Մարդը Աւելի Գերակշիռ Արժէք Է, Քան` Առեւտուրն Ու Ճամբաները
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Աւելի քան մէկ տարի անցաւ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմ պարտուողական յայտարարութեան ստորագրութենէն, սակայն հակառակ այս իրականութեան, տակաւին անհետ կորսուած անձերուն փնտռտուքը չէ աւարտած, աւելի՛ն, գրեթէ ամէն օր տակաւին պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ դարձած շրջաններուն մէջ կը յայտնաբերուին նահատակուած հայ զինուորներու աճիւններ, իսկ ուրիշ բազմաթիւ յայտնաբերուած եւ պահուող աճիւններու ինքնութիւնը տակաւին կը մնայ անորոշ: Աւելի քան մէկ տարի անցաւ,...




















