Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցիին Պէյրութի Եւ Երեւանի Լուրերը Եւ… Քասուլէ

Դեկտեմբեր 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Էլպիս եւ Մակարուհին շուկայ գացին: Արմենակին հետ, խոհանոցը նստած, պատրաստած սուրճս վայելեցինք:

Էլպիսի բացակայութենէն օգտուելով` Արմենակ բացաւ իր լուրերու տոպրակը:

– Մակա՛րս, Պէյրութէն հեռաձայնեց ընկերոջս` Արթաքիին կինը` Զապէլ: Ժամ մը խօսեցաւ: Թերթերը չեն գրեր առօրեային մասին: Ըսաւ, որ կեանքը անկարելի դարձած է, աշխատավարձերը չեն բաւեր հացի: Բայց ճաշարանները կը յորդին, հոն կ’երթայ պահուած տոլար ունեցողը կամ դուրսէն տոլար ստացողը: Կողոպտողները անհանգստացնող չկայ: Հայերու կացութիւնը վատ է: Եթէ բարեսիրական կազմակերպութիւնները եւ կաթողիկոսարանը չօժանդակեն, հազարաւորներ անօթի կը մեռնին: Մարդիկ իրենց զաւակները ղրկած են երկրէն` աշխատելու կամ ուսանելու:

– Ափսո՜ս, Արմենա՛կ, եթէ այսպէս շարունակուի, Լիբանանի կենսունակ հայ համայնքը կը  կորսնցնենք:

– Կ’իմանամ, որ Լիբանանէն գաղթողներ կան, կը գաղթեն Հայաստանէն ալ: Կ’երթան Ամերիկա, Քանատա, Աւստրալիա, մինչեւ Նոր Զելանտա, ուր հիմա հայ գաղութ կայ: Ըսին, որ համաշխարհային ազգ ենք: Օր մըն ալ կը հասնինք բեւեռ: Եթէ հայրենասիրական ճառերը լսուած եւ համոզած ըլլային, հայերը կը բռնէին հայրենադարձութեան ճամբան, տուրիստ չէին ըլլար: Իմաստուններն ալ Հայաստան չէին երթար միայն ժողով գումարելու եւ նկարուելու:

– Ինչպէ՞ս կ’ուզես, որ դժբախտ մարդիկ Հայաստան երթան, երբ թուրքը նստած է սահմանին, կը սպառնայ, ամէն ձեւով կը ճնշէ, ապագան անորոշ է:

– Մակա՛ր, երէկ, չորս ամիս Հայաստան մնալէ ետք վերադարձած քեզի ծանօթ Մինասին հանդիպեցայ փուռին առջեւ, ուր գացեր էի չամիչով կարկանդակ գնելու: Ան աւելի քան ժամ մը ֆորմաթէ եղածի պէս մենախօսեց, ըսաւ, որ Երեւան ամէն բան նորմալ է: Ճաշարանները տեղ չես գտներ, նորակառոյց հիւրանոցի մը մէջ հարսանիք եղած է, իւրաքանչիւր հիւրի համար վճարուած է հարիւր յիսուն տոլար: Մարդիկ իրենք զիրենք ապահով կը զգան: Կը յուսան, որ թուրքին եւ ազերիին հետ հաշտութիւնը բարօրութիւն պիտի բերէ: Իսկ իշխանութենէն գոհ են, կ’ըսեն, որ նախկիններէն նուազ աղտոտ են, անոնց պէս հարուստ չեն, անոնց պէս գող չեն:

– Արմենա՛կ, այդ Մինասը հայկական տարածքներու մասին մտահոգութիւն չյայտնե՞ց:

– Ո՛չ, ըսաւ, որ մանր-մունր սահմանային սրբագրութիւններ պիտի ըլլան: Իսկ ճամբաներու բացման մասին ըսաւ, որ այդ լաւ կ’ըլլայ, ժողովուրդը անոր կը սպասէ, որպէսզի առեւտուր ընէ, թուրքերն ալ գան եւ դրամ ծախսեն: Իսկ իրենք շատ լաւ կ’ապրին: Երբեմն ցոյցեր կ’ըլլան: Ականջ կախող չկայ: Վաճառատուները լեցուն են:

– Սահմանին զոհուող զինուորներուն եւ իրենց տուներէն հեռացուող գիւղացիներուն մասին ի՞նչ ըսաւ:

– Ոչի՛նչ: Երբ այդ մասին հարցուցի, ըսաւ, որ այդ դէպքերը Երեւանէն հեռու են, չեն խանգարեր: Լռեցի: Հասկցայ, որ Երեւան Խաղաղականի կղզիներէն մէկուն վրայ կը գտնուի: Մակա՛ր, գրոց-բրոցներդ աշխարհագրութեան նոր գիրք պէտք է գրէք, որ սորվինք, թէ Երեւանը Հոնոլուլու, կամ` Լոսի արուարձան, այն ատեն թերեւս հայրենադարձութիւն տեղի կ’ունենայ:

Էլպիս եւ Մակարուհին շուկայէն վերադարձան: Միաբերան ըսին.

– Այսօր ֆրանսացիի պէս պիտի ճաշենք, քասուլէ:

Ստոյիկեան Կեդրոնականցին ըսաւ.

– Լա՛ւ է, Հռոմ գացողը հռոմէացիի պէս պէտք է ապրի:

Արմենակ հասկցած է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապրիլ Լոս, Փարիզ, Սիտնի եւ թուրքին հետ «լեզու գտնող»… Հայաստան:

21 դեկտեմբեր 2021

Նախորդը

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Յաջորդը

Հայեւթուրք Մերձեցման Արկածախնդրութիւնը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?