Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քառօրեայ Այցելութեան Ընթացքին Փոխանցուած Ուղերձները

December 23, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին քառօրեայ այցելութիւնը աւարտած է արդէն: Նման ծանր պայմաններու մէջ միջազգային ընտանիքի բարձրագոյն պատասխանատուին տուած այցելութիւնը բնականաբար հանրային ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ միջազգային օժանդակութիւններու նոր հոսքի հաւանականութեան վրայ: Մանաւանդ որ ՄԱԿ-ը` իբրեւ միջազգային կառոյց եւ հաստատութիւն, առաւելաբար խաղաղապահութեամբ եւ տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններով կը յատկանշէ իր ընդհանուր գործունէութեան հիմնական առանցքները:

Լիբանանի հետ յարաբերակցաբար ՄԱԿ-ը ունի աշխատանքային գերակայ ուղղութիւններ: Առաջինը Լիբանան հաստատուած պաղեստինցի ազգաբնակչութեան նկատմամբ իրականացուցած տարբեր բնոյթի ծրագիրներն են. երկրորդը` սուրիական պատերազմէն ետք Լիբանան հաստատուած գաղթական զանգուածին ուղղուած օժանդակութիւնները, իսկ երրորդը` հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւնն է: Աւելցած է 4-րդ գործառոյթը` ծովային սահմանազատումը, ուժանիւթի շահարկման նպատակով:

Այս հիմնական ուղղութիւններուն առաջին երկուքը մարդասիրական բնոյթ ունին. յաջորդ երկուքը` միջնորդական-խաղաղարարական, եւ ըստ էութեան կ՛առնչուին Իսրայէլ-Լիբանան խզուած յարաբերութիւններուն:

Ընդհանուր քարտուղարին ուղերձները կ՛ամփոփուին իր կատարած յայտարարութիւններուն հետեւեալ կէտերուն մէջ.

Ա.- Միջազգային ընտանիքը բաւականաչափ օժանդակութիւն չէ տրամադրած Լիբանանին, ինչպէս` Յորդանանի եւ այլ երկիրներու, որոնք իրենց դռները բացին Սուրիոյ տագնապէն ճողոպրած տեղահանուածներուն: Մինչդեռ Լիբանանի պարագային նոյն երկիրները փակած են իրենց դռները:

Բ.- Լիբանան շատ դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ. միջազգային ընտանիքը պէտք է ամրապնդէ իր զօրակցութիւնը:

Գ.- ՄԱԿ կը զօրակցի լիբանանցիներուն:

Դ.- Յառաջիկայ տարուան ընթացքին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւնները անկիւնադարձային պիտի ըլլան, իսկ լիբանանցիները պէտք է վճռականութեամբ մասնակցին անոնց` կատարելու համար երկրին զարգացումն ու բարգաւաճումը ապահովող ընտրանքը:

Ե.- Լիբանանեան բանակին եւ ապահովական այլ կառոյցներուն տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին, որովհետեւ անոնք հիմնական են երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու:

Առաջին եւ չորրորդ կէտերը իրարու հետ կապ ունին: Միջազգային ընտանիքի ոչ բաւարար օժանդակելու եւ ապա դռները փակելու նուրբ քննադատութեան բացատրութիւնը խօսքին 4-րդ բաժինին մէջ տեղաւորուած է: Յառաջիկայ ընտրութիւններուն եթէ լիբանանցիները ճիշդ ընտրանք կատարեն, ապա դռները կը սկսին բացուիլ: Բնականաբար հարցը չէ սահմանափակուած միայն սուրիացի գաղթականներուն ուղղուելիք օժանդակութիւններուն մէջ: Աւելի համընդհանուր հասկացողութիւն ունի:

Երկրորդ կէտը կոչի սահմաններէն անդին չ՛անցնիր եւ բնականաբար որեւէ բեկումնային իրավիճակ չի ստեղծեր, մանաւանդ անոր հետեւող չորրորդ կէտի բացատրականով, չըսելու համար նախապայմանով:

Երրորդ կէտին յատկանշական բառը «լիբանանցիներ»-ն են: Օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը կրող հասարակական կազմակերպութիւններու ճամբով ուղղակի ժողովուրդին: Պատահական չէ, որ  օգտագործուած չեն «պետութիւն» կամ «կառավարութիւն» բառերը: Ուղղակի ժողովուրդին. կարելի է ընկալել` ընտրազանգուածին:

5-րդ կէտը կ՛առնչուի երրորդին եւ կը բացատրէ, որ պետական ո՛ր առանձնաշնորհեալ հաստատութիւնն է, որ կը շարունակէ վայելել միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը: Նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք բոլորին համար համոզում էր, որ լիբանանեան բանակը այն վստահելի եզակի հաստատութիւնն է, որուն հետ կը գերադասէ աշխատիլ միջազգային ընտանիքը:

ՄԱԿ-ին Լիբանանի նկատմամբ կիրարկած քաղաքականութեան գերակայ ուղղութեան ծովային սահմանազատման բաղադրիչը յայտնաբար կ՛աղերսուի Կութիերեսի ակնարկած թէական զարգացումին եւ բարգաւաճումին, որ փոխկապակցուած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն ճիշդ ընտրանք կատարելու յորդորին հետ: Առաջադրուած, նոր ձեւաւորուելիք խորհրդարանն ու կառավարութիւնը հեզասահ պէտք է կատարեն ծովային սահմանազատման համար իրենցմէ ակնկալուած զիջումները եւ շահարկեն իրենց վերապահուած ուժանիւթի բաժինը:

ՄԱԿ-ը վաղուց վերածուած էր բանաձեւերու, կոչերու որդեգրման միջազգային միջավայրի: Ի պահանջել հարկին` գերտէրութեան մը գործողութեան օրինականութիւնը ապահովող միջազգային հաստատութեան: Իսկ ընդհանուր քարտուղարը` գերտէրութիւններուն ուղերձները մարդասիրական եւ խաղաղապահական հռետորաբանութեամբ   հանգամանօրէն փոխանցողի:

«Ա.»

Նախորդը

«Թեհրան Պիտի Չհանդուրժէ Շրջանին Մէջ Որեւէ Տարածքային Փոփոխութիւն» Կ՛ըսէ Իրանցի Երեսփոխանը

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ծրագրեն Անվտանգութեան Հարցով Հանդիպումներ Ունենալ Ռուսիոյ Հետ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.