Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
ՀՅԴ 131-Ամեակի Նշում Քեմպրիճի Մէջ
Ուրբաթ, 3 դեկտեմբեր 2021-ին Քեմպրիճի «Արարատ» երիտասարդական կեդրոնին մէջ արժանաւոր կերպով նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 131-ամեակը:
Բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով, ապա օրուան հանդիսավարը` Շողեր Աշգարեան, խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած դաշնակցական ընկերներուն եւ բոլոր նահատակներուն: Ապա իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն իր ծնած օրէն մինչեւ այսօրուան ճակատագրական օրերը հաւատարիմ մնացած է իր գաղափարախօսութեան եւ Հայաստանի ու հայութեան շահերը պաշտպանելու գործին: Ան դիտել տուաւ, թէ պատահական չէ, որ այսօրուան յուսալքուած պայմաններուն մէջ ալ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ազգային իշխանութիւն հաստատելու նպատակով ՀՅԴ-ն դարձեալ կանգնած է առաջին գիծի վրայ:
Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութենէն Ժան Պալճեան, որ յիշեցուց ներկաներուն, թէ Դաշնակցութեան տօնակատարութիւնները կը հանդիսանան առիթ` մեր գործունէութեան հաշուետուութիւնը ներկայացնելու, այժմէական իրադարձութիւններուն անդրադառնալու եւ մեր արժեւորումը կատարելու, ժողովուրդին ներկայացնելու մեր ապագայի ծրագիրներն ու քայլերը եւ, ի վերջոյ, դիմագրաւելու մեզ յուզող բոլոր մարտահրաւէրները: Ան զուգահեռ բաղդատական մը ըրաւ 1905-1907 երկարող հայ-թաթարական կռիւներուն եւ Արցախի ազատագրական ու գոյատեւման զոյգ պատերազմներուն միջեւ` աւելցնելով. «Արցախեան ազատագրական պայքարին ՀՅԴ-ն իր մարտիկներով անզուգական մասնակցութիւն բերաւ հերոսամարտերուն: Տուինք դաշնակցական հարիւրաւոր նահատակներ եւ վիրաւորներ: Հայկական կողմը 1994-ին յաղթեց թշնամիին, սակայն օրուան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Ազրպէյճանի զինադադարի խնդրանքը ընդունեց առանց անձնատուական, յանձնուողական յայտարարութիւն եւ անկախ Արցախի հռչակագիր պարտադրելու: Այս մէկը պատճառ դարձաւ 2020-ի պարտուողական պատերազմին, ուր կորսնցուցինք Արցախի եօթանասունհինգ առ հարիւրը, իսկ այսօր Նիկոլ Փաշինեանի յանձնուողական քաղաքականութեան պատճառով վտանգուած են նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքները»: Իր պատգամին աւարտին Ժան Պալճեան հաստատեց. «Մեր պայքարը տկարութիւն չի ճանչնար, եւ հաւատարիմ մեր երդման, թէկուզ կեանքի գնով, պիտի մնանք այն յառաջատար կուսակցութիւնը, որ չի զլանար պաշտպանելու համայն հայութիւնն ու Հայ դատը»:
Ապա յեղափոխական եւ ազգային երգերով հանդէս եկան Սերոբ Յակոբեանն ու «Կիլիկիա» նուագախումբը:
Կիպրոս
Նիկոսիոյ Ազատութեան Հրապարակի Բացում
10 դեկտեմբերին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով Նիկոսիոյ քաղաքապետ Քոնսթանտինոս Եորկաթճիսի եւ քաղաքապետական խորհուրդի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Նիկոսիոյ Ազատութեան հրապարակի բացման պաշտօնական արարողութեան եւ ընդունելութեան:
Ներկայ էին` Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսը, հոգեւոր կրօնապետեր եւ ներկայացուցիչներ, խորհրդարանի նախագահը, նախարարներ, դեսպաններ, քաղաքական ու զինուորական անձնաւորութիւններ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Գործադրուեցաւ յատուկ երաժշտական յայտագիր մը, որուն ընթացքին հերթաբար խօսք առին` քաղաքապետը, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը, Եւրոպական միութեան ներկայացուցիչը եւ փոխճարտարապետը:
Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ քաղաքապետին եւ հանրապետութեան նախագահի ձեռամբ:
Թեհրան
«Իրանի Հայկական Եկեղեցիները» Գիրքի Շնորհահանդէս
Հովանաւորութեամբ «Ալիք» հաստատութեան, 2 դեկտեմբերին Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Յովհաննէս Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շերլի Աւետեանի հեղինակած «Իրանի հայկական եկեղեցիները» խորագիրը կրող գիրքին շնորհահանդէսը:
Շնորհահանդէսի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Բեսի Յովհաննիսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծեց, որ հայութեան, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի պահպանող կարեւոր սիւներէն են ազգային արժէքները` մշակոյթը, լեզուն եւ առաքելական եկեղեցին: Ան շեշտեց, որ գիրքի հեղինակ ճարտարապետ Շերլի Աւետեանը հայկական արժէքները մարմնաւորող, մեր պատմամշակութային կոթողներու, մասնաւորապէս եկեղեցիներու պահպանման գործի նուիրեալներէն է:
«Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Արամ Շահնազարեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, որ գիրքը իւրայատուկ քարտէսագրում է այն պատմամշակութային ընթացքին, որ իրանահայութիւնը հազարամեակներու ընթացքին անցած է հայկական եւ իրանական բարձրաւանդակներուն մէջ` սկսեալ 5-րդ դարէն, Ատրպատականի շրջանին մէջ կառուցուած մինչեւ 1600 թուականներէն ետք այն պատմամշակութային կոթողներուն, որոնք ստեղծուած են Իրանի հայահոծ տարբեր շրջաններուն մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ ազգային պատմամշակութային եւ եկեղեցական կոթողներու կարեւորութեան, որոնք կը պահպանեն ու կը ներկայացնեն իւրայատուկ նկարագիր եւ պատկեր, նշելով, որ պատմամշակութային կոթողներու շնորհիւ է, որ կը պարզուի ժողովուրդին անցած պատմական ուղին: Ան նաեւ գիրքը համարեց ապացոյց` աշխարհին, թէ իսլամական Իրանի մէջ իշխանութիւնները ինչպիսի՛ գուրգուրանքով կը պահպանեն հայկական պատմամշակութային կոթողները` հակառակ Իրանի երկու հարեւաններու, եւ գիրքը համարեց հայ ժողովուրդի կարեւոր ժառանգութիւն:
Գիրքի բովանդակութեան եւ երկարամեայ աշխատանքին մասին խօսեցաւ գիրքի հեղինակ Շերլի Աւետեանը, ան յայտնեց, որ գիրքը նուիրած էր իր ծնողներու յիշատակին: Ան ակնարկ մը նետեց Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնի աշխատանքներուն, որուն տնօրէնն է 2000 թուականէն ի վեր, եւ անդրադարձաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Իրանի շարք մը հայկական եկեղեցիներու եւ վանքերու գրանցման մասին` նշելով, որ երկարատեւ աշխատանքի որպէս արդիւնք` պարզուեցաւ, որ համայն Իրանի մէջ գոյութիւն ունին 457 հայկական եւ 157 ասորական եկեղեցիներ: Ան ընդգծեց, որ սերտ համագործակցութիւն դրսեւորուած է Հայաստանի մէջ Հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան հիմնադրամին հետ, որ հիմնադրուած էր հանգուցեալներ Արմէն Հախնազարեանի եւ հետագային տնօրինուած էր Սամուէլ Կարապետեանի միջոցով: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Վարուժան Առաքելեանի կարեւոր եւ գնահատելի աշխատանքին եւ անոր տուած ցուցմունքներուն: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ս. Թադէոս առաքեալի, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վերանորոգման աշխատանքներուն` կարեւորելով իրանահայ համայնքի երեք թեմերու հոգեւոր առաջնորդներուն անվերապահ աջակցութիւններն ու հովանաւորութիւնը եւ շեշտեց կարեւորութիւնը Իրանի զանազան տարածքներուն մէջ գտնուող պատմամշակութային կոթողներուն յաճախակի տրուած այցելութեան անհրաժեշտութիւնը:
Աւարտին թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան ելոյթ ունենալով ընդգծեց, որ նման աշխատանքներ մեր մօտ կը յառաջացնեն եւ կ՛ամրապնդեն պատկանելիութեան ու ինքնուրոյնութեան զգացումը եւ մեծապէս գնահատելով աշխատանքը` նշեց, որ նման աշխատութիւնները մեր կեանքի ու մեր ժողովուրդի անցեալի եւ պատմութեան հայելին են, որոնց միջոցով մենք մեզ աւելի ամուր ու ուժեղ կը զգանք:
Սրբազանը նաեւ նկատել տուաւ, որ Շերլի Աւետեանը իր անմնացորդ աշխատանքի բերումով պիտի գնահատուի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինումով պիտի պարգեւատրուի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:
Յունաստան
Այցելութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութիւն
6 դեկտեմբերին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեանի, փոխատենապետ տոքթ. Ստեփան Փափազեանի, ատենադպիր Նազար Աւագեանի, Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ Աթէնքի հովիւ Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեանի եւ Քոքինիոյ հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Տիգրան Մկրտչեանին:
Դեսպանը իր գրասենեակէն ներս ջերմօրէն ընդունեց սրբազան հայրը եւ պատուիրակութիւնը:
Գեղամ արք. Խաչերեան յունահայ գաղութին անունով բարի գալուստ մաղթեց դեսպանին, նաեւ յաջողութիւն` պետական իր կարեւոր պաշտօնին մէջ, մանաւանդ` քաղաքական ներկայ տագնապալի ժամանակաշրջանին: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց յունահայ գաղութի կառուցային աշխատանքները եւ իրավիճակը: Սրբազանը փոխանցեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները` հաստատելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր թեմերով միշտ նեցուկ կը կանգնի հայրենի պետութեան` ի սէր մեր ժողովուրդին եւ ի փառս հայրենիքին:
Տիգրան Մկրտիչեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ պատուիրակութեան այցելութեան, ինչպէս նաեւ գործակցութեան բարձր տրամադրութեան համար: Ան փափաք յայտնեց փոխադարձ կապերը ընդմիշտ գործունէութեան մէջ պահել եւ խօսեցաւ կարգ մը ծրագիրներու մասին, որոնք ապագային կրնան իրագործուիլ դեսպանութեան եւ Ազգ. առաջնորդարանի համագործակցութեամբ:
Ապա ներկաները զրուցեցին Հայաստանի ու Արցախի, ինչպէս նաեւ յունահայ գաղութի զանազան հարցերու շուրջ:
Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Ու Յանցագործութեան Կանխարգիլման Միջազգային Օր
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբին եւ Թեսաղոնիկէի Պոնտոսցիներու երիտասարդական միութեան, 9 դեկտեմբերին «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակին ու արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան ձեռնարկը` ներկայութեամբ շրջանի հովիւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանի, տեղւոյն ազգային կառոյցներու, հաստատութիւններու, միութիւններու, ինչպէս նաեւ` քաղաքի պոնտոսցիներու, կիպրացիներու եւ հրեաներու ներկայացուցիչներուն ու այլ ներկաներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թեսաղոնիկէի ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» երիտասարդական խումբի ատենապետուհի Աննա-Մարիա Ալեքսանեան, որ կարեւորութեամբ վեր առաւ օրուան խորհուրդը եւ միութեան կողմէ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց ներկաներու մասնակցութեան համար: Յաջորդաբար խօսք առին` Թեսաղոնիկէի ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» երիտասարդական միութեան անունով Արփինէ Մոսինեան, հայ համայնքի անունով` Սարգիս Տանկազեան, ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին անունով` Տիգրան Սարգիսեան եւ Թեսաղոնիկէի Պոնտոսցիներու երիտասարդական միութեան անունով` Քոսթանթինոս Խածիմիխայիլիտիս:
Ձեռնարկի աւարտին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակին ու արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան կապակցութեամբ:
Միացեալ Նահանգներ
Գոհաբանական Եւ Ս. Ծննդեան Համերգ
Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, 10 դեկտեմբերին Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Գոհաբանական եւ Ս. Ծննդեան հոգեւոր համերգ` կատարողութեամբ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասին, ղեկավարութեամբ դպրապետ Երուանդ սրկ. Քէշիշեանի:
Բացման խօսքը արտասանեց եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, ապա սկիզբ առաւ բազմերանգ, բազմալեզու եւ բազմախորհուրդ համերգը, որուն ընթացքին ներկաները ունկնդրեցին Մովսէս Խորենացիի (ջութակի վրայ նուագ` Գօգօ Օհանեան), Մակար Եկմալեանի, Շահան Պէրպէրեանի, Արտաշէս Յարութիւնեանի, Կոմիտաս վարդապետի, Ալեքսան Մնակեանի, Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի, Խորէն Մեխանաճեանի, Սեպուհ Յովակիմեանի, ինչպէս նաեւ արաբ (Ժոզեֆ Ֆախուրի) եւ եւրոպացի նշանաւոր երաժիշտներու (Անթոնիօ Վիվալտի, Ֆրանց Կրուպեր) եկեղեցական, տօնական եւ ազգային գործերէն քաղուած երգերու փունջ մը:
Աւարտին առաջնորդ սրբազանը արտասանեց իր օրհնութեան խօսքը` բարձր գնահատելով եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին արդիւնաւէտ աշխատանքը: Սրբազան հայրը հրաւիրեց ներկաները ձայնակցելու իր խռովայոյզ մտածումին` համերգը նուիրելու Ազրպէյճանի բանտերը գտնուող հայ գերիներուն, առ ի հոգեւոր զօրակցութիւն թշնամի ճաղերու ետին եւ ընդհանրապէս գերութեան մէջ տուայտող հայ մատղաշ զինուորներու ու կամաւորներու: Դահլիճը անակնկալի եկած` խորունկ հառաչեց, ապա ծափահարութեամբ արձագանգեց առաջնորդ սրբազանի ազգայնաշունչ առաջարկին: Ապա սրբազան հայրը եւ ներկաները միասնաբար մաղթեցին, որ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կողմէ մինչեւ հեռաւոր Կովկաս հաւատքով նետուած աղօթական այս ոգեղէն կամուրջները ծառայեն` իբրեւ հայ գերիներու տունդարձի ճամբայ, շուտափոյթ, առողջ ու ամբողջ:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ: