Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Տարին

Դեկտեմբեր 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2021 տարին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին համար եղաւ նախորդ տարիներէն շատ աւելի տարբեր: Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող անբնական ընկերատնտեսական կացութեան` կեդրոնը բաց պահեց իր դռները եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցեց  բազմահազար պարագաներու:

Տարուան սկիզբը, կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումը, կեդրոնը գործեց յատուկ ժամանակացոյցով եւ առաւելագոյն նախազգուշութիւնները գործադրելով:

Վերանորոգուեցան առողջապահութեան եւ ընկերային բարօրութեան նախարարութեանց հետ ցարդ կնքուած համաձայնագիրները, որոնց հիման վրայ կեդրոն այցելեցին նախարարութենէն զանազան պատուիրակութիւններ, որոնք հսկեցին աշխատանքներուն եւ դրուատեցին կեդրոնի բաժանմունքներուն կազմակերպուած ու բծախնդիր գործունէութիւնը:

Կեդրոնի բոլոր բաժանմունքները` բժշկական, շողանկարում, շտապ օգնութիւն, դեղարան, մարձում, ատամնաբուժարան, տարրալուծարան, ընկերային գրասենեակ, հիւանդատար կառք, շարունակեցին իրենց ընթացիկ գործունէութիւնը` հասնելու համար մեր ժողովուրդի զաւակներուն  առողջապահական կարիքներուն:

Լիբանանը հարուածող տնտեսական եւ առողջապահական անբնական կացութիւնը շրջանցելու եւ մեր ազգի զաւակներուն ապահովութիւն եւ բնական պայմաններ ստեղծելու առաջադրանքով կեդրոնի տնօրէնութիւնը մշակեց ծրագիրներ, որոնց ֆինանսաւորման համար դիմեց միութիւններու, կազմակերպութիւններու:

Գործակցութեամբ Hope, Premiere Urgence International եւ Amel օտար թէ տեղական կազմակերպութեանց հետ կեդրոնը յաջողեցաւ մեծաթիւ պարագաներու  տրամադրել բժշկական եւ այլ օժանդակութիւններ:

Շնորհիւ ՀՅԴ Արտակարգ իրավիճակներու մարմին ԿԱՄՔ-ին, որուն մաս կը կազմէ ԼՕԽ-ը, եւ գործակցութեամբ առողջապահութեան նախարարութեան հետ` հնարաւոր եղաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան Արագածի շրջանի ԼՕԽ-ի գրադարան-պարտէզին մէջ սարքել յատուկ վայր մը, ուր կեդրոնի հիւանդապահուհիները շաբաթական դրութեամբ  կատարեցին «Քորոնա»  ժահրի անվճար քննութիւններ (PCR): Քննութենէն ստացուած ժխտական թէ դրական  արդիւնքները յայտնեցին քննուողներուն, իսկ դրական արդիւնք ունեցողներուն դարմանումին հսկեցին կեդրոնի բժիշկները, եւ անվճար կերպով անոնց տրամադրուեցան  դեղորայք եւ ի պահանջել հարկին` թթուածինի (Oxygene) շնչառական գործիք:

«Քորոնա» ժահրի պատուաստումի  քարոզարշաւին եւ արձանագրութեանց ընթացքին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ «Պասմա» ու «Զէյթունա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կեդրոնի մուտքին զետեղուեցաւ յատուկ կրպակ մը, ուր շրջանի բնակիչներ ներկայացան եւ արձանագրուեցան պատուաստուելու համար:

Յարաբերական գետնի վրայ անցնող տարեշրջանին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին ծանօթացման համար կեդրոն այցելեցին Médecins du Monde, WHO, UNHCR, Restart Center, AVITEM, Lebanese Red Cross կազմակերպութիւններէն ներկայացուցիչներ, որոնք շրջեցան բոլոր բաժանմունքներուն մէջ եւ իրազեկ դարձան տարուած գործունէութեան, իսկ 6 մայիս 2021-ը «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին համար եղաւ յատուկ օր մը: Այդ օր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տրիան, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէր Լիբանան, այցելեց նաեւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոն: Նախարարը հանդիպում ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական  եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներուն, կեդրոնի Տնօրէն խորհուրդին, բժիշկներուն եւ պաշտօնէութեան հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Premiere Urgence International-ի ներկայացուցիչները, որոնք նախարարին զեկուցեցին կեդրոնին հետ իրենց ունեցած գործակցութեան դրական արդիւնքներուն մասին, ապա Ժան Իվ լը Տրիան շրջեցաւ կեդրոնի կարգ մը բաժանմունքներուն մէջ եւ լաւապէս հետեւեցաւ մատուցուած սպասարկութեանց:

Բժշկական բաժանմունքին կողքին, ընկերային գրասենեակը եւս շարունակեց իր աշխատանքները` ընդունելով բազմաթիւ պարագաներ եւ անոնց տրամադրեց այլազան օժանդակութիւններ, ինչպէս` դեղերու ապահովում, հիւանդանոցային թէ ծերանոց մուտքի դասաւորումներ, բարդ վիրաբուժական գործողութիւններու ծախսի մասնակցութիւն, տնային այցելութիւններ, կեդրոնի հիւանդատար կառքով հիւանդ պարագաներու հիւանդանոց փոխադրութիւն, երեխաներու եւ անկար պարագաներու անմիջական պէտքերու հայթայթում եւ այլն:  Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբին հետ գործակցելով` պատրաստեց ճաշի սպասարկութենէն օգտուող անտէր անհատներու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու ցանկերը եւ հսկեց տաք ճաշի բաշխումին:

Սիտայի միջազգային օրուան առիթով գրասենեակը հայկական վարժարաններու երկրորդական բաժինի աշակերտներուն համար պատրաստեց  վարակը ծանօթացնող եւ նախազգուշութիւն ապահովող թերթիկներ եւ ապարանջաններ:

Կարգ մը ծրագիրներու իրագործումին եւ ընտանիքներու աջակցութեան համար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ընկերային գրասենեակը  կապ պահեց կեդրոնի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին հետ, եւ միասնաբար հետապնդեցին կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեանց զանազան ծրագիրները:

Վերոյիշեալ բաժանմունքներուն  շարքին կեդրոնի դեղարանը իր կարգին ընդունեց հարիւրաւոր պարագաներ եւ անոնց համար առողջապահական նախարարութենէն  ապահովեց  քրոնիկ հիւանդութեանց դեղեր:

Աշխատանքի որակը վերակազմակերպելու եւ բարելաւելու միտումով կեդրոնի անձնակազմը մասնակցեցաւ ընկերային թէ առողջապահական թեմաներով կազմակերպուած գիտաշխատանոցներու:

Կազմակերպչական գետնի վրայ, տնօրէնութեան ճշդումով անձնակազմը ունեցաւ զանազան հանդիպում-ժողովներ, որոնց ընթացքին արծարծուեցան առկայ դժուարութիւնները, եւ զանոնք հարթելու համապատասխան որոշումներն ու հետապնդումները կատարուեցան:

Տեղին է նշել, որ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը պիտի չկարենար իրեն վստահուած ծանր պարտականութիւնը իրականացնել առանց ԼՕԽ-ի  բարերարներուն ու նուիրատուներուն նեցուկին եւ վստահութեան: Այսպէս, կեդրոնը օժանդակութիւններ ստացաւ`  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութիւններէն, զանազան գաղութներու մէջ գործող ՀՕՄ-ի միաւորներէն, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակէն, Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ-էն,  Club Franco-Arménien d’Anthonie-էն, International Medical Corps-էն, Med Global-էն եւ այլ  յայտնի թէ անյայտ բարերարներէ:

Տարեվերջի այս հանգրուանին, հակառակ Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ահաւոր վերիվայրումներուն, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը պարտք կը զգայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնելու, որ պիտի շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութիւնը, երբեմն նոյնիսկ անկարելին կարելիի վերածելով` պիտի ջանայ թեթեւցնել հայրենակիցներուն ցաւը եւ անոր ուսերուն բեռցուած ծանր բեռը:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ

Նախորդը

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Նոր Տարուան Ընդառաջ

Յաջորդը

Պարգեւատրելով Վաստակաւոր Գործարարներ Եւ Դրուատելով Անոնց Նուիրումի Ոգին` Պուչիքեան. «Լիբանանեան Առեւտրական Խորհրդանիշը Իր Արժանաւոր Վարկն Ու Դիրքը Սկսաւ Գրաւել Համաշխարհային Շուկաներուն Մէջ»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?