Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. «Մինաս Եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակ 2021

October 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան 2021 տարեշրջանի մրցոյթի արդիւնքը:

«Թէօլէօլեան» մրցանակի մասնակից բազմազան գրութիւններու ընդմէջէն անդամներու մեծամասնութեան ձայնով դատական կազմը, երկար խորհդակցութիւններէ ետք` մեծ դժուարութեամբ յանգած է հետեւեալ որոշումին. հայերէնի մրցանակը կը յատկացուի

Քարեն Չթճեան- Պրեստի` «Աստղիկը կ՛ուզէ արագ մեծնալ» մանուկներու համար պատրաստուած գեղանկարազարդ գիրքին, իսկ անգլերէն մրցանակը կը յատկացուի Լոլա Գունտաքճեանի երկլեզու բանաստեղծական հատորին, Lola Koundakjian, in English & Spanish – poems – The moon in the cusp of my hand:

Դատական կազմը «Աստղիկը կ՛ուզէ մեծնալ» մանկապատանեկան գործը նկատեց այժմէական, սրամիտ եւ մեծապէս քաջալերելի` նկատի ունենալով կարիքը նման գրականութեան: Իսկ Լոլա Գունտաքճեանի երկլեզու երկը դատական կազմը գնահատեց իր իւրայատկութեամբ բանաստեղծի ներաշխարհի պատկերաւոր արտայայտման ձեւի հարազատութեան համար:

Այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ եւ «Հայրենիք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր, գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեանի ու իր կողակիցին` հայոց լեզուի և գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը:

Մրցանակը կը շնորհուի Հիւսիսային Ամերիկա բնակող շնորհալի հեղինակներու: Համազգայինի հիմնական նպատակն է այս մրցանակի միջոցով քաջալերել ու լայն հանրութեան հասցնել հայերէնով կամ հայկական նիւթերու մասին գրող հեղինակներուն:

Դոկտ. Քարին Չթճեան-Պրեստի բազմաթիւ մրցանակներ ստացած է: Ան երաժշտութեան դասախօս է UCLA-ի մէջ: Ան նաեւ մանկավարժ, յօրինող , մեկնաբան, կատարողական արուեստի մասնագէտ է, ունի բազմաթիւ հրատարակութիւններ, յօրինումներ: Իր դոկտորայի աւարտաճառը խորհրդային ժամանակաշրջանի ընկերային իրականութեան ազդեցութիւնը հայ երաժիշտներու յօրինումներու կամ ստեղծագործութիւններու մասին էր USC-էն:Իր կայքէջի հասցէն է Dr. Karenn Chutjian Presti (karennpresti.com)

Բանաստեղծ, արուեստագէտ, խմբագիր նիւեորքաբնակ Լոլա Գունտաքճեան հիմնադիրն է Հայ բանաստեղծութեան ցանցին: Ան ունի բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Վկայուելէ ետք մագիստրոսի տիտղոսով Քոլոմպիա համալսարանէն, ան մասնակցած է բազմաթիւ համագումարներու, եւ իր գիտական ուսումնասիրութիւնները լոյս տեսած են համագումարներու զեկոյցներուն մէջ: Իր կայքէջերէն է` Lola Koundakjian

Դատական կազմի անդամներն են` դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնրէալ), դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Կարէն Ջալլաթեան (Քալիֆորնիա), Անուշ Ակներեան (Մոնրէալ) եւ դոկտ. Միրնա Տուզճեան (Քալիֆորնիա):

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Հոկտեմբեր Գ. Տարածաշրջանային Ուժերու Նկրտումներն Ու Ազգային Շահերը

Յաջորդը

«Հանդուրժողութեան Ամրապնդումը Միջկրօնական Երկխօսութեան Առաջնահերթութիւնը Պէտք Է Դառնայ» Կը Շեշտէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.