Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վտանգալից Կարգաւորում

Դեկտեմբեր 21, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը սոսկ երկու դրացի պետութիւններու յարաբերութիւններու կարգաւորում կարելի չէ համարել եւ խանդավառուիլ սահմաններու բացման ու տնտեսական ձեռքբերումներու պղտոր հեռանկարներով:

Թուրքիան Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն առումով ունի արիւնալի պատմութիւն, որ հիմնուած է թրքական ծաւալապաշտութեան եւ հայ ազգի իրաւունքներու մշտական անտեսման Թուրքիոյ ծանօթ մօտեցումներուն վրայ: Այս մօտեցումները տարիներու ընթացքին չեն փոխուած, այլ նոր ձեւ ստացած են պարզապէս:

Դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը իւրաքանչիւր երկրի համար նշանակալից իմաստ ունի, բնականաբար, սակայն երբ այդ յարաբերութեան խզման պատմական պատճառները առկայ են, եւ Թուրքիոյ յարաբերութեան ոճը նոյնն է արցախեան վերջին պատերազմի Թուրքիոյ բացայայտ մասնակցութեան իսկ փաստով, քաղաքական ի՞նչ տրամաբանութեամբ կարելի է վստահելի յարաբերութիւններ մշակել ծաւալապաշտական քաղաքականութիւն վարող երկրի մը հետ:

Փորձենք ըմբռնել բարի դրացիութեան Թուրքիոյ տրամաբանութիւնը` յիշելով այլ երկիրներու հետ յարաբերութեան օրինակներ, աւելի լայն դիտանկիւնէ նայելու տարբեր կողմերու հետ թրքական նոյնանման քաղաքականութեան:

Թուրքիան իր դրացի շարք մը երկիրներու քայքայման ու տկարացման նպաստեց բարիդրացիական յարաբերութիւններու իսկ խաբկանքով:

Սուրիոյ հետ, օրինակ, Թուրքիան տարիներու լարուած յարաբերութիւնները կարգաւորեց, նոյնիսկ զանց առնուեցաւ երկու երկիրներու քաղաքացիներու երթեւեկութեան համար անցագիրներու օգտագործումը: Պահ մը Սուրիան հաւատաց թրքական բարի կամեցողութեան եւ իր սահմանները լայն բացաւ անոր դիմաց:

Այդ տարիներուն Թուրքիան լաւապէս սերտելով Սուրիոյ ընկերային դրուածքն ու ներքին հարցերը, ամէն ջանք թափեց` հրահրելու Սուրիոյ պատերազմը, պատերազմի ընթացքին սուրիական տարածքներ գրաւեց ու յաւակնեցաւ նոյնիսկ հասնիլ Հալէպ ու իր վերահսկողութեան տակ առնել ամբողջ նահանգը: Մինչեւ այսօր թրքական հրահրումով գործող ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն թալանել Սուրիոյ բերքն ու հարստութիւնները եւ Թուրքիա փոխադրել զանոնք բացայայտօրէն: Տակաւին չենք խօսիր Թուրքիոյ մէջ ապրող խաբուած ու խաղաքարտի վերածուած սուրիացի գաղթականներուն ներկայ խղճալի իրավիճակին եւ անոնց դէմ Թուրքիոյ ի գործ դրած ճնշումներուն մասին:

Թուրքիան նոյնպիսի յարաբերութիւններ զարգացուցած էր Վրաստանի հետ: Երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման պատճառով Թուրքիայէն դէպի Ազրպէյճան հաղորդակցութեան ճամբաները կ՛անցնին Վրաստանէն: Հակառակ այս կարգաւորման, սակայն, նոյն Թուրքիան վերջերս բացայայտօրէն յայտարարեց ներկայ Վրաստանի տարածքներու գծով իր ախորժակներուն մասին` շեշտելով, որ Ախալքալաքը, Ախալցխան եւ Արտուինի շրջանը սուրբ հողեր են իրեն համար եւ վաղ թէ ուշ պիտի վերադարձուին Թուրքիոյ, միեւնոյն ատեն ան հրապարակ սկսաւ նետել Վրաստանի թրքական ծագում ունեցող մեսխեթցիներու հարցը ու անոնց հետ պատմական կապի կարեւորութիւնը:

Ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ, Արցախի կորուստին մէջ Թուրքիոյ բացայայտ դերակատարութիւնն ու տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու հետ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական եւ կեղծ բարեկամական յարաբերութիւնները աչքաթող ընելով, Զանգեզուրի սահմանները իր ազդեցութեան գօտին դարձնելու յաւակնութիւնները չնկատելով, Ազրպէյճանի նախագահին Զանգեզուրը ազրպէյճանական հող համարելու յոխորտանքները լրջօրէն չսերտելով` ինչպիսի՞ վստահելի յարաբերութիւններ կարգաւորելու օրակարգ կը բացուի մեր երկրին ու ժողովուրդին դիմաց, եւ այդ օրակարգին ժողովրդային հողը պատրաստելու բեմագրութիւններ կը պատրաստուին:

Բարիդրացիական յարաբերութիւններ ձեւականօրէն կարգաւորելը Հայաստանի համար թրքական վտանգը կը մեղմացնէ՞ միթէ: Այդ վտանգը ինչպէ՞ս կարելի է անտեսել` իրապաշտ ըլլալով մէկտեղ:

Կասկած չունինք, որ Թուրքիան Հայաստանին ու հայութեան վրայ ճնշում բանեցնելու մէկէ աւելի գործօններ պիտի ունենայ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու սահմաններու բացման առիթներու ընծայումով:

Պատմութիւնը վկայ է այս բոլորին, եւ որքան ալ գերպետութիւններ շահագրգռուած ըլլան յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ, Հայաստանն ու հայութիւնը յանպատրաստից, առանց տնտեսական դաշտի մէջ օրէնքներ փոխելու, առանց այս կարգաւորման վտանգները համակողմանիօրէն քննելու` ականապատ ճանապարհ մը անցնելու կը պատրաստուին:

Նոյն այս օրակարգը յառաջ մղելով Արցախի չկարգաւորուած հարցը փակուած համարելու եւ դիւանագիտական ճիգերով պայքարելու անպատրաստակամութիւն ցուցաբերելու քաղաքական  ուղղուածութիւնը, որ կամար կը կապէ հայաստանեան երկնքին վրայ, նոր պարտութիւններու նախանշանը ցոյց կու տայ իրաւացիօրէն:

Հայաստան իր ապահովութիւնը ամրագրելու համար, նախքան Թուրքիոյ հետ բարիդրացիական յարաբերութեան սին յոյսեր կապելը, հակաթրքական ճակատի մէկէ աւելի երկիրներու ու ժողովուրդներու հետ գործակցելու հորիզոնները սերտա՞ծ է միթէ:

Նախորդը

Մարդը Աւելի Գերակշիռ Արժէք Է, Քան` Առեւտուրն Ու Ճամբաները

Յաջորդը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ 125.000 Եւրոյի Յատկացում` Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Փաշինեանէն «Աննախընթաց» Մը Եւս…
Անդրադարձ

Ակնարկ. Փաշինեանէն «Աննախընթաց» Մը Եւս…

Յունիս 8, 2023
Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979
Անդրադարձ

Պատանեկան Միութեան Շարքերէն Մինչեւ Լիզպոն Եւ Շուշի

Յունիս 7, 2023
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Հայաստանի Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տարբերութիւնը

Յունիս 7, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In