Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի, Մատենադարանի Եւ Քաթարի Ազգային Գրադարանի Միջեւ Փոխգործակցութիւնը Արժէքաւոր Կրնայ Ըլլալ. Նունէ Սարգսեան
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի` Քաթարի պետութիւն աշխատանքային այցելութեան ընթացքին նախագահին կինը` Նունէ Սարգսեան, այցելեց Քաթարի Ազգային գրադարան, որ Քաթարի հիմնադրամի մեծագոյն, ինչպէս նաեւ հետազօտական, համալսարանական եւ հանրային հաստատութիւններէն մէկն է: Այս մասին յայտնեցին նախագահին աշխատակազմէն` նշելով, որ Քաթարի Ազգային գրադարանի գրապահոցներուն մէջ պահուած է մօտաւորապէս 800 հազար գիրք, գրադարանը ունի նաեւ աւելի քան 500 հազար ելեկտրոնային գիրքեր եւ պարբերականներ:
Նունէ Սարգսեան գրադարանի ղեկավարութեան, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանի եւ Մատենադարանի գիտական քարտուղար Վահէ Թորոսեանի ուղեկցութեամբ շրջեցաւ գրադարանին մէջ եւ ծանօթացաւ այնտեղ պահուող գրականութեան, հրատարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ` գրադարանին մէջ գործող Ժառանգութեան թանգարանի ցուցանմուշներուն, որոնք բացառիկ գիրքեր, ձեռագիրներ եւ քարտէսներ են, ինչպէս նաեւ` արաբական եւ իսլամական մշակոյթը ներկայացնող այլ արժէքաւոր նիւթեր:
Նունէ Սարգսեան գրադարանի ղեկավարութեան հետ զրուցեց Հայաստանի գիտական-կրթական հաստատութիւններու հետ համագործակցութեան մասին, մասնաւորապէս նշեց, որ Հայաստանի Պատմութեան պետական թանգարանին եւ Մատենադարանին հետ փոխգործակցութիւնը արժէքաւոր եւ ուսանելի կրնայ դառնալ, յատկապէս` գրականութիւնը հրապարակելու, մատչելի դարձնելու եւ ընդհանրապէս, գրադարանային մշակոյթը զարգացնելու առումով:
Գիրքի Շնորհահանդէս` Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին Մէջ
Դեկտեմբեր 11-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի աշխատակից Շուշան Խաչատրեանի` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու փաստագրման եւ տուեալներու հաւաքագրման բաժինի վարիչին մենագրութեան շնորհահանդէսը` «Կրօնի դերը Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման մէջ» խորագրով:
Մենագրութեան մէջ պատմական կրօնագիտական լոյսի տակ ներկայացուած է Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման կրօնական դերը` իբրեւ գործօն եւ գործիք, Ա. համաշխարհային պատերազմին մուտք գործած օրէն` 1914 թուականէն, ներառելով Հայոց ցեղասպանութեան ամբողջ ընթացքը` 1915-1923 թուականներուն միջեւ:
Բացման խօսքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան շեշտեց Շուշան Խաչատրեանին կատարած մեծ աշխատանքը` ըսելով, թէ հետազօտութիւնը բացառիկ է այն իմաստով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրուած է նոր եւ հետաքրքրական տեսանկիւնէ` կրօններու բախման եւ Հայոց ցեղասպանութենէն մէկ դար անց` 21-րդ դարուն, նոյն վայրերուն մէջ տեղի ունեցած կրօնական թիրախաւորման ծայրայեղական դրսեւորումներէն:
Ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց մենագրութեան գիտական խմբագիր եւ փրոֆեսէօր Արծրունի Սահակեանը: Ան բարձր գնահատելով հետազօտութիւնը` նշեց. «Այս ուսումնասիրութիւնը հանգամանալի եւ ամփոփ ձեւով ցոյց կու տայ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը որքան ալ ծրագրուած եւ կազմակերպուած ըլլար օսմանեան կառավարութեան կողմէ, միեւնոյնն էր, կարելի չէր ըլլար իրագործել այսպիսի ծաւալով հրէշաւոր համապետական ծրագիր, եթէ այդ գործին համար չհաւաքագրուէին իսլամադաւան մոլեռանդ եւ ընչասէր թուրք ու քիւրտ ամբոխներ` ժիհատականներուն միջոցով»:
Մենագրութեան հեղինակ Շուշան Խաչատրեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ներկայացուցած է կրօնին դերը` համակարգուած, թէ` ինչպիսի դերակատարութիւն ունեցած է կրօնը Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման մէջ: Ան փորձած է պատասխանել այն հարցումներուն, որոնք շատոնց կ՛արծարծուէին, սակայն մէկ ընդհանուր վերլուծութեան կարիքը կար: Հեղինակը աւելցուց, որ գիրքին մէջ տեղ գտած են ցարդ չուսումնասիրուած եւ չհրատարակուած փաստաթուղթեր, ներկայացուած են ծիսական սպանութիւնները եւ բռնութիւնները, որոնց ենթարկուած են հայերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է 2015 թուականի ապրիլ 23-ի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութեան եւ անոր նախընթացին: Շ. Խաչատրեան հաղորդեց, որ կը փափաքին գիրքը անգլերէնի եւ իտալերէնի թարգմանել, որպէսզի հասանելի դառնայ նաեւ օտար հետազօտողին եւ ընթերցողին:
Այնուհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի աւագ գիտաշխատող Թեհմինէ Մարտոյեան ներկայացուց «Շուշան Խաչատրեան, կրօնի դերը Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման մէջ» գրախօսականը` ուսումնասիրութեան արժեւորումով, բովանդակութեան մանրամասն ներկայացումով, ինչպէս նաեւ գիրքէն առանձին շեշտադրումներ կատարելով:
Հաղորդենք, որ գիրքը նախատեսուած է ցեղասպանագէտներու, կրօնագէտներու, աստուածաբաններու, արեւելագէտներու, պատմաբաններու, հոգեբաններու, քաղաքագէտներու եւ առհասարակ Հայոց ցեղասպանութեան հարցերով զբաղող ու հետաքրքրուող լայն շրջանակներու համար:
Հայաստանի Կառավարութիւնը 168 Միլիոն Դրամ Յատկացուց Սօս Սարգսեանի Անուան Համազգայինի Թատրոնին
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան 2021 թուականի պիւտճէով նախատեսուած ծրագիրներու վերաբաշխման միջոցով Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի թատրոնին, դրամաշնորհային պայմանագիրի հիման վրայ, յատկացուեցաւ 168 միլիոն դրամ, ներառեալ աւելցուած արժէքի հարկը` բեմին անհրաժեշտ սարքերու ձեռքբերման համար: Այս մասին Հայաստանի կառավարութեան որոշումը ընդունուած է դեկտեմբեր 16-ի նիստին:
Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի թատրոնի բեմի վերազինման համար պիտի ապահովուին սարքաւորումներ, որոնք խիստ անհրաժեշտ են թատրոնի բնականոն աշխատանքները ապահովելու համար:
Նշուած է նաեւ, որ մշակութային հաստատութիւններու գոյքային յագեցուածութեան բարելաւման գործընթացը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ:
Ազգային Գրադարանը Համալրուած Է Նոր Սարքաւորումներով
Հայաստանի Ազգային գրադարանը համալրուած է նոր համակարգիչներով, նոթպուքերով, յիշողութեան եւ այլ սարքերով, որոնք կ՛օգնեն աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու գրադարանին աշխատանքը:
Յայտնենք, որ այս արդիական սարքաւորումները տրամադրած է Հայ կրթական հիմնարկութիւնը:
Գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան լրագրողներուն տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ ամիսներ առաջ հանդիպած է Լոս Անճելըսի Քաղաքային գրադարանի տնօրէն Անի Պոյաճեանի հետ, եւ զրուցած են Ազգային գրադարանի հարցերուն մասին: Հանդիպումէն քանի մը ամիս ետք Չուլեան Պոյաճեանէն նամակ ստացած է, որուն մէջ ան խնդրած է գրաւոր ներկայացնել, թէ ինչի՛ կարիք ունի գրադարանը: Հետագային Պոյաճեան նամակ ուղարկած է Հայ կրթական հիմնարկութեան:
«Մեզի համար առաջնային է մեր գրադարանին արհեստագիտական վերազինումը, արդիականացումը` երեք ուղղութեամբ: Առաջինը համահաւաք գրացուցակի համալրումն է: Պէտք է թարմացնել գրադարանին մշակման բաժինի համակարգիչները: Երկրորդը հրապարակումն է: Մօտ տասը տարի է` կը հրապարակուին գրադարանի հայատառ, հայալեզու ամբողջ մամուլն ու գրականութիւնը, նոյնիսկ շատցած է ծաւալը, եւ աւելի արագ աշխատելու կարիքը կայ, ուստի պէտք է հզօր համակարգիչներ եւ հրապարակելու սարքեր: Կարեւոր է նաեւ սպասարկումը: Աշխուժ առցանց սպասարկում իրականացնելու նպատակով եւս նոր համակարգիչներու կարիքը կայ», շեշտեց Չուլեան:
Ըստ անոր, նուիրատուութիւնը կը կազմէ Ազգային գրադարանի արհեստագիտական վերազինման 30 առ հարիւրը, որ մեծ թիւ է:
Հայ կրթական հիմնարկութեան գործադիր տնօրէն Արմինէ Հարոյեան յիշեցուց, որ հիմնարկութիւնը 75 տարուան պատմութիւն ունի: Ան Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մէջ կրթական գործունէութիւն կ՛իրականացնէ եւ կը զբաղի դպրոցաշինութեամբ ու այլ հարցերով: «Մօտաւորապէս 200 դպրոց վերանորոգած ենք, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուսանողներու կրթական վճարումներ կատարած ենք եւ այլ օժանդակութիւններ մատուցած ենք: Մեր գործունէութեան հիմքը կրթութիւնն է, եւ անկէ անմասն չէր կրնար մնալ Ազգային գրադարանը, որ պէտք է հասանելի ըլլայ բոլոր մարզերուն եւ սփիւռքին: Մօտաւորապէս 50 միլիոն դրամէ աւելի ներդրում կատարեցինք», նշեց Հարոյեան` յոյս յայտնելով, որ համագործակցութիւնը երկարատեւ կ՛ըլլայ:
Արմէն Սարգսեան ԵՈՒՆԻՍԷՖ–ի Ներկայացուցիչին Ուշադրութեան Յանձնեց Սահմանամերձ Շրջաններու Երեխաներուն Հարցերը
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 17 դեկտեմբերին ընդունեց Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի նորանշանակ ներկայացուցիչ Քրիսթինէ Վայկանտը, որ նախագահ Սարգսեանին ներկայացուց ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի հայաստանեան գրասենեակին իրականացուցած եւ կատարելիք ծրագիրները` նշելով, որ գրասենեակը պիտի շարունակէ համագործակցութիւնը պետական կառոյցներու եւ շահագրգիռ կողմերուն հետ, որպէսզի Հայաստանի մէջ երեխաները աւելի լայնօրէն օգտուին ապրելու, զարգանալու, կրթութիւն ստանալու, պաշտպանուած ըլլալու իրենց իրաւունքներէն:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին երեխաներու առողջութեան, առողջ ապրելակերպին, կրթութեան, ընկերային պաշտպանութեան վերաբերող ծրագիրները, ընդգծեցին բոլոր երեխաներուն համար հաւասար հնարաւորութիւններու ապահովման կարեւորութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ սահմանամերձ շրջաններու երեխաներուն հարցերը` առաջարկելով աւելի մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերել անոնց նկատմամբ:
Սպենդիարեանի 150-Ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտական Նստաշրջանին Մասնակցած Է Տարբեր Երկիրներու 40 Ներկայացուցիչ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկը, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը եւ Հայաստանի Երաժիշտներու միութիւնը դեկտեմբեր 14-16-ին առցանց ձեւաչափով իրականացուցին «Ալեքսանդր Սպենդիարեան 150» խորագրով միջազգային գիտական նստաշրջան` նուիրուած հայ մեծանուն երաժիշտի յոբելեանին: Այս մասին տեղեկացուցին Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանէն:
«Միջազգային գիտական նստաշրջանին ընդգրկուած էին 40 մասնակիցներ` Հայաստանէն, Արցախէն, Ռուսիայէն, Կազանէն, Լիթվիայէն, Շուէտէն եւ Հոլանտայէն: Հանդիպումին ներկայացուեցան բազմազան զեկոյցներ, որոնք նուիրուած էին Սպենդիարեանի կեանքի ուղիին, ստեղծագործական տարբեր ոլորտներուն եւ տեսակներուն, ինչպէս նաեւ ոճական առանձնայատկութիւններուն` թէ՛ անցեալի, թէ՛ 21-րդ դարու դիտանկիւնէն, խմբավարական գործունէութեան, իր ժամանակակից մշակութային գործիչներուն հետ առնչութիւններուն, անոր կերպարին` կերպարուեստի եւ քանդակագործութեան մէջ, ինչպէս նաեւ երաժիշտի տուն-թանգարանին` Հայաստանի երաժշտական թանգարաններու շարքին մէջ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան Արուեստի հիմնարկի Գիտական խորհուրդին որոշումով եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ 2022 թուականի սկիզբը պիտի հրատարակուին գիտական նստաշրջանին արդիւնքները, որոնք պիտի արտացոլացնեն միջազգային սպենդիարեանագիտութեան արդի վիճակը եւ կարեւոր ներդրում պիտի դառնան ակադեմական սպենդիարեանագիտութեան մէջ:
Տնաշինական Ծրագիր Արցախի Նախիջեւանիկ Գիւղին Մէջ
«Սատարենք մեր հերոսներուն» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր, որուն համաձայն, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը պիտի հովանաւորէ Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ գիւղի նոր թաղամասի կառուցման 16 տուներէն վեցին շինարարութիւնը:
Այս մասին տեղեկացուցին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութենէն` ըսելով, որ ծրագրին մասնակցութիւնը, Արցախը վերականգնելու եւ զայն վերաբնակեցնելու առաքելութեան մէկ մասն է: «Պատերազմէն անմիջապէս ետք Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը վերստին ձեռնամուխ եղաւ ո՛չ միայն առաջին օգնութիւն տրամադրելու, այլեւ օգնելու` վերակառուցելու քանդուածը: Նշենք, որ ցարդ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը Ստեփանակերտի եւ Մարտունիի մէջ նորոգած է 17 տուն:
«Սատարենք մեր հերոսներուն» բարեգործական Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը նախաձեռնած էր Նախիջեւանիկ գիւղի նոր թաղամասի կառուցման ծրագիրը 2021 թուականի յունուարին: Արցախի կառավարութեան կողմէ կազմակերպութեան նուիրուած էր 3 հեկտար հողատարածք», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին, կազմակերպութիւնը արդէն ամբողջացուցած է հողային ուսումնասիրութեան բոլոր աշխատանքները եւ 16 սեփական բնակելի տուներու` նոր թաղամասի, ինչպէս նաեւ` թաղային ենթակառուցուածքներու եւ հանրային զբօսայգիի համար մշակած է մանրամասն նախագիծներ եւ նախահաշիւ: Միեւնոյն ժամանակ, կազմակերպութեան դիմումին հիման վրայ, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ծրագիրը ճանչցուած է բարեգործական:
Նախիջեւանիկի մէջ հողային աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են: Այժմ կ՛իրականացուին հարթեցման եւ հիմերու հաստատման աշխատանքները:
Սուրբ Ծննդեան Տօնավաճառին Հասոյթը Պիտի Տրամադրուի Տեղահանուածներու Աջակցութեան Ծրագիրներուն
«Աւրորա»-ն եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակը պատերազմէն տուժած բնակչութեան աջակցութեան միտող ծրագիրներու կարգին կատարեցին Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառ, որմէ գոյացած հասոյթը` մօտաւորապէս 25 հազար տոլար, պիտի յատկացուի Հայաստանի մէջ ապրող տեղահանուած մարդոց աջակցութեան ծրագիրներուն:
Բարեսիրական տօնավաճառը տեղի ունեցաւ 12 դեկտեմբեր 2021-ին` իբրեւ հիմնական գործընկեր ունենալով «Թովմասեան» հիմնադրամը:
Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառին մասնակցեցան աւելի քան 80 գործընկեր` գրեթէ կէսը` Հայաստանի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններ, ներառեալ` ՄԱԿ-ի եւ «Աւրորա»-ի շահառուները: Աւելի քան հազար հոգի այցելեց բարեսիրական տօնավաճառ, ուր կը վաճառուէին հայկական արտադրութեան տարատեսակ ապրանքներ` միջոցներ հանգանակելու մարդասիրական ծրագիրներու եւ նպաստելու բարի գործին: