Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
– Ամերիկեան Օդակայանին Մէջ Սկսած Են Աշխատիլ Ինքնավար «Օթթոպոթ» Մարդամեքենայ Առաքիչներ – «Հեքսաքթ»-ը Գործնական Տարին Կ՛ամփոփէ 400 Տոկոս Աճով – Ծալուող Սմարթֆոնները 2022 Թուականին Կ՛աժաննան – Տան Համար Նոր Այփետ Ներկայացուած Է – Չիները Կը Խոստանան Անձնակազմով Նոր Հրթիռը Լուսին Արձակել 2026 Թուականին – ՆԱՍԱ-ի Տիեզերական Զննաձողը «Դպած Է» Արեւուն – Չինաստան Առաջին 6ճի Ցանցը Մինչեւ Այս Տասնամեակի Վերջը Կը Գործարկէ
Ամերիկեան Օդակայանին Մէջ
Սկսած Են Աշխատիլ Ինքնավար
«Օթթոպոթ» Մարդամեքենայ Առաքիչներ
Ամերիկեան «Օթթոնոմի» ընկերութիւնը Սինսինաթիի (Հիւսիսային Քենթաքի) օդակայանին մէջ գործարկած է ապրանքներու առաքման նախագիծ` ինքնավար մարդամեքենաներով. մեքենային հետ հաղորդակցութիւնը հասարակական հեռաւորութեան խախտում չէ:
«Օթթոպոթ» քառանիւ մարդամեքենայէն առաքում ստանալու համար ճամբորդը պէտք է տեղադրէ յատուկ բջիջային յաւելուած, որուն միջոցով կարելի է ապսպրել սննդամթերքներ, ըմպելիք եւ յուշանուէրներ, որոնք կը վաճառուին օդակայանի քանի մը խանութներուն մէջ: Ապսպրանքը ստանալով` խանութի վաճառողները ապրանքները կը տեղաւորեն մարդամեքենայի բեռնախցիկին մէջ եւ զայն կը ճամբեն դէպի ապսպրողը:
Օդակայանի սրահին մէջ «Օթթոպոթ»-ը կը կողմնորոշուի տարածութեան մէջ` զանազան համակարգերու օգնութեամբ: Խօսքը «Պլութութ»-փարոսներու, «Ուայ-Ֆայ» ազդանշաններու եւ սրահին մէջ ցրուած «Քիւ.Առ» օրինակարգերու մասին է:
Յաճախորդը իրական ժամանակին մէջ կը տեսնէ մարդամեքենայի գտնուելու վայրը եւ կը ստանայ լրացուցիչ տեղեկութիւն, երբ մեքենան արդէն մօտեցած է: Այնուհետեւ գնորդը յաւելուածով «Քիւ.Առ»-օրինակարգը կը մօտեցնէ առաքիչի սքենըրին, իսկ ասիկա, ի պատասխան, կը բանայ ծածկը, որպէսզի այնտեղէն կարելի ըլլայ առնել ապրանքները:
Առաքման համակարգը ներկայ տեսքով ստեղծուած է` նկատի առնելով գնորդներու արձագանգները նախագիծին մասին, որ իրականացուած էր նոյն օդակայանին մէջ, շուրջ տարի մը առաջ: Ծառայութիւնը կը շարունակէ հաւաքել նոր յաճախորդներու արձագանգները` անհրաժեշտութեան պարագային իր աշխատանքը հետագային կատարելագործելու նպատակով:
«Հեքսաքթ»-ը Գործնական Տարին
Կ՛ամփոփէ 400 Տոկոս Աճով
Փոփոխութիւններու յայտնաբերման, ցանց-դիտորդութեան եւ աշխատանքի ինքնավարման լուծումներ առաջարկող «Հեքսաքթ»-ը 2021 թուականը կ՛ամփոփէ տարեկան հասոյթի 400 տոկոս աճով: Սթարթափը յաճախորդներ ունի 160 երկիրներու մէջ, իսկ 3 հիմնական արտադրութիւններու` «Հեքսոմիթըր»-ի, «Հեքսուոչ»-ի եւ «Հեքսոմաթիք»-ի վճարող յաճախորդներու թիւը ընդհանուրին մէջ 20 առ հարիւրէն աւելի է: Ներկայիս «Հեքսաքթ»-ի արտադրութիւնները օրական աւելի քան 60 միլիոնէ աւելի ինքնավարման եւ դիտորդութեան առաջադրանք կը մշակեն:
Արտադրութիւնները կը շարունակեն կատարելագործուիլ, ամէն շաբաթ անոնք կը թարմացուին նոր գործիքներով, տարուան ընթացքին գործարկուած են «Հեքսուոչ 3.0»-ի, «Հեքսոմիթըր 3.0»-ի եւ երրորդ ու գլխաւոր արտադրութիւնը` «Հեքսոմաթիք»-ը, որուն մեկնարկը նպաստեց գրեթէ բոլոր ցուցանիշներու արագ աճին:
Աշխատանքի երրորդ տարուան մէջ «Հեքսաքթ»-ի անձնակազմը եռապատկուած է` դառնալով 30: Խումբին անդամներուն թիւը կը շարունակէ աւելնալ, յայտարարուած են նոր թափուր աշխատատեղեր:
«Վերջերս Ֆորմիւլա Վի.Սի.-ի գլխաւորութեամբ, «Քրոսսփրինկ»-ը, «Անթափթ վենչըրս»-ը, եւ «ՊԱՆԱ Հայաստանի պիզնես հրեշտակներու ցանց»-ը ներդրում կատարեցին «Հեքսաքթ»-ի մէջ` փակելով «Փրի սիտ» փուլը: Մենք ունինք բազմաթիւ յաւակնոտ նպատակներ, որոնց հասնելու համար 2022 թուականի նշաձողը աւելի բարձր դրած ենք: «Հեքսաքթ»-ի խումբով պիտի իրականացնենք մեր տեսլականը», նշեց ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Ստեփան Ասլանեանը:
«Հեքսաքթ»-ի նպատակներու իրագործման ճամբան մեծ քայլ էր նոյնպէս նոյեմբերին «ՍԱՏԱ»-ի եւ «Կուկըլ քլաուտ»-ի հետ եռամեայ պայմանագիրը, որ կնքուած է նորարարութեան ու աճի խթանման նպատակով: Միաժամանակ «Հեքսաքթ»-ը միացաւ «Կուկըլ քլաուտ պիլտ»-ի եւ «Կուկըլ քլաուտ փարթնըր» ծրագիրներուն:
«Հեքսաքթ»-ի մասին
«Հեքսաքթ» համակարգը 3 հիմնական արտադրութենէ բաղկացած է. «Հեքսոմիթըր» 24/7-ը կ՛իրականացնէ կայքերու դիտորդութիւն եւ կ՛օգնէ բարելաւել անոնց աշխատանքը, «Հեքսուոչ»-ը արհեստական բանականութեամբ աշխատող օգնական է, որ ստուգման կ՛ենթարկէ որեւէ կայքի տեսողական, բովանդակային, ճարտարագիտական, մատչելիութեան, օրինակարգի (քոտ) կամ գիներու առցանց փոփոխութիւնները եւ կը ծանուցէ այդ մասին, «Հեքսոմաթիք»-ը աշխատանքի ինքնավարման հարթակ է, որ հնարաւորութիւն կու տայ գործածել համացանցը` որպէս տուեալներու սեփական աղբիւր, առանց ծրագրաւորման գիտելիքներու գործածել արհեստական բանականութեան ամէնէն բարդ ծառայութիւնները եւ մարդկային օգնականներու խումբ` առաջադրանքները ինքնակարավարուող դարձնելու:
Ծալուող Սմարթֆոնները
2022 Թուականին Կ՛աժաննան
2022 թուականին ճկուող պաստառով սմարթֆոններու արժէքը կը նուազի: Այս մասին յայտնած է չին մասնագէտ մը, ըստ որուն, ծալուող սմարթֆոններու գիները դեռ կրնան հասնիլ մինչեւ 10.000 եուանի (1569 տոլար): Սարքերու բարձր գինը պայմանաւորուած է անոնց նորարական կարգավիճակով եւ արտադրութեան բարդութեամբ: Ծալուող սարքերու արժէքին վրայ նոյնպէս կ՛ազդէ կիսահաղորդիչներու համաշխարհային պակասը:
Մասնագէտը իր զեկոյցին մէջ տեղեկութիւն հրապարակած է սարքերու շուկայի ապագային մասին: Ըստ անոր, արտադրողները կաճեթներու գիները կը նուազեցնեն` հասցնելով սովորական սմարթֆոններու մակարդակին: Սարքերը կ՛աժաննան, բայց անոնց գինը դեռ կը մնայ ֆլակմանական հեռաձայններու մակարդակին:
Կը հաղորդուի, որ ապագայ ծալուող սմարթֆոնը` Կալաքսի Զ Ֆոլտ4-ը իր գինով համեմատելի կ՛ըլլայ ԿալաքսիԷս22 ֆլակմանին հետ: Սակի անկումը կապուած է անոր հետ, որ 2022 թուականին շուկայի մէջ կը յայտնուին մեծ թիւով նոր արտադրողներ` օրինակ` Վիվօ, Հոնոր եւ Կուկըլ: Այս պարագային սմարթֆոններու շուկային մէջ կտրուկ կ՛աճի ծալուող սարքերու մասնաբաժինը:
Տան Համար Նոր Այփետ Ներկայացուած Է
«Էփըլ» սկսած է աշխատիլ տան խելացի սարքերու համար նախատեսուած մեծ նոթպուքի վրայ:
«Էփըլ»-ի սարքերը ամուր դիրքեր ունին շուկայի գրեթէ բոլոր հատուածներուն մէջ: Սակայն ընկերութիւնը կը պարտուի տան խելացի սարքերու շուկային մէջ:
«Էփըլ» մտադիր է մեծ անկիւնագիծ ունեցող պաստառով նոթպուքի արտադրել` տնային գործածութեան եւ իրերու համացանցի (Internet of Things) սարքերու հետ համարկուելու համար:
Մասնագէտներ կը նշեն, որ «Էփըլ» 38 սմ. անկիւնագիծով նոր այՓետ կը մշակէ:
Տեսականօրէն սարքը կրնայ ձեռք բերել անշարժ ամրակ` պատի կամ սեղանի վրայ եւ միացման տարբեր ինթըրֆէյսներ:
«Ամազոն» ունի հանրածանօթ «Էքօ շօ» պաստառ` տան խելացի սարքերը կառավարելու համար: Աւելի՛ն. ունի նաեւ հոսանքի վարդակ եւ պատին ամրացուող յենարան, որ «Էփըլ էքօ շօ»-ի մրցակից կը դառնայ:
Ըստ մասնագէտներու, «Էփըլ» ունի այն ամէնը, որ անհրաժեշտ է նոր ապրանքային գիծ գործարկելու համար: Մոտելը կրնայ հզօր արտադրիչ ստանալ խելացի սարքերու եւ յատուկ ծրագրային ապահովման հետ մնայուն աշխատանքի համար: «Եթէ «Էփըլ» որոշէ այՓետը վերածել տնային հսկայ սարքի, այն ատեն չ՛ուզեր փոխզիջում ընել որակի եւ գործառոյթի հարցին մէջ. այդ սուղ կ՛արժէ», կը կարծեն մասնագէտները:
Չիները Կը Խոստանան Անձնակազմով Նոր Հրթիռը
Լուսին Արձակել 2026 Թուականին
Չինական հրթիռային նախագծողները յոյս ունին շուտով զգալիօրէն կրճատել Միացեալ Նահանգներու բացը լուսնային նոր ծրագիրի իրականացման ծիրերուն մէջ: Եթէ ՆԱՍԱ-ի ներկայացուցիչները կը խօսին լուսնի վրայ տիեզերագնացներու էջքի ծրագիրները 2025 թուական տեղափոխման մասին, չիները կը յայտնեն 2030-ական թուականներէն մինչեւ 2026 թուականը առաջին կառավարուող լուսնային արշաւներու յառաջաձգման մասին:
Չինական հրթիռներու գլխաւոր ճարտարագէտներէն մէկը վերջերս Չանչժեն հրթիռի 400-ամեակի արձակման յատկացուած պատկերասփիւռային հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ, որ անձնակազմով նոր հրթիռը լուսին կ՛արձակուի 2026 թուականին:
Չինաստան լուսնային պաշտօնական ծրագիր տակաւին չունի, հակառակ անոր որ երկիրը բանակցութիւններ կը վարէ Ռուսիոյ հետ 2030 թուականէն ետք լուսնային բնակեցուած միացեալ խարիսխ ստեղծելու շուրջը եւ լուսնի անկախ իւրացման ծրագիրներ կը մշակէ:
«Չանչժեն» հրթիռներու ընտանիքի նախագծողը վստահ է, որ դէպի լուսին կառավարուող թռիչքի ծրագիրները իրագործելի են, եւ համապատասխան աշխատանքներ արդէն իսկ կը տարուին: Նախագիծը հիմնուած է «Չանչժեն-5» հրթիռին վրայ, այլ ոչ թէ` աւելի ծանր «Չանչժեն-9»-ի, ինչպէս կ՛ենթադրուէր: 90 մեթր բարձրութեամբ նոր եռաստիճան լուսնային հրթիռը կը կարողանայ 27 թոն օգտակար բեռ հասցնել լուսնի շուրջի ուղեծիր: Հրթիռը կը շարժի կատարելագործուած YF-100K շարժիչներու ծրարով:
«Չանչժեն-9» հրթիռի աւելի ծանր տարբերակը կ՛արձակուի նոր լուսնային հրթիռէն աւելի ուշ` 2028 թուականին: Անիկա կը ծառայէ հետագայ առաքելութիւններու համար, մինչ Չինաստան կ՛ակնկալէ իրականացնել առաջին թռիչքը դէպի լուսին` «Չանչժեն-5» հրթիռի արդէն բաւական փորձարկուած խարիսխին մէջ: Եթէ այդ տեղի ունենայ, Չինաստան նորագոյն պատմութեան մէջ կրնայ արագ հասնիլ Միացեալ Նահանգներուն` մարդը լուսին վերադարձնելու ծրագիրներուն մէջ եւ նոյնիսկ կարելիութիւն կ՛ունենայ այդ ընել ամերիկացիներէն առաջ, եթէ ՆԱՍԱ-ի «Արտեմիս» ծրագիրը շարունակէ դժուարութիւններ ունենալ:
ՆԱՍԱ–ի Տիեզերական Զննաձողը
«Դպած Է» Արեւուն
ՆԱՍԱ-ի տիեզերական զննաձողը պաշտօնապէս «դպած է» արեւուն` ընկղմելով չբացայայտուած արեգակնային մթնոլորտի մէջ, որ յայտնի է որպէս պսակ:
«Փարքըր» արեւային զննաձողը պսակով թռած է ապրիլին` արեւուն տիեզերանաւի ութերորդ մօտեցման ժամանակ: Գիտնականները կ՛ըսեն, որ տուեալներու ստացման համար պահանջուած է քանի մը ամիս, իսկ յետոյ քանի մը ամիս` հաստատման համար:
2018 թուականին արձակուած «Փարքըր»-ը կը գտնուէր արեւու կեդրոնէն 13 միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, երբ առաջին անգամ հատեց արեւային մթնոլորտի եւ արեւային քամիի միջեւ անհաւասար սահմանը: Ըստ գիտնականներու, տիեզերանաւը առնուազն երեք անգամ ընկղմած եւ դուրս եկած է արեւային պսակէն: Իւրաքանչիւր անցում սահուն տեղի ունեցած է:
Չինաստան Առաջին 6ճի Ցանցը Մինչեւ
Այս Տասնամեակի Վերջը Կը Գործարկէ
Առաջին վեցերորդ սերունդի (6Ճի) բջիջային ցանցը Չինաստանի մէջ կը յայտնուի մինչեւ 2030 թուական: Այս մասին, ըստ ցանցի աղբիւրներու, ըսաւ «Չայնա մոպիլ»-ի նախկին նախագահ եւ Ճի.Էս.Էմ.Էյ. ընկերակցութեան խորհրդատու Վան Ճիանչժու:
«Երբ մենք նախաձեռնեցինք 5Ճ-ի ներդրումը, 6Ճ-ի վրայ աշխատանքը արդէն սկսած էր: Մինչեւ 2030 թուականը 6Ճի-ն մատչելի կ՛ըլլայ հանրութեան: Այժմ մենք պիտի արագացնենք 6Ճ-ի սահմանումը եւ հետազօտութիւնն ու զարգացումը: Այժմ մենք պիտի արագացնենք 6Ճի-ի սահմանումը, նոյնպէս` հետազօտութիւնն ու մշակումները 6Ճ-ի ասպարէզին մէջ», նշեց ան:
6Ճի հարթակներուն մէջ կը նախատեսուի կիրարկել յառաջադէմ ճարտարագիտութիւն, որ ուժանիւթի խնայողութիւն կ՛ապահովէ: