Ա. Ա.
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման պատմութիւնը ձախողութիւններով լեցուն է: Մինչեւ արցախեան երկրորդ պատերազմը Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններուն հաստատման որեւէ փորձ կը բախէր Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի պահպանման եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն յաղթահարման եւ վերացման «արգելք»-ներուն, որոնք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ իբրեւ ճնշումի լծակներ կը գործածուէին:
Արցախեան երկրորդ պատերազմին հայկական կողմին կրած պարտութենէն ետք Անգարայի մարտավարութեան մէջ շատ բան փոխուեցաւ, եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները սկսան խօսիլ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութեան մասին: Նախ նախագահ Ռեճեփ Էրտողան նշեց Անգարա- Երեւան յարաբերութիւններու հաստատման դրական սպասուելիքները, որոնք ի յայտ պիտի գային հարաւկովկասեան իրավիճակին մէջ: Թրքական կողմը պատերազմը յաղթած էր, եւ Էրտողանի կողմէ նման ձեւակերպում հասկնալի էր: Ի վերջոյ յաղթական կողմը հանդէս կու գար նախաձեռնութեամբ մը, որ սակայն բազմաթիւ արգելքներու եւ խոչընդոտներու կրնար բախիլ: Անոնցմէ գլխաւորը թերեւս արցախեան իրավիճակն էր: Բայց եւ այնպէս, պատերազմէն ետք արցախեան տագնապը ոչ մէկ վտանգ կը ներկայացնէր թրքական կողմին համար, հետեւաբար Էրտողան կարիքը չէր տեսներ Լեռնային Ղարաբաղէն հայկական ուժերուն հեռացումը նախապայման համարելու: Այլ խօսքով, ըստ Անգարայի եւ խորհրդակցաբար Պաքուի, հայեւթուրք պետական մակարդակի մերձեցման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման դէմ ցցուած Լեռնային Ղարաբաղի արգելքը չկար: Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք թրքական ճակատը կը համարէր, որ հայեւթուրք մերձեցման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հաւանականութիւնը բաւական բարձրացած էր: Էրտողանեան այս տրամաբանութիւնը, սակայն, կառուցուած էր չափազանց վտանգաւոր մտադրութեան մը վրայ, որ դիտաւորութիւն ըլլալէ աւելի` նախապայման է: Հայեւթուրք մերձեցումը եւ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի կատարուէին իրարու հողային ամբողջականութեան ճանաչմամբ: Թրքական դիւանագիտական շնական նպատակը հասկնալու համար բնաւ կարիքը չկար խոր վերլուծումներու եւ տեսութիւններու: Անգարա յստակօրէն կը շեշտէր, որ Հայաստան առաջին հերթին պէտք է ճանչնայ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը, որուն իբրեւ գրաւեալ տարածք` մաս կը կազմէ իր բնիկ ժողովուրդէն պարպուած Արեւմտեան Հայաստանը:
Ասիկա ականապատ դաշտ մըն է Հայաստանի համար: Ճանչնալ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը` կը նշանակէ Արեւմտեան Հայաստանի գրաւեալ հողերէն հրաժարիլ` Հայ Դատի արդարացիութիւնը լրջօրէն վտանգելով: Ասիկա բնականաբար կրնայ ստեղծել սփիւռքի հետ կապերու եւ յարաբերութիւններու նոր հարթակներ, ուր տիրականը տարակարծութիւնը պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ սփիւռքեան քաղաքական շրջանակներուն կեցուածքներուն միջեւ տարբերութիւններ ի յայտ կրնան գալ:
Հայաստան` իբրեւ անկախ եւ գերիշխան պետութիւն, ամբողջական ազատութիւնը եւ իրաւունքը ունի ճշդելու իր քաղաքական ուղեգիծը: Ճիշդ է նաեւ, որ Երեւանի իշխանութիւնները Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր եւ մինչեւ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ապահովման, Սեւրի դաշնագրի հիմամբ Հայ դատը լուծելու պատկերացումէն չեն հրաժարած: Տակաւին թարմ է, օրինակի համար, Սեւրի դաշնագրի հարիւրամեակին նուիրուած գիտաժողովին մասնակիցներուն ուղղած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքին ձգած տպաւորութիւնը: «Սեւրի դաշնագիրը ճանապարհ կը հարթէր Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման համար: Հայ ժողովուրդի պատմական բնօրրանին մէջ անկախ պետականութեան ստեղծման միջոցով արդարացի լուծում կը ստանար Հայկական հարցը: Կը վերականգնէր պատմական արդարութիւնը: Նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուէին մեր ժողովուրդին տնտեսական եւ ժողովրդագրական ներուժի վերականգնման, անոր բնականոն զարգացման եւ յառաջընթացին համար», յայտարարեց Փաշինեան:
Բայց ամէնէն հիմնական խնդիրը կը վերաբերի արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք ստեղծուած շատ վտանգաւոր իրավիճակի մը, ուր յանուն բարի դրացնութեան ու հարաւկովկասեան զարգացման եւ կայունութեան` հրապարակ նետուած ծրագիրներու նախագիծներուն մէջ առաւելաբար շեշտը կը դրուի հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ` իրարու հողային ամբողջականութեան ճանաչման հիմամբ: Ասիկա է վտանգաւորը:
Քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խորհրդարանին մէջ պետական պիւտճէի քննարկման նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով շուտով փոխադարձաբար յատուկ ներկայացուցիչներ պիտի նշանակուին: Հայաստանեան հասարակութիւնը եւ սփիւռքը նախապէս ալ թրքական կողմէն իմացած էին հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին: Նոյնը պատահեցաւ նաեւ «փոխադարձաբար ներկայացուցիչներ նշանակելու մասին» Չաւուշօղլուի յայտարարութեան պարագային: Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետին այս յայտարարութենէն ետք է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դրական գնահատեց Չաւուշօղլուի այս կեցուածքը եւ հաստատեց երկխօսութեան նպատակով փոխադարձաբար ներկայացուցիչներ նշանակելու տեղեկութիւնը: Նախապէս ալ Էրտողան բացայայտած էր, որ Փաշինեան վրացական միջնորդութեամբ իրեն հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու առաջարկ կատարած է: Էրտողանի այս յայտարարութենէն ետք է, որ պաշտօնական Երեւան հաստատեց, որ նման միջնորդութեան դիմուած է:
Թէ ինչո՛ւ միշտ թրքական կողմն է, որ նախ կը բացայայտէ տեղեկութիւններ` հայեւթուրք երկխօսութեան թէ բանակցութիւններու մասին, մտածելու առիթ պէտք է հանդիսանայ: Երկխօսութեան նպատակով ներկայացուցիչի նշանակման մասին տեղեկութիւնը շատ աւելի բան կ՛ըսէ, քան Փաշինեանի կատարած առաջարկը` Էրտողանի հետ տեսակցելու վերաբերեալ: Խնդիրը «տրամաբանական» զարգացում մը կ՛ապրի: Նման իրավիճակի մէջ կարեւոր է մտահան չընել հայութեան ազգային շահերը: Ասիկա առաւելաբար Երեւանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է:
Կայ այլ հանգամանք մը: Հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորումը, ըստ իշխանական Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էդուարդ Աղաճանեանի, կը բխի Հայաստանի պետութեան շահերէն: Աղաճանեան նաեւ հաստատեց, որ ասիկա չի նշանակեր, թէ Հայաստան պիտի հրաժարի իր պետական եւ ազգային շահերէն, աւելցնելով, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը առանց նախապայմաններու պէտք է ըլլայ:
Նախապէս Արցախը նախապայման էր: Նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներէն հրաժարումը: Հիմա առաջին նախապայմանը վերացած է թրքական կողմին համար: Կը մնայ երկրորդը, որուն կապակցաբար Թուրքիոյ Պետական խորհուրդը երկու տարի առաջ որոշեց պայքար շղթայազերծել հայկական սփիւռքին եւ որոշումի մայրաքաղաքներուն մէջ լոպիինկով զբաղող Հայ դատի թէ այլ մարմիններու, յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու դէմ: Ներկայիս, երբ Անգարա կը յայտարարէ, իսկ Երեւան կը հաստատէ, որ երկխօսութեան սկսելու համար Թուրքիա եւ Հայաստան ներկայացուցիչներ պիտի նշանակեն, հարցումներ կը ծագին: Երկխօսութիւնը ի՞նչ բնոյթ եւ ուղղութիւն պիտի ունենայ: Նախապայմաններու մասին խօսք չկայ, այլ` թրքական տեսակէտ մը, որ կը վերաբերի իրարու հողային ամբողջականութեան ճանաչման հիմամբ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Իսկ երկխօսութեան սկսելէ ետք, եթէ այս տեսակէտը նախապայմանի վերածուի, եւ այլ նախապայմաններ ալ դրուին, ի՞նչ ճակատագիր պիտի ստանայ հայեւթուրք յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթը: 2009-ի փորձը նման կասկածներու տեղի կու տայ:
Կայ աւելի վտանգաւորը: Սփիւռքը տեսակէտ պիտի ունենա՞յ այս հոլովոյթին մասին, թէ՞ հայեւթուրք դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը, որ Երեւանի իշխանութիւններուն կարծիքով կը բխի Հայաստանի պետութեան շահերէն, առաւելաբար Հայաստանի պետութեան կը վերաբերի: Հոս կա՞յ սփիւռքը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն հաստատման դէմ խոչընդոտ համարելու միտում մը: Եթէ օրերը ցոյց տան, որ իսկապէս կայ այս միտումը, ապա Թուրքիոյ Պետական խորհուրդին որոշումը մտած կ՛ըլլայ գործադրութեան փուլ:
Երեւանի իշխանութիւնները շատ լաւ գիտեն սփիւռքին կեցուածքները եւ դիրքորոշումները, ինչ կը վերաբերի հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: Նաեւ յստակ է, որ հայկական սփիւռքը, Թուրքիոյ կարծիքով, սեպ մըն է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ճիգերուն եւ ծրագրերուն մէջ: Երեւան ասիկա վստահաբար շատ լաւ հասկցած է: Այլապէս ազգային աղէտ մը կրնանք դիմագրաւել: