Յօդուածներ

Ռուսական Արջին Հայկական Պարը

Ռուսական Արջին Հայկական Պարը

Ա. Ա. Երեք կարեւոր իրադարձութիւններ հայաստանեան եւ սփիւռքեան քաղաքական թէ այլ շրջանակներու ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն ներկայ բնոյթին վրայ եւ զանոնք մղեցին նախատեսութիւնններ կատարելու` ապագայ հաւանական զարգացումներուն մասին: Նախ Մոսկուայի մէջ կայացած` Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան անդամ պետութիւններու գաղտնի սպասարկութիւններու պետերուն ժողովին մասին: Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնն ալ բնականաբար մասնակցեցաւ այդ հանդիպման, որուն ընթացքին, ըստ ռուսական պաշտօնական աղբիւրներու, քննարկուեցան Անկախ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Մայեսթրօ Կոնստանդին Օրբէլեանի Նախագահութեամբ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Դանիէլ եպս. Ֆինդիկեանի, կազմակերպութեամբ Շահան Արծրունիի եւ Շողակ Յովհաննիսեանի, վերջերս Նիւ Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Քաղաքային օփերային թատրոնի նորանշանակ երաժշտական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Կոնստանդին Օրբէլեանի նուիրուած մեծարանքի երեկոյ: Ներկայ էին աւելի քան 100 հիւրեր, որոնք եկած էին շնորհաւորելու...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Հայաստանը Իր Դժուար Բարեկամին Եւ Ոխերիմ Թշնամիներուն Միջեւ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի վերջին յայտարարութիւնները կու գան անգամ մը եւս հաստատելու, որ յանձին Ռուսիոյ` մենք ունինք շատ դժուար «սպասարկուող» բարեկամութիւն մը կովկասեան տարածաշրջանի մնայուն անհաւասարակշռութիւններուն դիմաց: Մոսկուա կը շարունակէ խօսիլ 3+3 բանաձեւի դիրքերէն, որ յստակօրէն կ'ենթադրէ Ռուսիոյ միահեծան հսկողութեան տակ պահել տարածաշրջանի «խաղաղեցման» գործընթացը: Կը չակերտեմ խաղաղեցում բառը, քանի որ հարցականի տակ է, թէ...

Ֆրետիոֆ Նանսէն` Հայասէրներէն Մէկը (10 Հոկտեմբեր 1861-13 Մայիս 1930)

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ 2021-ը Ֆրետիոֆ Նանսէնի ծննդեան հարիւր վաթսուներորդ ամեակն է: Միջին Արեւելք ապրող բազմահազար հայերէն շատեր թերեւս յիշեն կամ իրենց մեծերէն լսած են այս օտարազգի մեծ ու բարեսիրտ մարդուն անունը, որ մեր ժողովուրդը, առ ի երախտագիտութիւն, դասած է մեծ հայասէրներու շարքին: Նաեւ կրնան յիշել բոլոր անոնք, որոնք 1920 թուականներու վերջերուն, Մեծ եղեռնի եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի պատճառով, իբրեւ տարագիր կամ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց «Թուֆէնքեան» Հիմնարկի Տնօրէնը Վերջերս ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն ընդունեց «Թուֆէնքեան» բարեսիրական հիմնարկի տնօրէն Կրեկ Պետեանը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ «Արցախֆոնտ»-ի Արցախի մասնաճիւղի տնօրէն Տրդատ Մարտիրոսեանը: Հաղորդենք, որ հանդիպումին քննարկուեցան յետպատերազմ Արցախի մէջ ի յայտ եկած հարցերու լուծման, ապագայ ծրագիրներու եւ համագործակցութեան խորացման վերաբերող հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Տոնի Կոզակներ Ազով-Մոզտոկ Պաշտպանական Գիծին Վրայ Ռուս-Վրացական Գէորգիեւսկի Դաշինքը Ղուկաս Կաթողիկոսի Եւ Յովսէփ Արքեպիսկոպոսի Դիրքորոշումները Ռուսական Արեւելումի Հարցով Ռուսիոյ Դէմ` Իսլամական Միութիւն ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գէորգիեւսկի դաշնագիրին ստորագրութիւնը Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոս հիւսիսային Կովկասի կառավարիչ եւ զօրքերու հրամանատար զօրավար Փաւէլ Փոթեմքինէն նամակ ստացած էր: Բռնակալական ճնշող լուծը խորտակելու եւ հայ ժողովուրդը ազատագրելու առաջադրանքով կատարուելիք ռուսական արշաւանքին համար զօրավարը հայերու աջակցութիւնը կը...

«Թաւշեայ Յեղափոխութենէն Երեք Տարի Անց». Արժէքներու Ամբողջական Քայքաում

«Թաւշեայ Յեղափոխութենէն Երեք Տարի Անց». Արժէքներու Ամբողջական Քայքաում

ԿԱՐԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ «Սիվիլնեթ» Վերը զետեղուած նկարը 2018-ի «թաւշեայ յեղափոխութենէն» առնուած պատկերն մըն է: Երիտասարդ աղջիկներ կը քալեն առաջին շարքերուն: Համոզուած էին, որ, անկախ ամէն ինչէ, փողոց դուրս եկած էին` պահանջելու հաւասար իրաւունքներ, հաւասար առիթներ, հաւասար վարձատրութիւն, հաւասար ամէն ինչ: Անոնք փոփոխութեան ազդակներն էին: Երեք տարի ետք Հայաստանի յետյեղափոխական կառավարութեան մէջ ընդամէնը մէկ կին անդամ կայ: Ազգային ժողովի ղեկավարութեան կազմին մէջ...

Ակնարկ.  Եռակողմ Հանդիպման Ընդառաջ Երեւանի Յստակացնելիք Կէտերը

Ակնարկ. Եռակողմ Հանդիպման Ընդառաջ Երեւանի Յստակացնելիք Կէտերը

Մոսկուա-Երեւան-Պաքու առաջին դէմքերու մակարդակով եռակողմ հանդիպման մասին լրատուական շրջանառութիւնը առատ է: Գրեթէ զուգահեռաբար հայաստանեան եւ ռուսական լրատուադաշտերը կը կանխատեսեն այդ հանդիպումը նոյեմբերի առաջին տասնօրէին: Կանխատեսուած թուականը ունի ուղերձ: Կը խօսուի նոյեմբեր 9-ի մասին, այլ խօսքով` ուղիղ մէկ տարի ետք հրադադարի յայտարարութեան: Հայաստանեան եւ ռուսական լրատուամիջոցներու տարածած կանխատեսումներուն մէջ կայ բովանդակային տարբերութիւն: Ռուսականը ընդհանրապէս բաւարարուած է եռակողմ հանդիպման կայացման բարձր հաւանականութիւնը...

Կեդրոնական Ասիա` Միջազգային Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը

Կեդրոնական Ասիա` Միջազգային Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Այսօրուան միջազգային քաղաքական շրջանակները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ շրջանային ուժեր եւ Միացեալ Նահանգներու նման գերտէրութիւն մը ծաւալապաշտական իրենց ախորժակները կը հեռացնեն Միջին Արեւելքէն եւ կ՛ուղղեն դէպի այլ տարածաշրջաններ, որոնք հաւանաբար դառնան Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան մրցակցութեան նոր թատերաբեմերը: Յօդուածներու շարքով մը պիտի անդրադառնանք Եւրասիոյ նոր կռուախնձորը դարձած Կեդրոնական Ասիա կոչուող շրջանին եւ այդ շրջանին մաս կազմող երկիրներուն: Սակայն նախ հարկ է...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Նեցուկ Կը Կանգնի Լիբանանի Մէջ Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Ծրագիրին

արդ եւս. Արեւմտահայ Մշակոյթի Նոր Ծրագիր

արդ եւս.  «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը կը մեկնարկէ նպաստի նոր ծրագիր մը` քաջալերելու համար արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութիւնը: Այս նոր նախաձեռնութեան նպատակն է ամրապնդել լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ եղած ներքին ու հարազատ կապը. արեւմտահայերէնն է արարումի հիմնական միջոցը: Մշակոյթներ եւ ինքնութիւններ միշտ կը զարգանան ու կը փոփոխուին, յատկապէս` սփիւռքեան իրականութեան մէջ: Իւրաքանչիւր սերունդ կը ստեղծէ ի՛ր իսկ մշակութային իրականութիւնը, կը...

Մեծ Իրաքէն Փոքր Հայաստան

Փոթորիկին Մէջէն…

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Մեծ փոթորիկ մը ելաւ» (Մարկոս 4:37) «Ուստի մենք ալ գործակից ըլլալով` կ՛աղաչենք, որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք» (Բ. Թուղթ Առ Կորնթացիս 6:1) Աստուածաշունչի մէջ իւրաքանչիւր դրուագ եւ պատմութիւն ընթերցողին կողմէ ունի տարբեր հասկացողութիւն եւ ընկալում: Իւրաքանչիւր անհատ կը հասկնայ եւ կ՛ընկալէ` մեկնելով իր մտաւոր, բայց նաեւ ապրած ընտանեկան, ազգային, ընկերային-մշակութային ու պատմական ենթահողերէն եւ իրավիճակներէն:...

Սպասում

Թատերական Ստուերներու Վերակենդանացում

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Պատմական.- Կարելի է ենթադրել, թէ բոլոր նախնական հաւաքականութիւններու մէջ մշակութային աւանդը փոխանցուած է բանաւոր պատումով եւ խորհրդանշական պատկերներով: Արտայայտութեան երկու միջոցները ունեցած են ծիսական բնոյթ: Ստուերներու թատրոնին շուրջ պատմական արձանագրութիւնները ժլատ եւ անորոշ են: Ժլատ են ուրեմն նաեւ ուսումնասիրութիւնները: Հին Յունաստանի եւ Հեռաւոր Արեւելքի մէջ (թերեւս եւ այլուր) գոյութիւն ունեցած է պատկերաշարանի առընթեր կատարուող պատումի ձեւաչափը: Շարքը նման...

Գետ-Գիտութեան

Գետ-Գիտութեան

- ADHD-ի Զննում (Screening) - Ինչպէ՞ս Աւելի Հաւատք Ունենալ Անձիդ Հանդէպ - Խոզի Երիկամունքի` Մարդու Առաջին Յաջող Տեղափոխումը Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ ADHD-ի Զննում (Screening) Դժուա՞ր է ձեր երեխային համար հանգիստ նստիլը: Ձեր երեխան առանց նախապէս մտածելու կը գործէ՞: Ձեր երեխան կը սկսի, բայց չ՛աւարտե՞ր գործերը: Եթէ այդպէս է, ձեր երեխան կրնայ ուշադրութեան պակասի գերաշխուժութեան խանգարում (ADHD) ունենալ: Գրեթէ բոլորը երբեմն կը...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հարեւանիս Շան Հաջոցը

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Շան հաջոցն հարեւանիս` կը խանգարէ ամբողջ գիշերն Երազները, սիրոյ կիրքերն, մեր փողոցին բնակիչներն: Նաեւ առտուն շունը կատղած կը շարունակէ պատշգամէն Հաջել, ոռնալ, իր տիրոջը, մեր բոլորին բան մը ըսել: Աւա՜ղ այսպէս այս ընթացքը երկարեցաւ օրեր շարունակ, Եւ ի վերջոյ մեծ կռիւ մը մեր թաղին մէջ պատահեցաւ: Հայհոյանքներ բիւր լսեցինք,մեծ դանակներ, տեսանք զէնքեր: Հոծ բազմութիւն մը կազմեցին կռուողներն ու...

Սթափելու Ժամանակը

Տեսականէն Գործնական. Գործը Պէտք Է Յաջորդէ Խօսքին

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Անցնող երկու շաբաթները նշանաւորուեցան զանազան ուսումնասիրական հաւաքներով, որոնք տեղի ունեցան Երեւանի մէջ: Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Մամլոյ խորհրդաժողովը, որ դաշնակցական մամուլի խմբագիրներու եւ քարոզչական մարզի պատասխանատուներու հերթական հաւաքն էր: Այս խորհրդաժողովը կը գումարուի երեք կամ չորս տարին անգամ մը եւ օրակարգի վրայ կ՛ունենայ, բացի կատարուածին արժեւորումէն, միջազգային ու ազգային մակարդակներու վրայ առկայ կացութեան Դաշնակցութեան քարոզչութիւնը պատշաճեցնելու հարցը:...

Փանտորայի Փաստաթուղթերու Գաղտնիքը.  Ալիեւները 400 Միլիոն Սթերլինկ Արժողութեամբ  Բրիտանական Անշարժ Գոյք Վաճառած Են

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ալիւեան Փառք… Եւ Բարք

«Կաշառակերութիւնը մարդու ժառանգութիւնն է» Սուրբ Անակլետոս Պապ (Anacletus, 25-92)   Սովորութի՞ւն, թէ՞ Ազրպէյճանի ղեկավար ըլլալու պայման: Քանի մը տարին անգամ մը կը գաղտնազերծուի, որ աշխարհի զանազան ղեկավարներ այս կամ այն միջոցներով յաջողած են ապօրինի միջոցներով երազային գումարներ ապահովել եւ իրենց երկրէն դուրս, այլ երկիրներու մէջ ապահով պայմաններու տակ դիզել: Նման կողոպուտի կու տան նաեւ հեռափնեայ կամ «անդրծովեան»` օֆշորային անուանումը: Բնականաբար...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Անմիջականի Ճնշումէն Պահ Մը Հեռանալու Փորձ. Ղեկավարին Մեծութիւնն Է Հաղորդուիլ Ժամանակները Լուսաւորած Մեծերով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Ադամի յաջորդները մաս կը կազմեն նոյն մարմնին, քանի որ անոնք ստեղծուած են մէկ եւ նոյն էութենէն: Օրուան մը ճակատագիրը եթէ ցաւցնէ անդամ մը, այն ատեն միւս անդամները եւս անկէ պիտի ազդուին: Եթէ դուն չես տառապիր ուրիշներու ցաւով, դուն արժանի չես մարդ կոչուելու» Պարսիկ բանաստեղծ Սաատի, ԺԳ. դար Հրավառութիւնները եւ ոգեշնչող խօսքերը չեն կրնար վարագուրել ցաւ ու ճշմարտութիւն: Անոնք...

«Մեզմէ Իւրաքանչիւրը Արցախի Մէջ Պիտի Վառէ Ի՛ր Մոմը, Պիտի Զետեղէ Ի՛ր Քարը, Որպէսզի Արցախն Ու Արցախցին Շարունակեն Ապրիլ ու Արարել Պապենական Մեր Նուիրական Հողին Վրայ». Զաքար Քէշիշեան

«Մեզմէ Իւրաքանչիւրը Արցախի Մէջ Պիտի Վառէ Ի՛ր Մոմը, Պիտի Զետեղէ Ի՛ր Քարը, Որպէսզի Արցախն Ու Արցախցին Շարունակեն Ապրիլ ու Արարել Պապենական Մեր Նուիրական Հողին Վրայ». Զաքար Քէշիշեան

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Զաքարը կրկին Արցախի մէջ... Համերգներ, երգչախումբեր, ընկերային հաւաքներ` իր սան-սանուհիներուն հետ, երաժշտական ընտանեկան մթնոլորտ, արցունք ու ժպիտ, մերթ լուսաւոր, յուսացող դէմքեր, մերթ` տրտում, կորուստի ցաւին մէջ մխրճուած... Զարմանալի կամ անակնկալ չէ Զաքար Քէշիշեանը կրկին տեսնել Արցախի մէջ, թէկուզ փոքրացած, թէկուզ առանց թանկագին Շուշիի: Զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ ինքզինք կրկին ու կրկին, ո՛վ գիտէ ո՛րերորդ անգամ, չգործուղէր...

Աստուծոյ Կտակը

Ծառայութեան Զանգը Կը Շարունակէ Հնչել

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Դպրեվանք Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ահա դարձեալ կը զնգայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սիրտն ու օրրանը հանդիսացող դպրեվանքին դպրոցական առաջին զանգը: Դարձեալ ազգիս հայոց նուիրեալ ու անձնուրաց մանկունքը կու գան իրենց հոգեւոր ծննդատեղին` դպրեվանք: Դարձեալ կը լսուին դպրեվանքի քայլերգին` «սիրտ ի սիրտ եւ ձեռն ի ձեռն»-ին սրտառուչ բառերը: Դպրեվանքի դարաւոր աւանդին համաձայն, այս տարի եւս դպրեվանեցիները...

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

Ապրիլը Քու Արդար Իրաւունքդ Է

ՀԱՅՐ ԱՒԵՏԻՔ Աստուած ոչինչէն արարեց աշխարհը ամբողջ եւ` «տեսաւ որ բարի է» (Ծն. 1.31): «Աստուած սէր է» (Ա. Յհ. 4.7-21): Սէր է Աստուած, եւ այդ սիրոյ արդիւնքն ենք մենք: Աստուծոյ սիրոյ արտայայտութիւնն ենք մենք. այլ խօսքով, Աստուած ստեղծեց մարդը, որովհետեւ սիրեց մեզ: Այնքան սիրեց, որ կեանք տուաւ ապրելու, տուաւ սիրտ եւ զգացում, բանականութիւն ու միտք, ուժ եւ կարողութիւն. տուաւ այն,...

Page 389 of 1112 1 … 388 389 390 … 1,112

Արխիւներ