Մակար ի Գաղիա
Եթէ Արմենակին մեր թերթերը սիւնակ տան, հեռատեսիլ եւ ձայնասփիւռ` ժամ, կը նպաստեն մեր քաղաքականացման եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան: Այս մասին մտածեցի մեր վերջին զրոյցէն ետք:
Դեկտեմբերի գորշ ցերեկին Էլպիս եւ Մակարուհի խոհանոց քաշուած էին, երկու Ծնունդ եւ մէկ Ամանոր պատրաստելու համար:
– Մակա՛րս, երջանիկ եւ յոյսի տարիներուն, երբ լախտը չէր իջած մեր գլխուն, կար «սփիւռքի նախարարութիւն»: Փաստ, որ սփիւռքը ներկայ էր հայրենիքի մէջ, կը լսուէր, Հայաստան-սփիւռք անունով խորհրդաժողովներ կը գումարուէին:
– Արմենա՛կ,- ըսի,- երանի անոնց մասնակիցներուն: Հայրենասիրական տոմս գնելու ի վիճակի չեղողները թերթ կը կարդային եւ լուսանկար կը դիտէին:
– Սովետի օրերուն հայրենասէրը կը նկարուէր գրողի եւ արուեստագէտի հետ: Խորհրդաժողովի մասնակիցը աստիճանի բարձրացում ունէր, կը նկարուէր նախարարի եւ նախագահի հետ, յաճախ` յորդող սեղաններով հիւրասիրութեան մը ընթացքին: Դեռ, շքանշաններ ալ կը տրուէին,- ըսաւ Արմենակ:
– Փաստ, որ ժողովախտ ունեցող ազգ ենք,- ըսի:
– Մակա՛րս, այդ ժողովներուն, մի՛շտ համահայկական, հանդիպեցայ հայրենակցական միութեան հին վարչական Աբրահամին: Հարցուցի, թէ ինչո՞ւ եկած էր, ի՞նչ ընելու, եւ ան ըսաւ, որ երբ նման տեղեր կը գտնուի, կը յուզուի: Ըսի, որ օրակարգդ յուզումն է: Եւ ան ըսաւ` ճի՛շդ այդպէս:
– Արմենա՛կ, անթիւ ժամերով ժողովներուն ներկայ Աբրահամները անթիւ են: Անոնցմով բանակ կը կազմուէր եւ տէր կ՛ըլլայինք Արցախի:
– Ճի՛շդ: Աբրահամները չեն խանգարեր: Կան Ֆրանսիսները, անոնք շնորհ կ՛ընեն, կիրակնօրեայ պազարի հայերէնով ճառ կը խօսին, կամ իմաստութիւն կը թափեն բաբելական լեզուով մը, կը ծափահարուին, կը նկարուին, երբ վերադառնան` սպասելով յաջորդ խորհրդաժողովը, իրենց կարեւորութեան լուսանկարներով կը զարդարեն բնակարան եւ գրասենեակ:
– Արմենա՛կ, խորհրդաժողովները չկան, բայց ժողովները կան: Առաջ անոնք Երեւան էին: Հիմա աւելի ուշագրաւ, կը գումարուին Ստեփանակերտ, Սիւնիք եւ հայրենասիրական յուզումներ առթող այլ վայրեր, կրկին` լուսանկարներով:
– Մակա՛րս, պէտք է երթաս եւ տեսնես, Աբրահամները եւ Ֆրանսիսները: Իւրաքանչիւրը գէթ որսի pomp action հրացանով մը սահմանին վրայ կանգնէր, ազերին ամէն օր մէկ երիտասարդ հայ չէր որսար:
– Ամերիկայէն լաւ սորված ենք ցուցադրական արուեստը, արդի հայերէնով կ՛ըսենք` շաու բիզնես,- ըսի Արմենակին:
Մեկնելու պահուն Կեդրոնականցին եզրակացուց.
– Մակա՛րս, իմաստուն խօսք ըսիր: Երբ փրկչական ժողովի մը ներկայ ըլլամ, կամ լուսանկարուող իմաստունի հանդիպիմ, պիտի առաջարկեմ, որ pomp action մը տանին եւ նուիրեն սահմանի վրայ պահակութիւն ընող այր թէ կին գիւղացիին:
Դիտեցի կայարան գացող Արմենակը:
Ինչո՞ւ ո՛չ Հայաստան եւ ո՛չ ալ սփիւռքները Կեդրոնականցիին չեն օգներ pomp action հրացաններ ներածելու Հայաստան:
16 դեկտեմբեր 2021