Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարկաւագութեան Ծննդոցն Ու Սուրբ Ստեփանոս Նախավկան

Դեկտեմբեր 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Դպրեվանք կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

«Որ ընտրեցար ի դասս երկնաւոր զօրացն. Պսակեցար ի Թագաւորէն զանթառամ զպսակն եւ մկրտեցար արեամբդ քո սրբոյ առաջին վկայ Քրիստոսի սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագդ մեծ» (Կանոն Ստեփանոսի Նախավկային):

Ստուգաբանօրէն շփոթ մը կայ սարկաւագ բառին շուրջ. ոմանք անոր արմատը կը փնտռեն պարսկերէնի մէջ, ոմանք` յունարէնի, իսկ ուրիշներ` հայերէնի մէջ: Սակայն մէկ բան յստակ է, որ սարկաւագ կը նշանակէ «ծառայ» կամ «սեղանի սպասաւոր», որ յունարէն Diacon բառին թարգմանութիւնն է: Աստուածաշունչին մէջ սարկաւագ բառը առաջին անգամ յիշուած է Ա. Տիմոթէոսի 3. 8-13 համարներուն մէջ:

Սարկաւագութեան ծագման մասին առաջին աղբիւրը Նոր կտակարանի «Գործք առաքելոց» գիրքի 6-րդ գլուխն է, ուր կը նկարագրուի, թէ ինչպէ՛ս ու ինչո՛ւ յառաջ եկաւ սարկաւագներուն դասը, եւ թէ ի՛նչ էր անոնց դերը քրիստոնէական համայնքի կեանքէն ներս:

Հոգեգալուստէն ետք առաքեալները նորադարձ քրիստոնեաներու սեղաններուն սպասաւորները դարձած էին, եւ Յիսուսին հաւատացողները օրէ օր թիւով կ՛աւելնային: Առաքեալները ի վիճակի չէին նորադարձ քրիստոնեաներուն թէ՛ ուտելիք մատակարարելու եւ թէ՛ Քրիստոսի բարի լուրը քարոզելու: Ժողովուրդին համար ծառայող մարդիկ կը պակսէին, եւ այդ պատճառով ալ թերութիւններ կ՛արձանագրուէին: Ուստի առաքեալները կարիքը զգացին ծառաներ ընտրելու, որպէսզի իրենց «ձեռք տային»: Ընտրուեցան 7 անձեր` «Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն» (Գրծ. 6. 3) էին: Սուրբ Հոգիով լեցուն ըլլալ կը նշանակէ հաւատքով ու սիրով զեղուն ըլլալ: Եօթը նուիրեալները բերին առաքեալներուն առջեւ, «որոնք աղօթեցին եւ իրենց ձեռքը անոնց վրայ դրին» (Գրծ. 6.6), այսինքն ձեռնադրեցին զանոնք: Ձեռնադրութիւնն էր, որ առաքելութեան կոչումը տուաւ անոնց` վերանորոգելով իրենց հաւատքը ու նոր մարդ դարձնելով զանոնք:

Ուրեմն յստակ կը դառնայ, որ եօթը սարկաւագներու յառաջացումը կարիքի մը պատասխանն էր, իսկ այդ կարիքը նիւթական անհրաժեշտ պէտքերու մատակարարումն էր, բան մը, որ ըստ 12 առաքեալներու բնորոշումին, «շատ անհրաժեշտ» (Գրծ. 6. 3) պարտականութիւն մըն էր քրիստոնէական համայնքի կեանքի կազմակերպման համար: Այս եօթը անձերէն մէկն էր Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագը:

Ս. Ստեփանոս Ընդհանրական եկեղեցւոյ ամէնէն սիրելի սուրբերէն է, որովհետեւ ան Քրիստոսի սիրոյ վարդապետութեան համար նահատակուած առաջին մարտիրոսն է: Վարքագրական աղբիւրներուն համաձայն, ան կը սերի  Յուդայի ցեղէն, որ միաժամանակ մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի ցեղն էր: Ստեփանոսի ծնողները խստակրօն հրեաներ եղած են:

Ըստ աւանդութեան, Ստեփանոս Կայիափա քահանայապետին ծառան էր: Ան էր այն անձը, որ ատեանին մէջ Աստուածորդւոյն ոտքերուն առջեւ իր գլուխին վարշամակը փռեց` իր անկեղծ սէրն ու հաւատքը արտայայտելով: Եւ իր այդ արարքին համար քահանայապետը զինք նախատեց ու դուրս վռնտեց: Հարկ է յիշել նաեւ, որ Ս. Ստեփանոսը ականատես եղած է Քրիստոսի մահուան ու թաղման:

Ըստ Հայ եկեղեցւոյ եռամեծ վարդապետին` Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին, Ս. Ստեփանոսը մկրտուած է Ս. Պետրոս եւ Ս. Յովհաննէս առաքեալներուն կողմէ: Մկրտութեան պահուն ջուրին վրայ լուսապսակ մը երեւցած է: Այդ պատահարէն ետք էր, որ զինք «Ստեփանոս» անուանեցին, որ  կը նշանակէ պսակաւոր:

«Գործք առաքելոց» գիրքի 6. 5-ին համաձայն, Ս. Ստեփանոսը Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մըն էր: Ան Աստուծմէ ստացած շնորհներովը ժողովուրդին մէջ հրաշքներ կը գործէր: Ժողովարանին մէջ շատերը կը փորձէին անոր հետ վիճիլ, բայց ոչ մէկ անձ կրնար դէմ դնել անոր ունեցած աստուածային իմաստութեան: Այդ իսկ պատճառով անոնք համոզած են քանի մը անձեր, որ ատեանին մէջ սուտ վկայութիւն ընեն, որպէսզի այդպիսով գրգռեն փարիսեցիներն ու օրէնքի ուսուցիչները: Ս. Ստեփանոսը իր պաշտպանական ճառով ապացուցած է ներկաներուն, որ Յիսուսն է խոստացեալ Մեսիան: Այդ իսկ պատճառով Սուրբը քաղաքէն դուրս քարկոծած են:

Ըստ աւանդութեան, Ս. Պօղոս առաքեալին ուսուցիչը` Գամաղիէլը եւ անոր եղբայրը` Նիկոդէմոսը, որոնք Յիսուսի ծածուկ աշակերտներէն էին, Ս. Ստեփանոսին մարմինը թաղած են իրենց ագարակին մէջ: Աւելի ուշ Ղունկիանոս անունով երէց մը Ս. Ստեփանոսի եւ Երուսաղէմի Յովհան հայրապետին նշխարները յայտնաբերած եւ զանոնք Սիոնի մէջ դրած է: 5-րդ դարուն Յուլիանէ իշխանուհին Երուսաղէմի մէջ սուրբին տապանակը յայտնաբերած  եւ Կ. ոլիս տարած է: Հետագային սուրբին նշխարները տարուած են Վենետիկ եւ ամփոփուած են Ս. Գէորգ կղզիի մայր եկեղեցիին մէջ:

Եթէ փորձենք Ս. Ստեփանոսի քրիստոսազարդ կեանքն ու գործը բնորոշել, հոն պիտի գտնենք գլխաւոր չորս կէտեր, որոնք մեր դիմաց կը գծագրեն այն տիպարը, որուն պէտք է ձգտի Հայ եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր ճշմարիտ սարկաւագ.

Ա) Մատակարարում ժողովուրդի առօրեայ պէտքերուն,

Բ) Կենդանի եւ գործնական վկայութիւն` Քրիստոսի մասին,

Գ) Քրիստոսի փառքին քարոզութիւնը` խօսքի ճամբով,

Դ) Այս բոլորին պսակը հանդիսացող` ամբողջական նուիրում, կեանքի գնով, քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութեան ի խնդիր:

Ահաւասիկ ասոնք են սարկաւագական ծառայութեան բնորոշ յատկանիշները:

Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագը իր հաստատուն հաւատքով, սուրբ կենցաղով, նուիրումով, ծառայասիրութեամբ եւ միւս բոլո՜ր առաքինուիւններով օրինակ է քրիստոնեաներուն: Հայ առաքելական ս. եկեղեցին Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնը կը յիշատակէ Սուրբ Ծնունդին նախորդող աւագ տօներուն ժամանակ:

Այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սարկաւագներս եղբայրական կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայ երիտասարդներուն` գալու ու խտացնելու մեր շարքերը, տողանցելու ա՛յն ճանապարհէն, որմէ մեր հայրերը քալեցին դարեր շարունակ, եւ որ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ ճանապարհն է: Տողանցելու` իբրեւ հաւատարիմ զինուորները, իբրեւ իմաստուն ծառաները, իբրեւ հայկական զօրագունդը Քրիստոսի հսկայանակ բանակին, Ս. Ստեփանոսի ոգիով թրծուած եւ քրիստոնէական կրօնի հուրով ու ազգի սիրով տոչորուած, կերտելու համար նորանոր հազարամեակներ` Աստուծոյ եւ մեր Հայ առաքելական ս. եկեղեցւոյ փառքին համար:

Սարկաւագ եղբայրներուս եւ իմ անունովս կը շնորհաւորեմ Հայ առաքելական ս. եկեղեցւոյ մեր բոլոր սարկաւագ եղբայրները եւ կը մաղթեմ, որ անոնք անսասան մնան իրենց նուիրումին մէջ: Թող որ Ամենակալը քաջառողջութիւն ու արեւշատութիւն պարգեւէ անոնց, որպէսզի անոնք, ըստ կարելւոյն, իրենց ծառայութեան լուման նետեն մեր բոլորին մօր` Հայ առաքելական ս. եկեղեցւոյ ծառայութեան գանձանակին մէջ:

Պիքֆայա, Լիբանան

Նախորդը

Դատարկ Խօսք Է Ըսել, Թէ Մեծ Մշակոյթի Ժառանգորդ Ենք, Երբ Զայն Չենք Վերանուաճեր

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յարաբերութիւններու (Ան)Կարգաւորում…

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?