Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Համեստութեան Իշխան, Իշխան Մուրատեան

Դեկտեմբեր 22, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Իր մահէն 15 օր առաջ առաւօտեան սուրճի հիւրս էր Իշխան Մուրատեանը: Աւելի քան մէկ ժամ զրուցեցինք Լիբանանի հայութիւնը յուզող հարցերուն մասին: Խօսեցանք անցեալէն, իր հօր մասին, մանկութեան յիշատակներուն մասին: Ու երբ պիտի մեկնէր, գրասեղանիս վրայ պահարան մը սահեցնելով` ըսաւ. «Մինչեւ հոս հասնիմ, քանի մը ընտանիքի այցելեցի, այս ալ` ձեր գրասենեակին ճամբով, նայէ` ի՛նչ կ՛ընես: Կարիքները մեծ են: Գալ ամիս դարձեալ կը հանդիպիմ: Չեմ ուզեր յայտարարուի»:

Եւ գնաց Իշխանը, ու երկու շաբաթ ետք ան մեկնեցաւ այս աշխարհէն անակնկալ կերպով, անաղմուկ:

Մեկնեցաւ անաղմուկ, լռութեամբ, ինքզինքին եւ աշխարհին հետ հաշտ: Մեկնեցաւ անաղմուկ, այնպէս, ինչպէս իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ անաղմուկ:

Իշխան մարդ էր Իշխան Մուրատեանը:

80-ական թուականներուն մուտք գործեց մեր ազգային կեանքին մէջ: Զինք յաճախ կը տեսնէինք այդ օրերուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ հանգուցեալ ընկ. Երուանդ Մոնոֆարեանին գրասենեակը, համակիր այլ բարեկամներու հետ: Խօսակցութեան նիւթը ընդհանրապէս պատերազմի օրերու տագնապն էր եւ մեր ժողովուրդին տառապանքը: Մտածումներ կ՛արտայայտուէին, իսկ Իշխանը, իր լռութեամբ ծանօթ, ինք մտածումները կ՛ամբարէր եւ ժամանակ մը ետք, արդէն ծրագիրը մտքին մէջ,  գործնականացումի կը սկսէր:

Մեծ է Իշխան Մուրատեանի ներուժը Պուրճ Համուտի վերականգնման եւ շինարարական ճիգին մէջ, յատկապէս` զայն հայկական եւ հայաբնակ պահելու իմաստով: Իբրեւ կապալառու եւ մասնագէտ` ան բազում նախաձեռնութեանց դիմած է Պուրճ Համուտի եւ այլ հայաբնակ շրջաններու մէջ, միշտ նախապատուութիւնը տալով հայ ընտանիքին, հայ երիտասարդին կամ առեւտրականին:

Իսկ ազգային թէ կուսակցական մեր կեդրոնները չեն կրնար մոռնալ Իշխանին ներդրումը: Չկայ կառոյց, «Շաղզոյեան» կեդրոնէն սկսեալ, ուր Իշխան Մուրատեան իր քրտինքը չէ թափած, քար մը չէ աւելցուցած կամ բծախնդիր կերպով չէ հետեւած անոր կառուցման` նուազագոյնի իջեցնելով նախատեսուած ծախսերը: Աւելորդ է ըսել, որ Իշխանին չէիր կրնար հարց տալ` «Պարտքս ինչ է»: Գրեթէ ամօթխած, իր հայու եւ հաւատացեալ քրիստոնեայի համոզումով կը պատասխանէր.  «Ես առնելիք չունիմ, ես պարտական եմ հայութեան եւ Աստուծոյ»:

Նոյն վերաբերումը ունէր ան Ազգային առաջնորդարանի աշխատանքներուն մէջ: Իբրեւ անդամ Ազգային իշխանութեանց մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն` Իշխան Մուրատեան ոչ միայն գործօն մասնակցութիւն բերաւ, այլ նաեւ թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական զոհողութիւններով առաւելագոյնը տուաւ:

Բարերար էր Իշխան Մուրատեան, բառին վաւերական եւ արժէքային իմաստով: Թերթերու մէջ շատ քիչ կը հանդիպինք իր անունով կատարած նուիրատուութիւններու: Բայց, երբ տեսնենք «Ազգային մը», «Մի ոմն» կամ «Բարեկամ մը», եւ` յարաբերաբար մեծագումար նուիրատուութիւնը, վստահ եղէք,  որ ան Իշխանին նուէրն է:

Փառք, պատիւ, առաջին կարգի աթոռ կամ գովաբանութիւն խորշելի երեւոյթներ էին իրեն համար: Եւ Իշխան այս բաներուն մարդը չէր: Իրեն համար գործն էր կարեւորը, եւ գործը արդէն կը խօսէր:

«Քորոնա»-ի ամէնէն վատ օրերուն հետեւեալ մէսէյճը յղած էր ինծի 25 մարտ 2020-ին.

«… Առաքելութեան ես ալ կ՛ուզեմ մասնակցիլ, վաղը հաճիս մէկը ղրկէ, ես տունն եմ: Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի ընկ. Յակոբ: Յ. Գ. հաճիս անունս թող չյիշուի»: Ես անձամբ գացի եւ շէնքի մուտքին ստացայ նուիրատուութիւնը, որուն գումարը այդ օրերուն մեծապէս նպաստեց, որ կուսակցութիւնը կարենայ օժանդակել մեր հայրենակիցներուն` դիմադրելու համավարակին:

Իսկ 22 հոկտեմբեր 2020-ին կը գրէր. «Սիրելի՛ ընկերս, եթէ մարդիկ չուզեն տեսնել կատարուած աշխատանքը, Աստուած այնքան մեծ է, որ ամէն բան կը տեսնէ եւ կ՛օրհնէ»:

Այո՛, սիրելի՛ Իշխան, Աստուած քեզ այսօր վստահաբար շահեցաւ, ուր կ՛օրհնէ քեզ նմանները:

Վա՛րձքդ կատար:

Յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ, եւ մենք քեզ ու քու օրինակդ երբեք չենք կրնար մոռնալ:

 

Յ. Գ. Կը ներես, սիրելի՛ Իշխան, քու կամքիդ հակառակ, համեստութիւնդ վիրաւորեցի` անձնական օրինակներ տալով: Բայց գիտեմ միաժամանակ, որ կը հասկնաս:

Նախորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. Առաձգական Բանաստեղծութիւններ

Յաջորդը

Ճարտարարուեստի Արտադրութեանց Գործարարներուն Փոխատուութիւն Ապահովել Խոստանալով` Պուչիքեան. «Լիբանանեան Արտադրութիւններուն Մեծ Մասը Կը Վաճառուին Լիբանանի Մէջ»

RelatedPosts

Խենթերն Են Գտնում Հնար…
Անդրադարձ

Խենթերն Են Գտնում Հնար…

Մայիս 27, 2023
Պիտի Վերականգնենք Մայիս 28-ի Հանրապետութենէն Հասած Բոլո՛ր Աւանդները
Անդրադարձ

Պիտի Վերականգնենք Մայիս 28-ի Հանրապետութենէն Հասած Բոլո՛ր Աւանդները

Մայիս 27, 2023
Մտածմունքի Թափառումներ  (Մայիսի 28-ի Տարեդարձին Առիթով)
Անդրադարձ

Մտածմունքի Թափառումներ (Մայիսի 28-ի Տարեդարձին Առիթով)

Մայիս 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In