Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յարաբերութիւններու (Ան)Կարգաւորում…

Դեկտեմբեր 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բեմահարթակներէն կրկին կը խօսուի հին թնճուկին մասին:

Թնճուկ կամ կնճռոտ հարց ըսելով` ի մտի ունինք ՀԱՅ-ԹՈՒՐՔ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆը:

Անգամ մը եւս, ըստ սովորականին, լուրը հրապարակ նետուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ եւ տարածք գտաւ: Մերթ սուլթանամէտ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ մերթ անոր հլու կամակատարը` արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, ամիսներէ ի վեր այդ հարցը կ’արծարծէին: Սակայն իրականութեան մէջ «բանն ինչումն է»-ն երկխօսութիւնը չէ, այլ այդ առաջին քայլէն անդին` տիրող մթնոլորտն է հարցը:

Պարզ ու մեկին. Հայաստանն ու Թուրքիան ահաւասիկ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած յստակ քայլեր ձեռնարկելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն եւ այդ գծով երկուստեք յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելու ընթացքի մէջ են:

Ներազգային գետնի վրայ «ալիք» մը գործի լծուած է այս ուղղութեամբ եւ ճիշդն ու սխալը, պաղն ու տաքը իրար խառնելով` կը յանդգնի դրական աչքով դիտել յարաբերութիւններու կարգաւորման ծրագիրները:

Թէ այդ վերլուծաբանները իրենց կարծիքները ի՞նչ պայմաններու հիմամբ կամ ի՞նչ ճնշումներու տակ կ՛արտայայտեն, կը մնայ մեծ հարցականը:

Իրականութեան մէջ, նկատի ունենալով քաղաքական բեմահարթակին վրայ յետպատերազմեան շրջանին ստեղծուած կացութիւնն ու պատկերը, կը սպասուէր, որ այսպիսի դժնդակ իրավիճակի մը մէջ գտնուինք:

Չթողունք այն տպաւորութիւնը, որ կը կրկնենք վարչապետ Փաշինեանը տապալելու յանկերգը, այլ պարզապէս կը յիշեցնենք, կը վերյիշեցնենք եւ կը կրկնենք, որ երբ պատերազմը կորսնցուցած ղեկավարութիւն մը կառչած մնայ իր պաշտօնին, դէպքերու հանդէպ ճիշդ զգացողութիւնն ու քաղաքական ողջմիտ եւ արդար տրամաբանութեան հասկացողութիւնն ալ կը կորսուի, ահա այսպէս, երկիրը կը մնայ կաշկանդուած ու պատանդ` անկարողութեան մատնուածի «ելոյթներուն»:

Յստակ է, որ համեմատած մղոններ հեռու գտնուող բարեկամ պետութիւններուն (անշուշտ կասկածելի է, որ Հայաստանի լիարժէք բարեկամ երկիր մը գոյութիւն ունի), սահմանակից երկիրներու հետ յարաբերութիւն մշակելը շատ աւելի կարեւոր է եւ կենսական: Սակայն, նո՛յնքան բնականաբար, շա՛տ աւելի դժուար է բարեկամութեան էջ բանալ դրացիներու հետ, մանաւանդ երբ սահմանակից երկիրները ո՛չ միայն հարցեր ունին քեզի հետ, այլ առանց այլեւայլի թշնամի են եւ դեռ տարի մը առաջ մահասփիւռ ու աւերիչ պատերազմ մղած ու յաղթական դուրս եկած են, այդ պատերազմին «թափօններ»-ը կը մնան օդէն կախուած®

Յետպատերազմեան ողբալի կացութիւնը քանդած է նաեւ դիւանագիտութիւնը եւ այդ բնագաւառէն ներս սեղանի վրայ քննուելիք հարցերու գործելակերպը: Այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուած է, որ դէմ դիմաց նստող կողմերը իբրեւ հաւասար չեն ներկայացուիր: Թէ՛ հող, թէ՛ արժանապատուութիւն եւ թէ՛ դիւանագիտութիւն կորսնցուցած Հայաստանը` իբրեւ պարտեալ, ձեռքերը կապուածի դրութեամբ կը յայտնուի յաղթականին կամ յաղթականներուն` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դիմաց:

Արցախը իրողապէս եւ, ըստ երեւոյթին, իրաւապէս դուրս նետուած է բանակցութեանց սենեակներէն: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման մասին ալ ո՛չ մէկ խօսք կայ հայ- թուրք երկխօսութեան օրակարգին վրայ: Այս պայմաններուն մէջ Արեւմտահայաստանի հողերու մասին խօսիլը, բնականաբար, անհեթեթ է եւ դժբախտաբար` անտեղի:

Հարցը ճապաղած եւ դուրս եկած է իր ուղիէն. այս գծով իր լուրջ մտահոգութիւնները յայտնեցին դիւանագիտական ոլորտէն ներս փորձառութիւն ձեռք ձգած բազմաթիւ անձնաւորութիւններ:

Փաստօրէն, Թուրքիոյ եւ անոր հովանին վայելող Ազրպէյճանի համար Արցախի հարցը լուծուած է: Հիմնահարց գոյութիւն չունի: Հետեւաբար աւելի դիւրին է® «մանիպուլացիա»-ի անցնիլը:

Այո՛, թշնամին լաւապէս կազմակերպուած է այս ոլորտէն ներս ալ, մինչդեռ հայրենի կողմը անկազմակերպ ու անկարգ է, այնքան, որ այս երկխօսութիւնը, յարաբերութիւններու կարգաւորումէ աւելի, ա՛նկարգաւորումի կրնայ յանգիլ®

Դիւանագիտական սեղանին վրայ հող կորսնցնելը շատ աւելի մահացու է, քան` ռազմաճակատի վրայ: Դժբախտութիւն է նաեւ այն, որ այս կործանարար ուղին ցոյց տուող ընդդիմադիր ճակատին կրկնակի ահազանգերը կը մնան, կը ձգուին անարձագանգ, սակայն կարելի չէ ընդունիլ, որ նման անտարբերութիւն կրնայ շարունակուիլ, պիտի շարունակուի, որովհետեւ աւելի լաւ է շուտ, քան ուշ նոյնինքն իշխանաւորներու խմբակէն ալ իմաստանալու հրաւէրներուն անսացողներ պիտի ըլլան եւ պիտի միանան ահազանգողներուն, հայրենիքի շահերուն պաշտպան ձեռքերը պիտի միանան իրարու, պիտի որոնեն եւ գտնեն անարգել անկումը կասեցնելու եւ վերականգնելու հնարքները:

 

Նախորդը

Սարկաւագութեան Ծննդոցն Ու Սուրբ Ստեփանոս Նախավկան

Յաջորդը

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Պետութիւնը` Ազգային Իտէալների Իրագործման Միջոց

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?