Լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ նոր ցնցումներ կ՛արձանագրուին: Տեղեկատուութեան նախարարի նախօրօք կատարած յայտարարութեան տեղի տուած բանավէճը հետզհետէ կը պարզէ նախադրեալներ` միջպետական հանգոյցի վերածուելու:
Դիւանագիտական տագնապի նախաբան կազմող այս խնդիրը իրադարձութիւններու հունափոխման ազդեցութիւն կրնար ունենալ:
Բոլոր լուսարձակները կեդրոնացած էին Թայյունէի դէպքերու նախաքննութեան, հարցաքննութեան կանչուող դէմքերու առաջնակարգ հանգամանքներուն եւ յարուցուող աննախադէպ դատերու գլխաւոր հասցէներուն վրայ:
Մէկէ աւելի անգամներ կը հնչէին ամէն գնով քաղաքացիական պատերազմի վերաբռնկումը կանխարգիլող կոչեր եւ վճռակամ դիրքորոշումներ` ամէն գնով սադրանքներուն չներքաշուելու եւ բախումնային իրավիճակները չէզոքացնելու առումներով:
Տպաւորութիւնը այն է, որ Թայյունէի համապատկերի բեւեռային երկու յենասիւները Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն ու Հըզպալլան են, որոնց գլխաւոր առաջնային դիրքերն ու անոնց շրջապատը կազմող անունները կը շօշափուին հետաքննութեան կամ դատական դիմումներու ընթացակարգերուն մէջ:
Ապահովական զսպուած կացութեան եւ դիւանագիտական տագնապի պայմաններուն մէջ, խորհրդարանը յառաջաձգման մղումով նոր թուական կ՛որոշէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Այստեղ եւս սահմանադրական վէճ` օրինաթիւի առումով եւ հարցականի տակ առնելով օրինակազմի՞, թէ՞ իրողակազմի խորհրդարանի թիւի նկատմամբ ներկաներու համեմատութիւնը նկատի ունենալու: Այլ խօսքով, իբրեւ ընդհանուր թիւ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ խորհրդարանի կազմի թի՞ւը, թէ՞ հրաժարեալ երեսփոխանները ընդհանուր թիւէն դուրս բերուած այսօրուան երեսփոխաններուն թիւը:
Հարցական կը մնան այս բոլորին մէջ տեղեկատուութեան նախարարին նախքան պաշտօնի ստանձնումը կատարած յայտարարութեան վերարծարծումի շարժառիթները:
«Խնդրայարոյց» յայտարարութիւնը կատարուած էր հրապարակային, հարցազրոյցի ընթացքին: Այդ յայտարարութեան բովանդակութեան ծանօթ էին այն կողմերը, որոնք այսօր բուռն կերպով կը բողոքեն: Նոյն կողմերուն համաձայնութիւնը, համակողմանի համոզումով, խիստ անհրաժեշտ է կառավարութեան կազմութեան համար: Բնական ենթադրութեամբ կառավարութեան կազմութեան գործընթացի առնչակից կողմերը լուռ անցած էին խնդրայարոյց յայտարարութենէն: Այսօր բուռն կերպով կը բողոքեն եւ կառավարութենէն կեցուածք կը պահանջեն:
Այս առումով հանրապետութեան նախագահին պաշտօնական կեցուածքը համոզիչ է. «Լիբանանեան քաղաքական որեւէ կողմի կեցուածքները կարելի չէ նկատել լիբանանեան պետութեան կեցուածքը եւ ըստ այնմ կեցուածք ճշդել»:
Պարզ է քաղաքական տրամաբանութիւնը եւ այս սկզբունքը չի վերաբերիր միայն տեղեկատուութեան նախարարին եւ իր ներկայացուցած քաղաքական ուժին:
Պատահարը շրջանային-միջազգային վարքագիծի մը մասին կը յուշէ, եւ այս պարագային, իր հերթին, չի վերաբերիր միայն Արաբական ծոցի երկիրներուն: Խօսքը կառավարութեան պատանդառման մասին է` ըսելու համար, որ որեւէ պահու կարելի է դիւանագիտական տագնապ ստեղծել, ատով իսկ պայմանաւորել օժանդակութիւններ չտրամադրելը եւ շարունակել ճնշումի քաղաքականութիւնը:
Իսկ Ռիատի երէկուան որոշումը` Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը խորհրդակցութեան համար տուն կանչելու եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանը վտարելու, արդէն կու գայ աւելի եւս թէժացնելու դիւանագիտական տագնապը երկու երկիրներուն միջեւ:
Նոր հանգոյցներու հիւսուածքի մը գոյառման տարբեր փուլերն են, որ կը թեւակոխուին: Հիւսուածքային այդ հանգոյցներէն մէկը ընտրական օրէնքն է, յակապէս իր արտալիբանանեան ընտրատեղամասերու որդեգրման դրուածքով:
Այստեղ եւս արտաքին ճնշումի իրականութիւնը սուր կերպով տեսանելի եւ զգալի է:
Նախքան ընտրական օրէնքի յստակացումը կամ որդեգրումը, կը ճշդուի թուականը: Այն ալ` յառաջաձգումով:
Այս աճապարանքը որոշ մտադրութիւն կ՛ենթադրէ: Քայլ ապահովել դէպի ընդհանուր փոփոխութիւն:
Այդ քայլին համար հասարակութեան ցնցոտիացումը, դիւանագիտական տագնապներու ստեղծումը, ներքաղաքական բախումներու հրահրումը կամ ընդհանրապէս կառավարութեան պատանդառումը նպաստող գործօնային փուլեր են:
Լիբանանեան շատ կողմեր գիտակից են այս իրականութեան: Ոմանք գացած են գիտակից ինքնապատանդառումի` երկրին աղքատացման, անդորրութեան խախտման եւ գերիշխանութեան խնդրոյ առարկայ դառնալու հաշուոյն:
Նոր հանգոյցներու հիւսման գործողութիւններու այս շարքին մէջ դրական ելքերու որոնման փորձերը պէտք է շարունակել եւ շեշտել ճիգը դրական նախանշաններ տեսնելու` կառավարութեան նիստերու վերագումարման ուղղութեամբ:
«Ա.»