ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հինգ տարիներ առաջ` 6 օգոստոս 2016-ին «Արեւմտահայերէնը` խօսիլ, գրել, կարդալ. համակարգիչը եւ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը» (1) խորագիրով «Ազդակ»-ի մէջ յօդուած մը գրած էի, որ խորագիրին համահունչ ախտաճանաչում եւ գործնական լուծումներ կ՛առաջարկէր թէ՛ հայերէնի գործածութիւնը խթանելու եւ թէ՛ ալ համակարգիչով անսխալ հայերէն գրելու մասին:
16 դեկտեմբեր 2021-ին «Ազդակ»-ի 41-րդ առցանց լսարանին նիւթն էր` «Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման նոր ուղղութիւններու խնդիրը», որ յատկացուած էր կրթական եւ հայերէն լեզուական հարցերու, նաեւ` համացանցային դասաւանդութեան. դասախօսն էր Երեւանի պետական համալսարանի եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի դասախօս, լեզուագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը (2): Մեկնելով դասախօսին եւ շատերուս մտահոգութենէն` համակարգիչով լատինատառ, պիտի աւելցնեմ, նաեւ ռուսատառ «հայերէնի» գործածութեան, անհրաժեշտ կը գտնեմ կրկին ախտաճանաչում կատարել եւ լուծումներ առաջարկել:

Ստորեւ ամփոփ պատմական ակնարկ մը` հայերէնով համակարգչային գործնական միջոցներուն մասին.
- Սեղանի անձնական համակարգիչները առաջին անգամ 1981-ին ԱյՊիԷմ 5150-ով հանրութեան մատչելի դարձան:
- Առաջին ծնկադիր նախնական համակարգիչը (laptop) 1982-ին արտադրուեցաւ:
- Թէեւ 1971-ին առաջին ե-նամակը ղրկուեցաւ, սակայն անձնական, սեղանի համակարգիչներու միջոցով` 1988-ին (Մայքրօսոֆթ): Ուրեմն 1988-ին սկսաւ լատինատառ հայերէնի գործածութիւնը, երբ համակարգչային հայերէն տառեր տակաւին չկային:
- Կարելի չեղաւ համակարգչային առաջին հայերէն տառատեսակին (font) ստեղծումին թուականը ճշդել, սակայն` 1992-ին արդէն գոյութիւն ունէր եւ կը գործածուէր, սակայն` առանց հայատառ ֆիզիքական ստեղնաշարի, այլ` համակարգիչի պաստառին վրայ երեւցող դասական ստեղնաշարով մը` Արմինիըն Էն Էլ Էս (Armenian NLS)-ի նման, որուն տառերը մէկ-մէկ «մուկ»-ին միջոցով կը զատէինք ու նախադասութիւններ կը կազմէինք, ապա ընդօրինակելով` կը փակցնէինք էջին վրայ: Աւելի ուշ հարիւրաւոր տեսակի հայերէն համակարգչային ընդհանուր չափանիշով տառատեսակներ պատրաստուեցան:
- Բջիջային հեռաձայն-համակարգիչներ պաստառին դպնալով գրելու յատկութիւնով հնարուեցաւ 1992-ին:
- Այժմու բջիջային հեռաձայն-համակարգիչները հայերէն ֆոնեթիք ստեղնաշարով օգտագործելի դարձան 2011-էն ետք:

Ուրեմն առնուազն 28 տարի է, որ համակարգչային հայերէն տառատեսակներ ունինք, սակայն օտար լեզուներու նման` հայերէն տառերով, ֆիզիքական ստեղնաշարը չենք ունեցած եւ չունինք, որ հեզասահ կերպով, այնպէս, ինչպէս ստեղնաշարի մը միջոցով անգլերէն կամ ռուսերէն տառերը տեսնելով կը գրենք, հայերէն գրենք: Ինծի նման հայկական միջավայրի մէջ ապրողներ համակարգիչի լատինատառ ստեղնաշարին վրայ հայերէն կպչուն տառեր կը փակցնեն 25 տարիէ ի վեր: Տեղեակ չեմ, թէ այս կպչուն տառերը հայկական սփիւռքի բոլոր շրջաններուն մէջ կը գտնուի՞ն, թէ՞ ոչ:
Այս է գլխաւոր պատճառը, որ լատինատառ կամ ռուսատառ հայերէն գրելը ծնունդ առաւ, եւ աւելի ահաւորը, ատոր պատճառով հնչիւնային` ֆոնեթիք հայերէն ստեղնաշարը ծնունդ առաւ: Նախապէս հայերէն գրամեքենաներուն շարուածքը, որուն վարժուած էին գործածողները, այժմ երկու ընտրութիւն ունին` 1. դասական գրամեքենայի շարուածքը եւ 2. ֆոնեթիք շարուածքը, որ կը համապատասխանէ անգլերէնի հնչումին. այսպէս` Ա-A, Զ-Z, սակայն Ը, Խ, Ծ, Ձ, Ղ, Շ, Չ, Ջ, Ց, Ւ տառերուն, ինչպէս նաեւ նմանաձայն տառերէն ոմանց համապատասխան անգլերէն տառեր չգտնուելուն` անոնք կը զետեղուին այլ կոճակներու վրայ: Իսկ տառերու հնչումի տարբերութեան պատճառով արեւելահայերէն «Ֆոնեթիք» ստեղնաշարը նաեւ երրորդ` տարբեր շարուածք ունի: Նախընտրելի է դասական գրամեքենայի շարուածքը, որ օգտագործելի էր առաջ, հայերէնի երկու ճիւղերուն համար, այս ձեւով գոնէ գործնական «միասնութիւն» մը կը կարենանք կիրարկել:
Եզրակացութիւն 1. Երբ համակարգչային առցանց հաղորդակցութիւնը սկսաւ, համակարգչային հայերէն տառերը պատրաստուած էին, սակայն մինչեւ այս պահը` 28 տարի է, որ հայերէն տառերով սեղանի ստեղնաշար գոյութիւն չունի, չի վաճառուիր, պէտք է յատուկ ապսպրել: Ճիշդ է, որ այժմու բջիջային ձեռքի համակարգիչները հայերէն ստեղնաշար ունին, սակայն կարելի չէ այդ միջոցով յօդուած կամ գիրք գրել: Ուրեմն այս պատճառով լատինատառ հայերէնը «զարգացաւ»:
Զարմանալի է, որ Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ «ՏՏ ոլորտով» եւ «Թումօ» կեդրոններով անդադար կը հպարտանանք, սակայն հայերէն գրելու դիւրին միջոցը` ստեղնաշարը տակաւին չունինք… Կը նմանի այն մարդուն, որ գեղեցիկ նորոյթ ինքնաշարժ ունի, սակայն անոր բանալին չունի, պէտք է գողի նման զարտուղի միջոցով աշխատեցնէ զայն: Անհաւատալի` բայց իրաւ. Հայաստանի մէջ հազարաւոր պետական, վարչական, կրթական սեղանի համակարգիչներ կը գործածուին, որոնց ստեղնաշարերը հայերէն տառերով չեն օժտուած… Գործածողը պէտք է տառերուն կոճակները գոց սորվի, կամ կպչուն տառեր փակցնէ: Ինչո՞ւ…

Երկրորդ համակարգչային ցարդ անբուժելի աղէտը ՏՈՂԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆ է:
Մեր այդ հռչակաւոր «ՏՏ ոլորտ»-ի մասնագէտները տակաւին չեն պատրաստած անգլերէնի նման հայերէնի տողադարձութեան հանրութեան մատչելի ծրագիր մը: Տպագրութեան համար «Ատոպ ԻնՏիզայն» ծրագիրը շատ աւելի նպաստաւոր յարմարութիւններ ունի, «Եունիքոտ»-ը իր բոլոր տառատեսակներով կ՛ընդունի եւ այլն, սակայն կրկին տողադարձի դժուարութիւնը կը յամենայ: Տպագրական աշխատանքի համար երբեմն համակարգիչով ղրկուած գրութիւնները վերոնշեալ պատճառներով կրկին կը շարուին. ահաւոր ժամանակի կորուստ:
Համակարգիչի եւ թուայնացման այս տարիներուն շատ ետ մնացած ենք հայերէն գրելու եւ հրատարակելու ծրագիրներուն եւ միջոցներուն մէջ: Հայերէնի տողադարձի ծրագիր մը պատրաստուած է, սակայն անոր կիրարկումը ձեռքով շարելէն աւելի ժամանակ կը խլէ ու գործնական չէ:
«Ազդակ»-ի այս տեսական լեզուական թուայնացման լսարանին կողքին անհրաժեշտ է նաեւ լսարաններ կազմակերպել` համակարգչային մասնագէտներու մասնակցութեամբ, լուծումներ գտնելու հայերէնի համակարգչային գործածութեան թերիներուն մասին եւ լուծումներ որոնել, որոնք, վստահ եմ, բնաւ մեր կարողութիւններէն վեր չեն:
Համացանցը եւ համակարգիչը հիանալի հնարաւորութիւններ կ՛ընծայեն հայերէնով գրելու, հաղորդակցելու, կարդալու, խօսելու եւ մտածելու: Հիմնական հարցը պատճառարկումի (motivation), պահանջի եւ մրցակցութեան բացակայութեան մէջ է, որոնք կարելի եւ անհրաժեշտ է հայ անհատին մէջ խթանել, զարգացնել:
Այս հարցին ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները կ՛ենթադրեն լրջագոյն մօտեցում, որովհետեւ հարցը կը վերաբերի մեր ազգային ինքնութեան, մեր անփոխարինելի ժառանգութեան` հայերէնին:
21 դեկտեմբեր 2021
haroutchekijian.wordpress.com
(1) https://www.aztagdaily.com/archives/308135