Յօդուածներ

Հայեւթուրք Մերձեցման Արկածախնդրութիւնը

Հայեւթուրք Մերձեցման Արկածախնդրութիւնը

Ա. Ա. Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման պատմութիւնը ձախողութիւններով լեցուն է: Մինչեւ արցախեան երկրորդ պատերազմը Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններուն հաստատման որեւէ փորձ կը բախէր Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի պահպանման եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն յաղթահարման եւ վերացման «արգելք»-ներուն, որոնք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ իբրեւ ճնշումի լծակներ կը գործածուէին: Արցախեան երկրորդ պատերազմին հայկական կողմին կրած պարտութենէն ետք Անգարայի մարտավարութեան մէջ շատ բան փոխուեցաւ, եւ...

Կեդրոնականցիին Պէյրութի Եւ  Երեւանի  Լուրերը Եւ… Քասուլէ

Կեդրոնականցիին Պէյրութի Եւ Երեւանի Լուրերը Եւ… Քասուլէ

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա Էլպիս եւ Մակարուհին շուկայ գացին: Արմենակին հետ, խոհանոցը նստած, պատրաստած սուրճս վայելեցինք: Էլպիսի բացակայութենէն օգտուելով` Արմենակ բացաւ իր լուրերու տոպրակը: - Մակա՛րս, Պէյրութէն հեռաձայնեց ընկերոջս` Արթաքիին կինը` Զապէլ: Ժամ մը խօսեցաւ: Թերթերը չեն գրեր առօրեային մասին: Ըսաւ, որ կեանքը անկարելի դարձած է, աշխատավարձերը չեն բաւեր հացի: Բայց ճաշարանները կը յորդին, հոն կ’երթայ պահուած տոլար ունեցողը կամ դուրսէն...

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  - Ամերիկեան Օդակայանին Մէջ Սկսած Են Աշխատիլ Ինքնավար «Օթթոպոթ» Մարդամեքենայ Առաքիչներ - «Հեքսաքթ»-ը Գործնական Տարին Կ՛ամփոփէ 400 Տոկոս Աճով - Ծալուող Սմարթֆոնները 2022 Թուականին Կ՛աժաննան - Տան Համար Նոր Այփետ Ներկայացուած Է - Չիները Կը Խոստանան Անձնակազմով Նոր Հրթիռը Լուսին Արձակել 2026 Թուականին - ՆԱՍԱ-ի Տիեզերական Զննաձողը «Դպած Է» Արեւուն - Չինաստան Առաջին 6ճի Ցանցը Մինչեւ Այս Տասնամեակի Վերջը...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այլեւս Փաստ Է` Հայաստանի  Եւ Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Միջեւ Կայ  Գաղտնի Պայմանաւորուածութիւն»

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Պետութիւնը` Ազգային Իտէալների Իրագործման Միջոց

Պետութեան գոյութիւնն ազգի յարատեւման հիմնական երաշխիքներից է: Այդ առումով պետութիւնը չի կարող ինքնանպատակ լինել: Պետական համակարգի հիմնական առաքելութիւնը համապատասխան միջավայրի ստեղծումն է, որտեղ պէտք է ապահովուի ազգի բնականոն զարգացման եւ բարգաւաճման գործընթացը: Հայկական իրականութեան մէջ 30 տարի առաջ անկախ պետականութեան վերակերտման ակունքներում, ելնելով պետութիւն ունենալու հայութեան մէջ գոյութիւն ունեցող իտէալական երեւոյթից, պետութեան գոյութիւնը ոմանց մօտ դարձաւ գերնպատակ: Այդ երեւոյթը յատկապէս...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յարաբերութիւններու (Ան)Կարգաւորում…

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յարաբերութիւններու (Ան)Կարգաւորում…

Բեմահարթակներէն կրկին կը խօսուի հին թնճուկին մասին: Թնճուկ կամ կնճռոտ հարց ըսելով` ի մտի ունինք ՀԱՅ-ԹՈՒՐՔ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆը: Անգամ մը եւս, ըստ սովորականին, լուրը հրապարակ նետուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ եւ տարածք գտաւ: Մերթ սուլթանամէտ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ մերթ անոր հլու կամակատարը` արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, ամիսներէ ի վեր այդ հարցը կ’արծարծէին: Սակայն իրականութեան մէջ «բանն ինչումն է»-ն երկխօսութիւնը չէ,...

Աստուծոյ Կտակը

Սարկաւագութեան Ծննդոցն Ու Սուրբ Ստեփանոս Նախավկան

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Դպրեվանք կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Որ ընտրեցար ի դասս երկնաւոր զօրացն. Պսակեցար ի Թագաւորէն զանթառամ զպսակն եւ մկրտեցար արեամբդ քո սրբոյ առաջին վկայ Քրիստոսի սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագդ մեծ» (Կանոն Ստեփանոսի Նախավկային): Ստուգաբանօրէն շփոթ մը կայ սարկաւագ բառին շուրջ. ոմանք անոր արմատը կը փնտռեն պարսկերէնի մէջ, ոմանք` յունարէնի, իսկ ուրիշներ` հայերէնի մէջ: Սակայն մէկ բան յստակ է,...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Դատարկ Խօսք Է Ըսել, Թէ Մեծ Մշակոյթի Ժառանգորդ Ենք, Երբ Զայն Չենք Վերանուաճեր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Թէպէտ եւ եմք ածու փոքր, եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ, եւ զօրութեամբ տկար եւ ընդ այլով յոլով անգամ նուաճեալ թագաւորութեամբ, սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոյ յիշատակի...» ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ Պատմահայր Մովսէս Խորենացին ալ ըսած է, որ փոքր ենք թէեւ, բայց ունինք յիշատակելի արժանիքներ: Ունինք մշակոյթ, որուն ժառանգորդ ըլլալ կը նշանակէ՞...

Ակնարկ.  Քառօրեայ Այցելութեան Ընթացքին  Փոխանցուած Ուղերձները

Ակնարկ. Քառօրեայ Այցելութեան Ընթացքին Փոխանցուած Ուղերձները

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին քառօրեայ այցելութիւնը աւարտած է արդէն: Նման ծանր պայմաններու մէջ միջազգային ընտանիքի բարձրագոյն պատասխանատուին տուած այցելութիւնը բնականաբար հանրային ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ միջազգային օժանդակութիւններու նոր հոսքի հաւանականութեան վրայ: Մանաւանդ որ ՄԱԿ-ը` իբրեւ միջազգային կառոյց եւ հաստատութիւն, առաւելաբար խաղաղապահութեամբ եւ տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններով կը յատկանշէ իր ընդհանուր գործունէութեան հիմնական առանցքները: Լիբանանի հետ յարաբերակցաբար ՄԱԿ-ը ունի աշխատանքային գերակայ ուղղութիւններ: Առաջինը Լիբանան...

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Տարին

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Տարին

2021 տարին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին համար եղաւ նախորդ տարիներէն շատ աւելի տարբեր: Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող անբնական ընկերատնտեսական կացութեան` կեդրոնը բաց պահեց իր դռները եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցեց  բազմահազար պարագաներու: Տարուան սկիզբը, կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումը, կեդրոնը գործեց յատուկ ժամանակացոյցով եւ առաւելագոյն նախազգուշութիւնները գործադրելով: Վերանորոգուեցան առողջապահութեան եւ ընկերային բարօրութեան նախարարութեանց հետ ցարդ կնքուած համաձայնագիրները, որոնց հիման վրայ...

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի.  Նոր Տարուան Ընդառաջ

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Նոր Տարուան Ընդառաջ

Քանի մը օրէն պիտի դիմաւորենք 2022 թուականը: Ի՞նչ նորութիւն կը խոստանայ հայ հաւաքականութեան` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, օրացուցային այս փոփոխութիւնը: Ցարդ մեր հանրութիւնը սպասած է, որ այդ նորութիւնը մատուցուի իրեն, եւ ինք նոր լիցքով, նոր կորովով եւ նոր ակնկալութիւններով անհատաբար շարունակէ սեփական կեանքը: Հաւաքական այս սպասումը տարբեր ժամանակահատուածներու կապուած է տարբեր ազդակներու, ուժերու բարենպաստ դասաւորութեան, վերջին երեսուն տարիներուն` անկախ պետականութեան:...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Արեւմտահայերէնը` Թուայնացած. Համակարգիչը Եւ Հայերէնը «Ազդակ»-ի 41-րդ Լսարանին Առիթով

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հինգ տարիներ առաջ` 6 օգոստոս 2016-ին «Արեւմտահայերէնը` խօսիլ, գրել, կարդալ. համակարգիչը եւ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը» (1) խորագիրով «Ազդակ»-ի մէջ յօդուած մը գրած էի, որ խորագիրին համահունչ ախտաճանաչում եւ գործնական լուծումներ կ՛առաջարկէր թէ՛ հայերէնի գործածութիւնը խթանելու եւ թէ՛ ալ համակարգիչով անսխալ հայերէն գրելու մասին: 16 դեկտեմբեր 2021-ին «Ազդակ»-ի 41-րդ առցանց լսարանին նիւթն էր` «Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման նոր ուղղութիւններու խնդիրը»,...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա ՀՅԴ 131-Ամեակի Նշում Քեմպրիճի Մէջ Ուրբաթ, 3 դեկտեմբեր 2021-ին Քեմպրիճի «Արարատ» երիտասարդական կեդրոնին մէջ արժանաւոր կերպով նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 131-ամեակը: Բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով, ապա օրուան հանդիսավարը` Շողեր Աշգարեան, խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած դաշնակցական ընկերներուն եւ բոլոր նահատակներուն: Ապա իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն իր...

Մահուան Քառասունքին Առիթով.  Համեստութեան Իշխան,  Իշխան Մուրատեան

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Համեստութեան Իշխան, Իշխան Մուրատեան

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Իր մահէն 15 օր առաջ առաւօտեան սուրճի հիւրս էր Իշխան Մուրատեանը: Աւելի քան մէկ ժամ զրուցեցինք Լիբանանի հայութիւնը յուզող հարցերուն մասին: Խօսեցանք անցեալէն, իր հօր մասին, մանկութեան յիշատակներուն մասին: Ու երբ պիտի մեկնէր, գրասեղանիս վրայ պահարան մը սահեցնելով` ըսաւ. «Մինչեւ հոս հասնիմ, քանի մը ընտանիքի այցելեցի, այս ալ` ձեր գրասենեակին ճամբով, նայէ` ի՛նչ կ՛ընես: Կարիքները մեծ են: Գալ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նոր Գիրքերու Հետ. Առաձգական Բանաստեղծութիւններ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Այցեքարտ».- - Խորագիր` Առաձգական: - Հեղինակ` Յարութիւն Պէրպէրեան: - Լոյս տեսած` Երեւանի «Զանգակ» հրատարակչատունէն, 2021, 272 էջ: (Պատառիկ մը` ետեւի կողքին): - Հեղինակին բացատրութեամբ, հրատարակութիւնը կատարուած է «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան օժանդակութեամբ: - Դարձեա՛լ հեղինակին բացատրութեամբ, կը բովանդակէ վերջին 12 տարիներու իր ստեղծագործութիւններէն, նաեւ նախորդ հատորներով լոյս տեսած բանաստեղծութիւններէն փունջեր: - Նիւթեր, դարձեա՛լ հեղինակին բացատրութեամբ (հատորի վերջին էջերուն տրուած),...

Արդեօ՞ք Ազրպէյճանցիներն Են Իրականացրել Աղտամի (Խոջալու) Արիւնահեղութիւնը Սեփական Ժողովրդի Հանդէպ

Լեն Ուիքսի` «Արդեօ՞ք Ազրպէյճանցիներն Են Իրականացրել Աղտամի (Խոջալու) Արիւնահեղութիւնը Սեփական Ժողովուրդի Հանդէպ» Յօդուածի Հեղինակին Մասին

«Ազդակ»-ի 18 դեկտեմբերի թիւով հրատարակած էինք «Արդեօ՞ք ազրպէյճանցիներն են իրականացրել Աղտամի (Խոջալու) արիւնահեղութիւնը սեփական ժողովրդի հանդէպ» խորագրեալ Լեն Ուիքս ստորագրութիւնը կրող խիստ հետաքրքրական վերլուծականը: Ստորեւ յօդուածագրին մասին ամփոփ ծանօթագրութիւն մը: «Ա.» Աւստրալիացի/նորզելանտացի Լեն Ուիքս ունի օդային կառավարման, օդանաւային անվտանգութեան հաշուեքննութեան եւ կառավարման, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու փորձառութիւն` աշխատելով Նոր Զելանտայի, Օմանի (Պարսից Ծոցի առաջին պատերազմի ժամանակ) եւ Թայլենտի...

Կեդրոնականցին, Յուզուող Աբրահամը Եւ Լուսանկարուող Ֆրանսիսը

Մակար ի Գաղիա Եթէ Արմենակին մեր թերթերը սիւնակ տան, հեռատեսիլ եւ ձայնասփիւռ` ժամ, կը նպաստեն մեր քաղաքականացման եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան: Այս մասին մտածեցի մեր վերջին զրոյցէն ետք: Դեկտեմբերի գորշ ցերեկին Էլպիս եւ Մակարուհի խոհանոց քաշուած էին, երկու Ծնունդ եւ մէկ Ամանոր պատրաստելու համար: - Մակա՛րս, երջանիկ եւ յոյսի տարիներուն, երբ լախտը չէր իջած մեր գլխուն, կար «սփիւռքի նախարարութիւն»: Փաստ, որ...

Մանկութիւն Չունեցող Մանուկներ

Մանկութիւն Չունեցող Մանուկներ

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Մանկութիւնը կեանքի ամէնէն ուրախ փուլերէն մէկը պէտք է ըլլայ: Համաձա՞յն էք: Կ՛երեւի` աշխարհը հակառակ կարծիք ունի այս նիւթին շուրջ, որովհետեւ հայրենաբնակ հայ երեխան դատապարտած է մանկութեան մը, որ անդադար կ՛ոտնակոխուի պատերազմի արիւնաքամ հետքերով: Ամէնէն վաղ օրինակը այս ողբերգութեան` այս դարուն ծնած արցախցիի մը  մանկութիւնն է: Իմ տարիքիս արցախցի մանուկ մը արդէն երկու պատերազմ տեսած է` մէկը տասներեք, իսկ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի, Մատենադարանի Եւ Քաթարի Ազգային Գրադարանի Միջեւ Փոխգործակցութիւնը Արժէքաւոր Կրնայ Ըլլալ. Նունէ Սարգսեան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի` Քաթարի պետութիւն աշխատանքային այցելութեան ընթացքին նախագահին կինը` Նունէ Սարգսեան, այցելեց Քաթարի Ազգային գրադարան, որ Քաթարի հիմնադրամի մեծագոյն, ինչպէս նաեւ հետազօտական, համալսարանական եւ հանրային հաստատութիւններէն մէկն է: Այս մասին յայտնեցին նախագահին աշխատակազմէն` նշելով, որ Քաթարի Ազգային գրադարանի գրապահոցներուն մէջ պահուած...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Աշխուժ Կապերը Ռուսական Իշխանութիւններուն Եւ Մելիքներուն Հետ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Աշխուժ Կապերը Ռուսական Իշխանութիւններուն Եւ Մելիքներուն Հետ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Վրաստան կայք հաստատած Ջրաբերդի մելիք Մեջլում եւ Գիւլիստանի մելիք Աբով տեւական կապի մէջ էին ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանի հետ եւ իրենց գործունէութեան ընթացքին անոր ցուցմունքներուն կը հետեւէին: Յովսէփ արքեպիսկոպոս ընդհանուր ղեկավարը եւ գլուխը կը նկատուէր այն շարժման, որուն նպատակն էր Արցախի եւ ընդհանուր առմամբ Հայաստանի մէջ վերականգնել հայկական անկախ իշխանութիւնը: Յովսէփ արքեպիսկոպոս համոզուած էր որ հայ ժողովուրդին...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վտանգալից Կարգաւորում

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վտանգալից Կարգաւորում

Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը սոսկ երկու դրացի պետութիւններու յարաբերութիւններու կարգաւորում կարելի չէ համարել եւ խանդավառուիլ սահմաններու բացման ու տնտեսական ձեռքբերումներու պղտոր հեռանկարներով: Թուրքիան Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն առումով ունի արիւնալի պատմութիւն, որ հիմնուած է թրքական ծաւալապաշտութեան եւ հայ ազգի իրաւունքներու մշտական անտեսման Թուրքիոյ ծանօթ մօտեցումներուն վրայ: Այս մօտեցումները տարիներու ընթացքին չեն փոխուած, այլ նոր ձեւ ստացած են պարզապէս: Դրացի...

Page 375 of 1112 1 … 374 375 376 … 1,112

Արխիւներ