնն է, որ ամէնէն կոպիտ միջոցներով խափանման կ՛ենթարկուի ԱԺ նախագահութեան կողմէ, եւ ԱԺ պատգամաւորը ոստիկանական բռնի միջամտութեամբ դուրս կը բերուի Ազգային ժողովի նիստէն:

Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ այսօր Ազգային ժողովին մէջ, բացէ ի բաց ոտնակոխ կ՛ընէ ՀՀ սահմանադրութիւնը եւ ազգընտիր պատգամաւորին մարդկային իրաւունքները: Ան բացայայտ անարգանք մըն է` ուղղուած հանուր հայութեան:

Պարզ է, որ կը գտնուինք ծանրակշիռ օրինախախտումներու բովին մէջ, եւ վտանգուած են երկրի ժողովրդավարական կարգերու վերջին յենարանները: Զայրացած է մեր ժողովուրդը ամէնուրեք: Զայրացած է իր բոլոր խաւերով: Այս ամօթալի կացութիւնը պէտք է անմիջապէս վերջ գտնէ:

Կը պահանջենք`

Ա.- Որ անմիջապէս պաշտօնանկ հռչակուի ԱԺ փոխ նախագահ Ռուբինեանը` իր անորակելի արարքին համար եւ ենթարկուի դատական հետապնդման:

Բ.- Որ պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը ստանայ արժանի գնահատանք ՀՀ Ազգային ժողովին կողմէ` իր քաղաքացիական արիութեան համար:

Գ.- Որ Ազգային ժողովը ընդունի յատուկ բանաձեւ` Արցախի հայրենական իրաւունքի անվիճելիութիւնը միանգամընդմիշտ հաստատող եւ այդ օրէնքը անսաստողներու արարքը դաւաճանութիւն հռչակող:

Դ.- Որ նոյն բանաձեւով միանգամընդմիշտ յստակացուի, որ ՀՀ Ազգային ժողովը անբռնաբարելի կը համարէ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը այն իսկ սահմաններով, որոնք գոյութիւն ունէին Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան հռչակման րոպէին:

Ե.- Որ պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեան պատժական ծանր տնօրինման ենթարկուի Ազգային ժողովին կողմէ` իր արարքին համար:

Ոչ ոք իրաւունք ունի իր լեզուագարութիւններով կասկածի տակ առնելու Արցախի եւ Հայաստանի անկախ պետականութեանց միասնութեան եւ այդ միասնութեան անքակտելիութեան սկզբունքը:

26 հոկտեմբեր 2021

 

Նախորդը

Էրտողան Հրաժարեցաւ Արեւմուտքի Տասը Դեսպանները Արտաքսելու Իր Անիմաստ Սպառնալիքէն

Յաջորդը

«21-րդ Դարու Ուսուցիչին Վստահուած Է 20-րդ Դարու Մտածելակերպ. Խնդիրը` Այս Երկու Ժամանակահատուածներու Հաշտեցումն Է» Կ՛ըսէ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?