Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անահիտ Տուտագլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով. Զուարթ Ու Ծառայասէր Հայուհին

Հոկտեմբեր 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ Լիբանանահայ Մատաղճեան եւ Տուտագլեան ընտանիքները եւ առհասարակ  լիբանանահայ համայնքը կորսնցուցին իրենց հարազատներէն «տիկին Անահիտը» ինչպէս որ ծանօթ էր ան իր շրջապատին մէջ: Ան նաեւ ծանօթ էր որպէս «վեթերան ընկերուհի», նկատի ունենալով, որ ան ԼՕԽ-ի նախ Այնճարի «Աղթամար» եւ ապա Անթիլիասի «Նայիրի» մասնաճիւղերուն անդամ էր երկար ժամանակ: Ան մաս կը կազմէր «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադիր սերունդին եւ երկար տարիներ ծառայած էր որպէս աշխուժ ու գործունեայ անդամ: Մուսալեռցի այս հայուհին նաեւ մայրն էր նահատակ Պարոյր Տուտագլեանին, որ զոհ գացած էր լիբանանեան պատերազմի դաժան բախումներուն` զէնքը ձեռին պաշտպանելով լիբանանեան հայրենիքն ու լիբանանահայ գաղութը: Խառնուածքով ժպտերես ու ծառայասէր տիկին Անահիտ միշտ պատրաստ էր օգնութեան փութալու հոն, ուր պէտք էր: Երբ Լիբանանի տնտեսական տագնապի այս օրերուն, ինչպէս ամէն հայու, իրե՛ն եւս հարց կը տրուէր, թէ բանի մը պէտք ունի՞, ան վճռական կը պատասխանէր, որ ինք պէտք չունի, բայց «այսինչ բարեկամը» պէտք ունի եւ կը փութար կարիքաւոր հայորդիներու ցանկ մը ներկայացնել: Ան նաեւ ընկերասէր էր, կը բաւէ. որ անգամ մը տեսած կամ լսած ըլլար դրացիի մը կամ ծանօթի մը մասին ու արդէն իր յաջորդ հանդիպումին կ՛ողջունէր դիմացինը` երկար տարիներու բարեկամի մօտեցումով, անոր «հալը, քէֆը» հարցնելով: Ընկերուհի Անահիտը կարելի էր նկատել նաեւ «բանաւոր հանրագիտարան» մը: Ան նախաձեռնող էր իր ծառայասիրութեան մէջ. կը բաւէ, որ իմանար, թէ մէկը օգնութեան կամ այլ հարցի մը լուծման պէտք ունի: Անմիջապէս ի՛նք կը նախաձեռնէր ու կը կապուէր տուեալ ենթակային` հարց տալով. «Դուն այսինչ հա՞րցը ունիս, կեցի՛ր, ես կը դասաւորեմ», ու իրեն հասու բոլոր միջոցներով կը ջանար օգտակար ըլլալ ենթակային, «Բոլորս մէկ ընտանիք ենք` ցրուած այս աշխարհին մէջ» ըսելով: Թաղեցիներ, բարեկամներ ու ծանօթներ իրե՛ն կը դիմէին, երբ շրջանին մէջ բանի մը կամ մէկու մը մասին ուզէին իմանալ: Երկար ատեն Այնճարի եւ ապա Անթիլիասի մէջ բնակած ըլլալով` քաջատեղեակ էր Անթիլիասի եւ Այնճարի ներկայի թէ անցեալի անցուդարձերուն մասին: Աւա՜ղ, իր առողջական պայմաններուն բերումով կարելի չեղաւ իր յուշերը արձանագրել ու գրի առնել: Վերջին շրջանին տիկին Անահիտը յոգնած կը թուէր, ան իր անմիջական ընտանիքին ու հարազատներու բարոյական յենարանին կողքին, կ՛ապաւինէր նաեւ ֆիզիքական յենարանի մը` ձեռնափայտին, որպէսզի, ինչպէս միշտ, յառաջացած տարիքին եւս խրո՛խտ ու ճակատաբաց կարենար քալել: Իր կեանքի վերջին օրերուն բաւական տխուր էր, ամէն անգամ որ Արցախի թէ Լիբանանի մէջ զոհի մը կամ նահատակի մը նկարը տեսնէր կամ անունը լսէր, կը յուզուէր վերյիշելով ի՛ր նահատակը` Պարոյրը:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկերուհի Անահիտ:

ՍԳԱԿԻՐ ԲԱՐԵԿԱՄ ՄԸ

 

Նախորդը

Հեռակայ Զրոյց Ազնիւ Ընկերոջս Հետ (Մանուկ Եագուպեանի Անթառամ Յիշատակին)

Յաջորդը

Էրտողան Հրաժարեցաւ Արեւմուտքի Տասը Դեսպանները Արտաքսելու Իր Անիմաստ Սպառնալիքէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?